Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Անգարայի մէջ 14 օգոստոսին հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ: Փակ դռներու ետին տեղի ունեցած է հանդիպում մը, որմէ ետք տեղի ունեցած է նախարարներուն միացեալ մամլոյ ասուլիսը: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը:
Նախարարները յայտնած են, որ քննարկած են ռուս-թրքական յարաբերութիւններու առանցքային հարցերը, ինչպէս նաեւ շրջանային շարք մը խնդիրներ, ներառեալ` Արցախի տագնապը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքի իրավիճակը եւ Ուքրանիոյ հարցը:
«Էրմենիհապեր» կը նշէ, թէ յատկանշական է, որ միայն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, թէ քննարկուած է Արցախի տագնապը, մինչ Չաւուշօղլու որեւէ կերպով չէ անդրադարձած Արցախի հիմնահարցին: