Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Խորհրդարանական Ուժերու Ներկայացուցիչները Մտահոգութիւն Կը Յայտնեն Ռոպերթ Քոչարեանի Կալանաւորման Վերաբերեալ

Յուլիս 30, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան առաջին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորման վերաբերեալ Արցախի Ազգային ժողովի խորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչները մտահոգութիւն յայտնած են:

«Արցախփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին տեսակէտներ յայտնած են տարբեր խմբակցութիւններու անդամները: «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան ըսած է, թէ Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն  որդեգրած քաղաքականութիւնը, որ ընդհանուր առմամբ պայքար է ապօրինութեան դէմ, ընդունելի է, քանի որ ժողովրդավար երկիր կառուցելու ճամբուն վրայ անոնք անհրաժեշտ քայլեր են: «Հարցը այն է, որ ասիկա պէտք չէ տանի գայթակղութեան, քանի որ կրնայ իրաւական հարթութենէն տեղափոխուիլ քաղաքական դաշտ: Կը կարծեմ, թէ պէտք է բաւական զգուշ ըլլալ, մանաւանդ այն գործիչներու պարագային, որոնք բաւական ճամբայ կտրած են եւ որոշ ներդրում ունին երկրի կայացման գործին մէջ», նշած է Վ. Բալայեան:

Ըստ Վահրամ Բալայեանի, Ռ. Քոչարեանի կալանաւորման մէջ համապատասխան իրաւական հիմնաւորումները պէտք է բաւարար ըլլան:

«Հայրենիք» խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուդիկ Հիւսնունց նշած է, որ Քոչարեանի կալանաւորումով մենք մեզ կը տանինք դէպի բարդ վիճակ: Ըստ անոր, տեղին չէ յաղթանակած երկրի նախագահը թիրախ դարձնելն ու ներքաղաքական հարցերու շրջագիծին մէջ բերելը, որովհետեւ ատիկա ներքաղաքական շատ լուրջ ընդվզումներու կրնայ առաջնորդել, ինչպէս նաեւ նոր խնդիրներ առաջ բերել ղարաբաղեան տագնապի լուծման մէջ:

Ըստ անոր, նախագահութիւնը պէտք է ըլլայ երկրի խորհրդանիշ: Ռուդիկ Հիւսնունց նաեւ դիտել տուած է, որ Քոչարեանի կալանաւորումով Ազրպէյճան պիտի ուրախանայ, մանաւանդ որ միշտ կը գտնուինք պատերազմի վերսկսման վտանգին դէմ յանդիման:

«Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Վարդգէս Բաղրեանի համաձայն, Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորումը, բնականաբար, լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ նաեւ Արցախի մէջ, մանաւանդ որ ան նաեւ Արցախի նախագահ էր ու «Արցախի հերոս»: Ուրեմն Արցախի մէջ չեն կրնար անտարբեր մնալ տեղի ունեցածին  նկատմամբ:

Վարդգէս Բաղրեան յայտնած է, թէ` հետեւելով գործընթացներուն, կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ այս հարցը քաղաքական շահարկումներու առարկայ կրնայ ըլլալ, ինչ որ անթոյլատրելի է:

Պատգամաւորը ընդգծած է, որ կ՛ակնկալէ արդար եւ թափանցիկ դատավարութիւն. «եթէ խախտած է օրէնքը, ապա պէտք է կատարուի արդար դատաքննութիւն եւ ստանձնուի պատասխանատուութիւն, քանի որ օրէնքին դիմաց հաւասարապէս պատասխանատու են բոլորը` անկախ կարգավիճակէն, սակայն եթէ օրէնքը չէ խախտուած, ապա քաղաքական հետապնդումները անընդունելի են, եւ եթէ քաղաքական հետապնդման կրնայ ենթարկուիլ երկու հայկական հանրապետութիւններու նախկին նախագահը, ապա ի՞նչ արդարութիւն կրնայ ակնկալել շարքային քաղաքացին», հարց տուած է Վ. Բաղրեան:

 

Նախորդը

Շեպաայէն Եւ Կեդրոնական Պեքաայէն 722 Սուրիացի Տեղահանուածներ Տունդարձ Կատարեցին

Յաջորդը

Իշխանեան. «Մեր Պետական, Ազգային Արժեհամակարգին Որոշակի Հարուածներ Կ՛ուղղուին»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?