Քրեմլինի կայքը կը հաղորդէ, որ հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ:
Քննարկուած են երկկողմանի օրակարգին առնչուող արդիական հարցեր, որոնց կարգին` միացեալ համարկումի միաւորումներու, յատկապէս` ՀԱՊԿ-ի շրջագիծին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը: