Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վահան Յովհաննիսեանի Ծննդեան Տարեդարձի Նշում «Այսօր Վահան Յովհաննիսեանի Կարիքը Կայ, Եւ Ատիկա Զգալի Է Նաեւ Բարոյական Առումով» Ըսաւ Արտաշէս Շահբազեան

August 17, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, բազմավաստակ պետական, կուսակցական եւ հասարակական գործիչ Վահան Յովհաննիսեանի ծննդեան օրն էր: Ան պիտի ըլլար 62 տարեկան:

Ընտանիքի անդամները, թոռնիկները, զինակից եւ կուսակից ընկերները  երէկ այցելած էին Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմը` ծաղիկներ խոնարհելու, աղօթելու եւ խնկարկելու անոր յիշատակը:

«Այսօր, իսկապէս, Վահան Յովհաննիսեանի կարիքը կայ, եւ ատիկա զգալի է նաեւ բարոյական առումով: Այս դաշտը, որ ունինք այսօր, շատ կը շեղի իր բարոյական չափանիշներէն, եւ Վահան Յովհաննիսեանի պէս մարդ մը այսօր շատ պէտք էր մեր կողքին», «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Վահան Յովհաննիսեանի կուսակից ընկեր Արտաշէս Շահբազեան:

«Այսօր մեր շրջապատին մէջ յաճախ կը լսենք այն արտայայտութիւնները, թէ «ափսոս` Վահանը հիմա չկայ», «Վահանը հիմա ըսելիք պիտի ունենար»: Իսկապէս, մեր քաղաքական կեանքին մէջ ինք ունէր իր տեղը, փնտռուած էր եւ սպասուած: Մարդիկ կը սպասէին իր խօսքին, շատ կարեւոր էր իր տեսակէտը», նշեց Շահբազեան:

Անդրադառնալով Վահան Յովհաննիսեանի մտաւորական կերպարին` Շահբազեան ընդգծեց, որ ան, իբրեւ քաղաքական գործիչ, ունէր մտաւորականի «խորքը»` երեւոյթներուն նայելու, ըլլալու շրջահայեաց, չշտապելու ու ըսուած խօսքը կշռելու եւ ծանր խօսք ըսելու:

«Վահանը մեզի համար տարիներու ընկեր էր, որ կենսագրութիւն ստեղծեց, որ կերտեց ամէնէն դժուար ժամանակներու ընթացքին: Ան ամէնէն պատասխանատու գործերուն մէջ ըլլալով, ամէնէն պատասխանատու գործերը ստանձնելով` նաեւ կրցաւ ճանչցուած եւ սիրելի դառնալ մեր ժողովուրդին համար, որովհետեւ իր մէջ իսկապէս տեսան մարդը, որ ոչ թէ խօսքով հայրենասէր էր, ոչ թէ խօսքով եւ պաշտօնով քաղաքական գործիչ էր, այլ` իր անցած ուղիով, որ կը սկսէր Արցախով եւ կ՛անցնէր դժուար ժամանակներով»:

Ան նաեւ անդրադարձաւ Վահան Յովհաննիսեանի գրականութեան: «Վահանը շատ կարեւոր ըսելիքով ուղերձ ունեցող գիրք գրեց: Ատիկա ոչ միայն մեր, այլեւ` հայ ժողովուրդի դերի եւ պատմական արժէքի մասին է, անցեալի եւ ապագայի», նշեց Շահբազեան` խօսքը եզրափակելով.  «Այնպէս որ, Վահանը բազմազան էր եւ բազմաշնորհ»:

 

Նախորդը

Հայաստանը Կը Պատրաստուի Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովին

Յաջորդը

Ռոպերթ Քոչարեան. «Մենք Պարզապէս Ջախջախած Ենք Մեղադրանքը, Քար Քարի Վրայ Չենք Ձգած»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.