ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր թուղթերը յաջողութեամբ կը խաղաք եւ ձեր ներուժը ի գործ կը դնէք խանդավառուելով ապագայով: Օգտուեցէք դրական թրթռացումներէն, որպէսզի ապրիք հարուստ փորձառութիւն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Լուսինը պիտի ուրախացնէ ձեզ: Ճամբորդութիւն մը պիտի ունենաք կամ հիւրեր պիտի ընդունիք: Ձեր վստահութիւնը մի՛ տաք օտարներուն, որոնք չէք ճանչնար: Զգուշ եղէք: Զրոյց մը առիթ պիտի ըլլայ փոփոխութիւն մտցնելու ձեր տեսակէտին մէջ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Չէք կրնար ըսել այն, ինչ որ կ՛ուզէք: Ստիպուած, վերապահ պիտի ըլլաք` արտայայտելու ձեր զգացումները: Պիտի ազատիք որոշ կապանքներէ: Պէտք է լաւ իմանաք, որ չէք կրնար երկու տարբեր տեղ գտնուիլ նոյն պահուն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անցեալէն մնացած հարցի մը լուծումը պիտի գտնէք: Հարց մը երեւան հանելով` պիտի հանդարտիք: Նոր պատասխանատուութիւններ պիտի ունենաք: Ճամբորդութիւններ պիտի կատարէք եւ նոր անձերու հետ պիտի ծանօթանաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Գործ մը կամ ներդրումային ծրագիր մը պիտի աւարտէք: Օգտուեցէք առիթէն` բազմապատկելու ձեր բախտը: Եթէ առիթ ունիք, ճամբորդութիւն մը կատարեցէք: Վիճաբանութիւններու մէջ մի՛ մտնէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այս օրերուն մէկը իր գաղտնիքը պիտի յայտնէ ձեզի: Պիտի զայրանաք եւ ջղայնանաք: Ուշադիր եղէք եւ հեռու մնացէք հակառակութիւններէն: Իւրայատուկ շրջան մը պիտի ապրիք` լեցուն խոստումներով եւ ուրախութեամբ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Լաւ շրջան մըն է ձեզի համար: Մի՛ վախնաք արկածախնդրութեան դիմելէ: Ուրախ եւ հաճելի պահեր պիտի ապրիք եւ բախտաւոր օրեր պիտի ունենաք: Հանդարտ բնաւորութեամբ բարի անակնկալներ պիտի դիմաւորէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեզմէ կը պահանջուի վազքէն կանգ առնել եւ խնդիրները վերլուծել հանդարտութեամբ ու լռութեամբ: Ժամանակ խնդրեցէք կամ յետաձգեցէք կարգ մը գործեր: Բարի ազդեցութիւն պիտի ունենաք ձեր շրջապատին վրայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի փոխուի, եւ քիչ մը տագնապ պիտի զգաք: Կարողութիւն ունիք զօրակցութիւն ապահովելու բոլոր մարզերուն մէջ: Ձեր լաւատեսութիւնը պիտի փոխանցուի ուրիշներուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի փնտռէք տեղեկութիւններ եւ ճշմարտութիւններ: Ձեր առողջութիւնը ականջի ետեւ մի՛ նետէք: Պիտի փոխուի ձեր տրամադրութիւնը: Պիտի կասկածիք ձեր գործակիցներու անկեղծութեան:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ժամանակը կարգաւորեցէք եւ ջիղերուն տէր եղէք: Ճիգ պիտի թափէք` յարմարելու պարտադրուած պայմաններուն: Ձեր իմացած տեղեկութիւնները օգտակար պիտի դառնան ձեզի: Տեղեկութիւնները գանձ են եւ ուժ` ձեր կեանքին մէջ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կարծիքներ եւ յաջող առաջարկներ պիտի ներկայացնէք այս օրերուն: Նիւթական ճնշում պիտի ապրիք: Պիտի կարգաւորէք ձեր գործերը: Զգուշ եղէք եւ մի՛ դիմէք որեւէ քայլի, որովհետեւ արդիւնքները կրնան յուսահատեցնող ըլլալ:
