Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ երեխաները, բացի խաղալիքներէ, ուրիշ բաներու ալ կարիքը ունին: Մտաւոր, յուզական եւ ֆիզիքական բնականոն զարգացման համար անոնք ունին խօսքերու կարիքը (երգեր, գիրքեր, օրօրոցայիններ, պատմութիւններ, կամ պարզապէս` զրոյց): Զրոյցները կը զարգացնեն ոչ միայն երեխային խօսքը, այլեւ` անոր ընդհանուր մտային կարողութիւնները:
– Երեխային հարկաւոր է ծնած օրէն իսկ շրջապատել գիրքերով: Գիրքերը պէտք է ըլլան մահճակալին մօտ, ինքնաշարժին եւ նոյնիսկ լոգարանին մէջ: Անհրաժեշտ է նաեւ օրական առնուազն անգամ մը գիրք կարդալ երեխային:
– Երեխային հետ խօսելու ատեն հարկաւոր է օգտագործել դիմախաղ եւ շարժուձեւեր: Ասոնք կ՛օգնեն աւելի լաւ ընկալելու բառերուն եւ արտայայտութիւններուն իմաստը:
– Խօսքի մէջ պէտք է օգտագործել նոր բառեր, զանոնք կարելի է ամրապնդել երգի կամ գծագրութեան ճամբով:
– Երեխային հետ պէտք է յաճախ խօսիլ, հարցեր տալ, մղել տալ, որ արտայայտուի, կարծիք յայտնէ:
– Շատ կարեւոր է երեխային հետ այցելել գրադարաններ, գրախանութներ, ուր ան առիթը կ՛ունենայ գիրքերուն հետ մօտէն շփուելու, շօշափելու, թերթատելու… Այսպիսով, ան քիչ-քիչ կ՛ընտելանայ գիրքերուն հետ:
– Օրուան ընթացքին պատկերասփիւռը շատ քիչ ժամանակ պէտք է խլէ երեխայէն. պատկերասփիւռը շատ վատ ազդեցութիւն կը գործէ երեխային եւ անոր մտաւոր գործունէութեան վրայ:
Երեխային մէջ գիրքի հանդէպ սէր արթնցնելը չափազանց կարեւոր է անոր մտային կարողութիւններու զարգացման համար: Հետեւեցէ՛ք այս խորհուրդներուն, եւ տարիներ անց ան վստահաբար պիտի գնահատէ ձեր ջանքերը:
«Երեւան Տարազֆեստ»
Յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով` օգոստոս 4-ին Հիւսիսային պողոտային վրայ կայացաւ «Երեւան տարազֆեստ» փառատօնը: Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս փառատօնը բաղկացած էր երկու մասէ` ցուցահանդէս-տօնավաճառէ եւ հայ ձեւագէտներու ստեղծագործութիւններու տողանցքէ:
Այս տարի փառատօնին մասնակցեցան 25 տաղաւարներ, ուր ներկայացուած էին Հայաստանի մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու, բայց նաեւ Ղազախստանի, Հնդկաստանի, Լեհաստանի եւ այլ երկիրներու ազգային տարազներու հետաքրքրական նմուշներ:
Այս փառատօնին մասնակցելու նպատակով Սպանիայէն Երեւան ժամանած էր Վիեննայի քաղաքապետարանի զբօսաշրջութեան բաժնի պատասխանատու Մերսետես Մենոր Սեզպեթեսը, որ հիացած էր հայկական տարազներու գեղեցկութեամբ: «Շատ ուրախալի է, որ Երեւանի մէջ կը շեշտուի կարեւորութիւնը ազգայինին, աւանդականին, եւ համադրուելով ժամանակակից ոճերուն հետ` կը ստացուին շատ գեղեցիկ եւ ինքնատիպ նմուշներ», յայտնած էր ան: Սեզպեթեսը իր կարգին Սպանիայէն բերած էր ազգային տարազի նմուշներ, որոնք ցուցադրուեցան սոյն փառատօնին ընթացքին:հետաքրքրական նմուշներ:
Հետաքրքրական
Հայաստանի Նորածինները
Հայաստանի մէջ 2018 թուականի առաջին կիսամեակին ծնած են 16 հազար 189 երեխայ, որոնցմէ 7 հազար 648-ը աղջիկ, 8 հազար 514-ը` մանչ, կը տեղեկացնէ Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը:
Այս ժամանակահատուածին նորածին աղջիկներուն ամէնէն շատ տրուած անուններն են` Նարէ, Մարիա, Մարի, Մանէ, Էլեն, Անահիտ, Անժելինա, Եւա, Անի…
Նորածին մանչերու պարագային անուններու առաջին տասնեակը կը գրաւեն` Դաւիթ, Նարեկ, Մարգ, Տիգրան, Ալեքս, Հայկ, Արթուր, Գոռ, Արէն եւ Արամ անունները:
***
«Ես Երբեք Չեմ Լքել Հայաստանը»
«Ես երբեք չեմ լքել Հայաստանը եւ իմ «բացակայութիւնը» դիտարկում եմ որպէս գործուղում», յայտնեց հանրայայտ օփերայի երգչուհի Յասմիկ Պապեանը, որ, ինչպէս ամէն տարի, Հայաստան ժամանած է իր տարեկան արձակուրդը անցընելու համար:
Երգչուհին այս առիթով այցելեց Արցախ, ելոյթ ունեցաւ Շուշիի կերպարուեստի թանգարանին մէջ, շրջեցաւ քաղաքները, այցելեց սահմանամերձ զօրամասերէն մէկը, հանդիպեցաւ զինուորներուն եւ նորակոչիկներուն հետ, իր ներկայութեամբ եւ լուսաւոր զրոյցներով ոգեւորեց դիրքեր մեկնող տղաքը:
Առողջապահական
Կը Փափաքի՞ք Երկար Ապրիլ…
Աշխարհի երեսին ճափոնցիները յայտնի են իրենց երկարակեցութեամբ եւ առողջութեամբ: Տեսէ՛ք, թէ ի՛նչ կը թելադրեն ճափոնցի փորձառուներ` կեանքի որակն ու մարմնին դիմադրականութիւնը բարելաւելու համար:
– Հեռախօսը դրէք ձախ ականջին:
– Օրուան ընթացքին բաւարարուեցէք մէկ գաւաթ սուրճով:
– Դեղահատերը պաղ ջուրով մի՛ կլլէք:
– Երեկոյեան ժամը 5:00-էն ետք բան մի՛ ուտէք:
– Իւղոտ կերակուրներ քիչ կերէք:
– Շատ ջուր խմեցէք առաւօտեան, եւ քիչ` երեկոյեան:
– Քնանալու լաւագոյն ժամանակահատուածը իրիկուան ժամը 8:00-էն առաւօտեան ժամը 6:00-ն է:
– Հեռախօսի լիցքաւորման սարքերէն հեռու մնացէք:
– Հեռախօսով մի՛ խօսիք, եթէ անոր լիցքաւորումը միայն 1 առ հարիւր է, քանի որ նման պարագայի հեռախօսին ճառագայթումը 1000 անգամով աւելի բարձր կ՛ըլլայ:
Ճափոնցիք նաեւ կը ջանան բնական միջոցներով բուժել կարգ մը հիւանդութիւններ: Ստորեւ` բուժիչ հիւթերու ցանկ մը.
– Ստեպղին + կոճապղպեղ + խնձոր. կը բարելաւէ եւ կը մաքրէ մարմնի դիմադրական համակարգը:
– Խնձոր + վարունգ + նեխուր. կը կանխարգիլէ քաղցկեղը, կը չքացնէ ստամոքսի բորբոքումները եւ գլխացաւը:
– Անանաս + խնձոր + ձմերուկ. մարմնէն դուրս կը բերէ աւելորդ աղերը:
– Խաղող + ձմերուկ + կաթ. կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը եւ կը խթանէ բջիջներու գործունէութիւնը:
– Խնձոր + վարունգ + քիուի. կը բարելաւէ մորթին գոյնը եւ զայն կը պաշտպանէ ջրազրկումէ:
Ճափոնցիները նաեւ խորհուրդ կու տան առտու կանուխ արթննալէ անմիջապէս ետք, անօթի փորով ջուր խմել. անոնք մեծ կարեւորութիւն կու տան ջրաբուժութեան: Վերջապէս, անոնք կը թելադրեն օրական առնուազն կէս ժամ մարզանք ընել` ըստ տարիքի եւ առողջական վիճակի:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ
Քափ քէյքի թուղթէ տակդիրները այլ բաներու ալ կարելի է օգտագործել: Ինչպէս նկարները կը հաստատեն, զանոնք կարելի է գործածել որպէս բաժակի կափարիչ` ամրան տաք օրերուն խմիչքն ու բաժակը ճանճերէն պաշտպանելու համար եւ կամ` որպէս փոքրիկ աման, որպէսզի հալող պաղպաղակը չաղտոտէ ձեր երեխային ձեռքերն ու հագուստը:
***
Պանիրը քերոցէ անցընելէ ետք քերոցին ծակերը կը խցուին եւ դժուար կը մաքրուին: Նման պարագայի, առէք հում գետնախնձոր մը եւ քերոցէն անցուցէք. պիտի նկատէք, որ դժուարութիւնը փարատած է:
***
Եթէ բաժակները լուալու ժամանակ բաժակ մը ձեր ձեռքէն սահեցաւ ու փշրուեցաւ, առէք ֆրանսական հացի կտոր մը եւ անոր միջոցով հաւաքեցէք փշրանքները` առանց ձեր մատները վիրաւորելու:
***
Ամրան եղանակին կանաչեղէնները կը տուժեն եւ աւելի արագ կը թօշնին: Այս անպատեհութեան առաջքը առնելու համար անանուխը, ազատքեղը կամ ռեհանը փոքր փունջերով զետեղեցէք ջուրով լեցուն ապակեայ շիշերու մէջ. այսպէսով անոնք աւելի երկար կը դիմանան:
Խոհագիր
Լոլիկ, Մոցարելլա, Ռեհան…
Դիւրին եւ շատ արագ պատրաստուող այս փոքրիկ թարթերը շատ աւելի առողջապահական են, քան` շուկայէն գնուած իւղոտ փիցցաները: Փորձեցէք եւ դուք ալ պիտի համոզուիք…
Բաղադրութիւն
1 ծրար սառած փաթ պրիզէ խմոր
2 պճեղ սխտոր
Փունջ մը թարմ ռեհան
Ձէթ
Հասուն լոլիկներ
Մոցարելլա պանիր
Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Փաթ պրիզէ խմորը բանալ, փոքրիկ կաղապարներու չափով կտրտել, նախապէս կարագով ծեփուած կաղապարներուն մէջ տեղաւորել եւ պատառաքաղով ծակծկել:
Փոս ամանի մը մէջ ճզմել սխտորները, աւելցնել մանրուած թարմ ռեհանը, 50 մլ ձէթ աւելցնել, խառնել:
Խոհանոցի վրձինի մը միջոցաւ ծակծկուած խմորները վերոյիշեալ թանձրուկով ծեփել, աւելցնել մանր ջարդուած հասուն լոլիկը եւ տաշուած մոցարելլան, կրկին ծեփել թանձրուկով եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել շուրջ 30 վայրկեան:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Համաշխարհային Վիշտը
Ծով ձգել կ՛ուզէր ձկնորսն իր շանը
Տես դու ապերախտ աշխարհի բանը,
– Շատ է զառամել` ինձ պէտք չի գալու`
Գող ու գայլի հոտ էլ չի զգալու
Իր քթի տակ էլ`
Շան օրն է ընկել,
Էլ տուն չի պահում, ու մարդ անբանը
Նաւակից դէպի ծովը հրեց շանը,
Թշնամու նման
Ծովն հրեց նրան`
Իր հաւատարմին,
Իր հին մտերմին:
Ապշեց մի վայրկեան դողահար շունը,
Նա, որ տարիներ պահում էր տունը,
Հսկում էր քունը տիրոջ ապիկար,
Գայլի հոտն անգամ չէր թողնում մօտ գար,
Ձմրան գիշերն էլ` հազար գայլով լի,
Բայց օր ծերութեան… հանդիպեց գայլին:
Սկսուեց մի խօլ գօտեմարտ լրին,
Բայց կարծես, աստուած ուժ տուեց գամփռին:
Մարդը հրում էր, որ ծովը ձգէ,
Շունը ճգնում էր, որ կեանքը փրկէ,
Տիրոջն էր կպչում` կառչում թաթերով,
Լու կատաղութեամբ եւ թէ լուռ սիրով,
Նոյնիսկ աչքերում արցունք երեւաց…
Բայց, երբ որ մարդն էլ կատաղեց, հեւեց,
Երբ անսիրտ մարդն էլ անմիտ կատաղեց,
Ծռուեց նաւակը, շուռ եկաւ, թաղուեց,
Ծովն ընկաւ մարդն էլ, բայց տես` ինչ տեսաւ`
Շունը խեղդուող տիրոջը հասաւ,
Բերանով իսկոյն բռնելով մարդուն,
Լողալով նրան դուրս բերեց ծովից,
Եւ ինքը մեռաւ իր սրտի… ցաւից:
– Երնէկ կրծքի տակ մարդկութեան այս բիրտ,
Բաբախեր այսքան շնամեծ մի սիրտ
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ
https://www.youtube.com/watch?v=ADZZx7X49s4