ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Յաջողութիւններ արձանագրելու համար պիտի զբաղիք պահանջուած պայմաններով: Հեռու մնացէք դիմադրութենէն: Բախտէ զուրկ շրջան մըն է: Հանդարտ մնացէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կարեւոր դէմքերու պիտի հանդիպիք: Յստակացուցէք ձեր տեսակէտը: Պիտի զօրանայ ձեր կապը ձեր միջավայրին հետ: Պատրաստ եղէք դիմագրաւելու բոլոր դժուարութիւնները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պատրաստ եղէք արդարացնելու ձեր կեցուածքը կամ տեսակէտը: Բարդ, բայց ոչ անկարելի պահեր կ՛ապրիք: Ձեր գործը կամ ուսման ուղղութիւնը պիտի փոխէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նոր շրջանի մը սկզբունքով պիտի զբաղիք: Ձեր երազած ծրագիրը պիտի իրականացնէք: Ամսուան ամէնէն գեղեցիկ եւ զօրաւոր օրերէն մէկն է: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Ձեր պարտականութիւնները լիուլի կատարեցէք, որքան ալ շատնան:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը: Կարեւոր միտք մը ձեզի համար պիտի յստականայ: Համարձակ քայլ մը առնելու կը քաջալերուիք: Ժամանակը եկած է` հարց մը վճռելու:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մինակ մի՛ մնաք, աճապարեցէք մասնակցելու եւ կարեւոր դեր խաղալու ձեր միջավայրին ու շրջապատին մէջ: Լայն ժողովրդականութիւն եւ ուշագրաւ ներկայութիւն կը վայելէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անկեղծ բարեկամութիւններ երեւան պիտի գան: Խրախճանքներու եւ հաճելի ժամանցներու պիտի մասնակցիք: Մասնակցեցէք եւ մինակ մի՛ մնաք: Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դուք ձեզ լոյսերու տակ պիտի տեսնէք: Պայմանները յարմար են` օգնութեան ձեռք երկարելու ուրիշներուն: Գործակցութեան դռներ պիտի բացուին ձեր առջեւ: Փնտռեցէք նոր բարեկամութիւններ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հաճելի պտոյտ մը կատարեցէք: Ձեր միտքը պիտի հանգստանայ դէպքերու յաջող ընթացքին համար: Դրական շրջան մըն է` ամրապնդելու ձեր դիրքը եւ քաջալերուելու, որ շարունակէք ձեր ընթացքը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անհասկացողութիւններ պիտի ծագին: Դիւանագէտ եղէք լուծելու համար նոր զարգացումները: Պակասը պիտի զգաք լաւ ու համոզիչ միտքերու: Ձեր խելացութեամբ աչքի պիտի զարնէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Քննութիւն մը պիտի տաք: Յստակ եղէք ձեր խօսքին մէջ: Մանրամասնութիւնները քննեցէք որոշում տալէ առաջ: Ձեր շահած գումարները ամբողջութեամբ մի՛ ծախսէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Լուսինը կը քաջալերէ ձեզ` փոփոխութիւններ մտցնելու ձեր առօրեայ ծրագիրներուն մէջ: Մարզական ոգի ունիք: Խանդավառ էք այս շրջանին: Օգտագործեցէք ձեր ներուժը: