ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Անակնկալ հարցով մը պիտի զբաղիք: Ձեր ջիղերուն տէր եղէք եւ պատասխանատուութենէ մի՛ փախչիք: Անհասկացողութենէ զգուշ եղէք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Լուսարձակները ձեր վրայ պիտի կեդրոնանան: Իրականութիւնը դիմակայեցէք հանդարտութեամբ, առանց մեղադրանքներու: Ձեր տկարութիւնը մի՛ բացայայտէք: Ձեր ծնողներէն մէկուն համար պիտի տագնապիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Համաձայնագիր մը պիտի կնքէք: Յարաբերաբար ձեր պայմանները պիտի լաւանան, բայց պարտաւոր էք լսել ուրիշներուն կարծիքը եւ համակերպիք անոնց: Սերտեցէք մանրամասնութիւնները:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր օգուտին համար ձեր ջիղերը զսպեցէք: Դժուար պայման մը պիտի ունենաք: Գաղտնիք մը պիտի պահէք: Զիջումներ պիտի կատարէք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մթնոլորտը տագնապալի պիտի ըլլայ: Պիտի ունենաք կարեւոր հանդիպում մը, որ պիտի աւարտի պայմանագիրի ստորագրութեամբ: Մի՛ զայրանաք եւ հանգիստ եղէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի ուրախանաք հարցի մը լուծումով: Հաշտութիւն կնքելու համար յարմար շրջան է: Թոյլ մի՛ տաք, որ ճնշումները ազդեն ձեր վրայ: Ընկերային կամ ընտանեկան հարցով մի պիտի զբաղիք: Պայմանները դրական պիտի ըլլան:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Քմահաճ պիտի դառնաք այս օրերուն: Եթէ ձեր ջիղերը չզսպէք, բացասական ազդեցութիւն պիտի կրէք: Անձնական հարցեր մի՛ յարուցէք: Ձեր խաղաղութիւնը վտանգի մի՛ ենթարկէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պայմանները պիտի փոխուին, եւ դուք պիտի տագնապիք անձնական գետնի վրայ: Հոգատարութեան կարիքը պիտի զգաք եւ պիտի վերադառնաք ձեր ընտանեկան տաքուկ բոյնին: Դժուար շրջան մըն է յարաբերաբար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ չափազանցէք ձեր ծախսերը: Զոհողութիւններ կատարեցէք: Հին պարտք մը պիտի վճարէք: Կարեւոր է ամրապնդէք ձեր անձնական եւ աշխատանքային դիրքը: Քննութեան պահեր պիտի ապրիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նիւթական դժուարութիւններէն ուշադիր եղէք: Դասաւորեցէք ձեր ժամանակը եւ մանրամասնութիւնները զննեցէք, որպէսզի սխալներ չգործուին: Մի աճապարէք, եթէ ձեր գործերը չեն աւարտած:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ամսուան ամէնէն դժուար օրերէն մէկն է: Նոր ծրագիրի մի՛ սկսիք, այլ միայն աւարտեցէք ձեր գործերը: Գողութենէ զգուշ եղէք: Ամսուան նուազ բախտաւոր օրերէն մէկն է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր ընթացքը պիտի դանդաղի զգալի չափով: Նուազ աշխուժութիւն եւ եռանդ պիտի ունենաք: Ձեր գործերը պիտի ուշանան: Մի՛ ստորագրէք պայմանագիր, եւ նոր գործի մի՛ սկսիք: Բացասական շրջան մըն է: