Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանը Կը Պատրաստուի Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովին

Օգոստոս 17, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան որոշումով գումար պիտի յատկացուի Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութեան` 2018-ին  Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու 17-րդ վեհաժողովի նախապատրաստման եւ կազմակերպման հետ կապուած ձեռնարկներու իրականացման նպատակով: Հիմնաւորման համաձայն, վեհաժողովի նախապատրաստական եւ կազմակերպման ձեռնարկներու իրականացման նպատակով 2018-ին Հայաստանի պետական պիւտճէով Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յատկացուած է 1.438.354,5 հազար դրամ: Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարութիւն ներկայացուած նախահաշիւի նախագիծէն ետք, Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան քարտուղարութեան, ֆրանսական «ԱԺԱՆՍ ՓՈՒՊԼԻՔՍ-ԿՐՈՒՓ» ընկերութեան ներկայացուցիչներու հետ միասին, վեհաժողովի եւ յարակից ձեռնարկներու ծրագիրներուն մէջ կատարուած են բազմաթիւ յստակացումներ` կապուած մասնակից 84 երկիրներու, շուրջ երկու տասնեակ այլ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու  մասնակցութեան ձեւաչափին հետ, որոնց հիմամբ հաւանական են յատկացուած գումարի շրջագիծին մէջ կատարուող աշխատանքներու եւ ծառայութիւններու յաւելումներ եւ ծախսային վերաբաշխումներ, ինչպէս նաեւ յաւելեալ ծախսեր` կապուած Ֆրանսախօս լրագրողներու միութեան քոնկրեսի կազմակերպման (շուրջ 300 յաւելեալ լրագրողներու կողմէ  վեհաժողովի եւ յարակից ձեռնարկներու լուսաբանում), Ֆրանսախօս աւանի կառուցման եւ գործունէութեան, Հանրապետութեան հրապարակին մէջ կալա-համերգի բեմի կառուցման եւ թեքնիք  յագեցուածութեան, Ֆրանսախօս երկիրներու տնտեսական ֆորումի կազմակերպման հետ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հարցումին ի պատասխան` արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան նշած է. «Մենք ամբողջովին վստահ ենք, որ մեր նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ կ՛ապահովենք վեհաժողովի պատշաճ եւ որակեալ կազմակերպումը: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել աշխատանքները համակարգող բոլոր գործընկերներուն: Արդէն ունինք զգալի թիւով բարձր մակարդակով պատուիրակութիւններու  հաստատումներ: Բովանդակային առումով նոյնպէս յառաջդիմութիւն կայ: Վստահ ենք, որ պիտի ապահովենք արդիւնաւէտ վեհաժողով նաեւ բովանդակային առումով: Ատիկա կատարելու համար ունինք ամբողջ մարդուժը եւ կարողութիւնը»:

Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Ավինեան նշած է, որ Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու շրջագիծին մէջ տեղի կ՛ունենան շաբաթական հանդիպումներ եւ վստահեցուցած է, որ վեհաժողովը պիտի կազմակերպուի բարձր մակարդակով: «Պիտի ունենանք աննախադէպ վեհաժողով, որուն ներկայ պիտի ըլլան տասնեակ երկիրներու  ղեկավարներ», ընդգծած է փոխվարչապետը:

Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանապետ Վալերիյ Օսիպեանն ալ աւելցուցած է, որ ոստիկանութիւնը պատրաստ է ձեռնարկներուն: «Մեր ուժերն ու միջոցները բաւարար են, որ օդակայանէն սկսեալ բարձր մակարդակով ապահովենք հասարակական կարգն ու անվտանգութիւնը», նշած է ոստիկանապետը:

Հայաստանի փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարար Աշոտ Յակոբեանն ալ տեղեկացուցած է, որ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը պատշաճ ձեւով պիտի սպասարկէ ամբողջ ծանրաբեռնուածութիւնը: Ըստ անոր, լուծուած է նաեւ վեհաժողովի տարածքը «Ուայ-Ֆայ» ցանցով ապահովելու խնդիրը:

 

 

Նախորդը

Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Փութինի Հետ

Յաջորդը

Վահան Յովհաննիսեանի Ծննդեան Տարեդարձի Նշում «Այսօր Վահան Յովհաննիսեանի Կարիքը Կայ, Եւ Ատիկա Զգալի Է Նաեւ Բարոյական Առումով» Ըսաւ Արտաշէս Շահբազեան

RelatedPosts

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին
Հայկական

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?