ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կարեւոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Նոր գործ մը պիտի սկսիք կամ մեծ պատասխանատուութիւն մը պիտի ունենաք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Միշտ բարի կամեցողութիւն ունեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ: Աւելի համարձակ եղէք: Կարեւոր ծրագիր մը պիտի յաջողցնէք: Ձեր զգացումները պիտի նորոգուին եւ վստահութիւնը պիտի ամրապնդուի: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շուտով ձեր սխալները սրբագրեցէք: Ապերախտ մի՛ գտնուիք ձեր ընտանիքին ու հարազատներուն հանդէպ: Իրար մի՛ անցնիք, եթէ ծանր ու մեծ պատասխանատուութեան դիմաց գտնուիք: Անձնական գետնի վրայ տագնապ մը պիտի ապրիք: Անձնական կամ ընտանեկան ծրագիր մը ունիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յստակ եղէք ձեր գործին մէջ: Պատրաստ եղէք որեւէ անակնկալ արկածի: Եթէ կ՛ուզէք յաջողիլ ձեր գործին մէջ ու ընկերներ սիրաշահիլ, ճկուն վարուելակերպ որդեգրեցէք: Ամսուան յաջող օրերէն մէկն է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր նիւթական վիճակին հոգ պիտի տանիք: Հին պարտքեր ստիպուած պիտի վճարէք: Վարչական կիսատ մնացած գործ մը պիտի ամբողջացնէք: Խանդավառ էք ամրապնդելու ձեր պայմանները:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ, որովհետեւ լուսինը ձեր աստղին մէջն է: Հանգիստ ու ինքնավստահ պիտի զգաք: Խանդավառ էք ու պատրաստ` նոր ու համարձակ քայլ առնելու: Ամսուան գեղեցիկ օրերէն մէկն է: Կ՛աշխատիք ամէն գնով զարգացնել ձեր կեանքը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Թշնամական կեցուածք մի՛ որդեգրէք: Այս շրջանը պարապ է բախտէ: Ձեր ճիգերը ապարդիւն դուրս պիտի գան, եւ ձեր փորձերը պիտի ձախողին: Պայմանագիր մի՛ ստորագրէք եւ պատասխան ալ մի՛ տաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մինակ մի՛ մնաք. մասնակցեցէք եւ շինիչ դեր ունեցէք ձեր շրջապատին եւ հասարակութեան մէջ: Աչքառու ներկայութիւն մըն էք ձեր շրջանակին մէջ: Զանց մի՛ առնէք ընկերային հաւաքները:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Անձնական կամ աշխատանքային անհամութիւններ պիտի ծագին: Անհասկացողութենէ հեռու մնացէք: Առիթ պիտի ունենաք արդարացնելու դուք ձեզ եւ ձեր կարողութիւնները: Հանդարտ եւ հանգիստ մնացէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մեծ քայլերով առաջ պիտի ընթանաք: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է, ձեռնածալ մի՛ մնաք: Ուժ եւ ինքնավստահութիւն կը վայելէք: Բարի բախտ պիտի ունենաք: Պտոյտներու եւ հանդիպումներու շրջան մըն է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Յամառ մի՛ ըլլաք, այլ լայնօրէն ծանօթացէք այլոց կարծիքին: Հաշտութիւն կնքեցէք: Կարողութիւնը ունիք լուծելու անձնական եւ վարչական գործեր, բայց դէպքերէն առաջ մի՛ անցնիք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հեռու մնացէք դիմադրութենէ: Անհասկացողութեամբ լեցուն եւ տագնապալից շրջան մըն է: Արթուն եւ զգօն եղէք: Այս շրջանին դժուարութիւններ պիտի ծագին, բայց թոյլ մի՛ տաք, որ հարցերը բարդանան: Պահեցէք ձեր հանդարտութիւնը: