Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 18, 2018
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՛ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Էդուարդ Միլիտոնեանը Կը Վերընտրուի Հայաստանի Գրողներու Միութեան Նախագահ

Հայաստանի Գրողներու միութեան 19-րդ համագումարը տեղի ունեցաւ 11 յուլիսին: Համագումարին օրակարգին վրայ էր Հայաստանի Գրողներու միութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը: Բաց քուէարկութեամբ եւ ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ միութեան նախագահի պաշտօնին վերընտրուեցաւ Էդուարդ Միլիտոնեանը:

Համագումարը սկսաւ Միլիտոնեանին զեկուցումով` չորս տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն մասին: Ան մասնաւորապէս նշեց, որ հաշուետու ժամանակաշրջանին Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութեան, նախագահութեան եւ աշխատակազմի աշխատանքը եղած է ամէնօրեայ եւ ամփոփուած է «Գրական Թերթ»-ին մէջ:

«Բոլոր ուղղութիւններով կատարած ենք աշխատանքներ, որոնք պարբերաբար լուսաբանուած են նաեւ լրատուամիջոցներու մէջ: Այս ընթացքին վերանորոգուած է միութեան շէնքի առաջին յարկը: Դահլիճը վերազինուած է արհեստագիտութեամբ: Վերանորոգուած է նաեւ Սեւանի հանգստեան տունը, որ կը գտնուէր խարխուլ վիճակի մէջ: Այսօր մեր հաշուեհամարին մէջ ունինք 5 միլիոն դրամէ աւելի գումար, որ գոյացած է ամէնամեայ մարաթոններու միջոցով: Մօտաւորապէս 10 միլիոն 500 հազար դրամ գումար մեր բարերարները նուիրած էին հիմնադրամի ֆոնտին: 40-է աւելի գրողներու աջակցած ենք` բուժօգնութիւն ստանալու: Բազմաթիւ գրողներ ուղարկած ենք գործուղումներու: Աշխատած ենք նաեւ համայնքներու մէջ: Միայն Յովհաննէս Թումանեանի Թիֆլիսի տան նորոգումն ու բացումը, կը կարծեմ, հրաշալի նախաձեռնութիւն էր, որ սկսած էինք Հայաստանի Գրողներու միութեան նախորդ նախագահի` Լեւոն Անանեանի օրով: Մեր տնտեսութիւնը զարգացած է: Այնպէս մը կ՛ընենք, որ կարենանք մենք մեզի լուծել մեր ունեցած բոլոր հարցերը: Հաշուետու տարուան ընթացքին մօտաւորապէս 700 ձեռնարկ իրականացուած է: Շարունակած ենք լաւ աւանդոյթները պահպանել: Նշենք, որ ապագայի ծրագիրներ ալ կան: Օրինակ` նախաձեռնած ենք իրականացնել ամէնամեայ միջազգային գրական փառատօն, որ պիտի նպաստէ ժամանակակից գրականութեան տարածման», ըսաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահը:

Յիշեցնենք, որ Է. Միլիտոնեանը Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ է 2013-էն ի վեր:

Յայտնի Հայ Գործարարներու «Կառուցի՛ր Հայաստանը» Նախագիծը Լայնածաւալ Ներդրումներու Հոսք Պիտի Ապահովէ

Համաշխարհային գործարար միջավայրին մէջ նշանակալի դերակատարութիւն ունեցող յայտնի հայ գործարարներու նախաձեռնութեամբ, ստեղծուած է ներդրողներու խումբ մը, որ կը յայտարարէ «Կառուցի՛ր Հայաստանը» («Build Armenia») նախագիծի մը մեկնարկին մասին:

Հաղորդենք, որ «Կառուցի՛ր Հայաստանը» նախագիծին նպատակն է ապահովել հայրենադարձութիւնը խթանող լայնածաւալ ներդրումներու հոսք դէպի Հայաստան, ստեղծել հասարակական-տնտեսական նպաստաւոր միջավայր մը, որ համապատասխան ենթակառուցուածքներու հիման վրայ կարողութիւնը պիտի ունենայ ընդունելու հայրենադարձութեան ինքնահոս ալիքը:

Նախաձեռնողները «Կառուցի՛ր Հայաստանը» նախագիծին մեկնարկով հանդէս կու գան ելեւմտական եւ աշխարհագրական ծաւալով աննախադէպ նախաձեռնութեամբ մը, որ պիտի ապահովէ հայրենադարձութիւնը խթանող ներդրումներու լայնածաւալ հոսք դէպի Հայաստան:

Նախագիծին շուրջ համախմբուած գործարարներու առաջին համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 2019-ի առաջին եռամսեակին, Ֆրանսայի մէջ:

Ֆրանսա-Հայաստան Միացեալ Արտադրութեամբ «Մենք Ենք, Մեր Սարերը» Ժապաւէնը Կը Պատմէ Արցախ Աշխարհի Մասին

Ֆրանսահայ բեմադրիչ Առնօ Խայաճանեանի «Մենք ենք, մեր սարերը» վաւերագրական շարժապատկերը կը ներկայացնէ Կովկասի լեռներուն մէջ նուազ յայտնի երկիր Արցախը` հանրապետութիւն մը, որ կը շարունակէ պայքարիլ իր անկախութեան համար: Բեմադրիչը դիմանկարներու պատկերասրահի միջոցով կը բացայայտէ ազատութեան փնտռտուքի մէջ գտնուող այս ժողովուրդին առօրեայ կեանքը:

Յայտնենք, որ ժապաւէնը ընդգրկուած է «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնի «Հայկական համայնապատկեր» բաժինին մէջ: Ժապաւէնին մասին 10 յուլիսին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին տեղեկութիւններ տուաւ բեմադրիչը:

«Քառօրեայ պատերազմէն քանի մը ամիս ետք մեկնեցայ Արցախ եւ զարմացած էի այն մթնոլորտով, որ կը տիրէր այնտեղ. ուժեղ, ամուր եւ առաքինի են արցախցիները: Ֆրանսայի մէջ Արցախը յայտնի է քաղաքական հակամարտութիւններու կիզակէտին մէջ գտնուելով: Այս շարժապատկերով փորձեցի ցոյց տալ Արցախի միւս կողմը` մարդոց առօրեան, նիստուկացը, կնոջ դերը», պատմեց Խայաճանեանը:

Ըստ անոր, ժապաւէնը բազմաթիւ անգամներ ցուցադրուած է Ֆրանսայի քաղաքներու մէջ, բայց կան քաղաքներ, որոնք հրաժարեցան զայն ցուցադրելէ` քաղաքական պատճառներով:

Ասիական Զարգացման Դրամատունը 800 Հազար Տոլար Կը Յատկացնէ Հայաստանին

Ասիական զարգացման դրամատունը 800 հազար տոլարի դրամաշնորհ կը յատկացնէ Հայաստանին` առողջապահութեան, կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ որոշ ծրագիրներու իրականացնելու նպատակով:

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի եւ Ասիական զարգացման դրամատան կեդրոնական եւ արեւմտեան Ասիոյ բաժանմունքի տնօրէն Ռիէ Հիրայոկայի հետ հանդիպման ընթացքին նշուեցաւ, որ այդ ծրագիրներուն շուրջ փաստաթուղթերու վերջնական յստակացումները պիտի կատարուին պետական համապատասխան կառոյցներուն հետ:

Դրամաշնորհը իբրեւ արհեստագիտական աջակցութիւն պիտի ուղղուի նշուած երկու ոլորտներուն մէջ համակարգային հարցերու լուծման:

«Այս առումով Ռիէ Հիրայոկան հետաքրքրուած է առողջապահութեան նախարարութեան առաջնահերթութիւններով` ըստ այդմ յստակացնելու համար ֆինանսաւորման յստակ ուղղութիւնները: Թորոսեանը շեշտած է, որ նախարարութիւնը առաջնահերթօրէն շեշտած է մարդկային դրամագլուխի զարգացումը, առողջութեան առաջնային պահպանման օղակի վերազինումը, զննումի  ծրագիրներու իրականացումը` ուղղուած, մասնաւորապէս քաղցկեղի կանխարգիլման եւ փոքրիկներու  հիւանդութիւններու կանուխ յայտնաբերման», նշուած է առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

ՄԱԿ-ի Զեկոյցին Համաձայն` Հայաստան Աշխարհի Նորարար Նուաճումներով Երկիրներէն Է

Աշխարհի նորարար տնտեսութիւններու վարկանիշի ցուցակին վրայ Հայաստան յայտնուած է 68-րդ հորիզոնականին վրայ: Այս մասին նշուած է Մտաւոր սեփականութեան համաշխարհային կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ: Այդպիսով, Հայաստան ընդգրկուած է նորարար նուաճումներու առումով զարգացած երկիրներու ցանկին վրայ:

Մտաւոր սեփականութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը 2007-էն ի վեր ամէն տարի կը կազմէ նորարարութիւններու համաշխարհային հաշուարկ: Փորձագէտները կը գնահատեն, թէ ինչպէ՛ս աշխարհի տարբեր երկիրներ կը զարգացնեն տնտեսութիւններու նորարար ոլորտներն ու կը փորձեն զանոնք կեանքի կոչել:

Հաղորդենք, որ նախկին ԽՍՀՄ երկիրներուն մէջ առաջատարը Էսթոնիան է, որ յայտնուած է 24-րդ դիրքի վրայ, Վրաստան 59-րդն է, Ազրպէյճան` 82-րդ:

Նորարար զարգացման եւ առօրեայ կեանքի մէջ նորարարութիւններու ներդրման առաջատարներու առաջին տասնեակին մէջ են` Զուիցերիան, Հոլանտան, Շուէտը, Մեծն Բրիտանիան, Սինկափուրը, Միացեալ Նահանգները, Ֆինլանտան, Դանիան, Գերմանիան եւ Իրլանտան:

Վարկանիշի վերջին հորիզոնական դիրքերուն վրայ են` Եմէնը, Թոկոն եւ Պուրքինա Ֆասոն:

2018-ի վարկանիշին մէջ ընդգրկուած են 126 երկիրներ` 80 ցուցանիշի հիման վրայ` սկսեալ բջիջային յաւելուածներու ստեղծումէն, մինչեւ կրթութեան ծախսերը, ճարտարագիտական հրապարակումները եւ մտաւոր սեփականութեան դիմումնագիրներու քանակը:

Արցախ Այցելած Զբօսաշրջիկներուն Թիւը 102 Տոկոս Աճած Է

2018-ի յունուարէն մայիս ամիսներուն, Արցախ այցելած են 8654 օտար զբօսաշրջիկներ: Զբօսաշրջիկներուն թիւը 2017-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ համեմատած` 102 տոկոս աճած է, կամ` 4362-ով: Զբօսաշրջիկներուն թիւը աճած է նաեւ առանձին ամիսներու համեմատութեամբ:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, զբօսաշրջութեան գործունէութիւն իրականացնողներուն ընդհանուր թիւը կազմած է 10 կազմակերպութիւն` 9 զբօսաշրջութեան գրասենեակ եւ 1 զբօսաշրջութեան գործակալ:

Յայտնենք, որ նոյն ժամանակաշրջանին կառուցուած են չորս հիւրանոցային տնտեսութեան տարածքներ (բոլորը` զբօսաշրջութեան տուներ)` 11 հիւրանոցային թիւերով եւ 24 մահճակալ-տեղով: Այժմ Արցախի տարածքին կը գործեն 53 հիւրանոցային տնտեսութեան տարածքներ` 1475 մահճակալ-տեղով:

«Վիվասէլ-Էմ. Թի. Էս.»-ի Աջակցութեամբ Դովեղ Գիւղը Օժտուեցաւ Ոռոգման Ջուրի Համակարգով

Տաւուշի մարզի Դովեղ գիւղը «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի աջակցութեամբ օժտուեցաւ ոռոգման ջուրի համակարգով:

Բնակավայրի տնամերձ հողատարածքներու ոռոգման ցանցի կառուցման համար ներդրուած է 19,5 միլիոն դրամ: Կառուցապատման աշխատանքները իրականացուցած է «Դովեղ» հիմնարկը:

«Ուրախութեամբ կը յայտնեմ, որ Դովեղի մէջ իրավիճակը փոխուած է. համայնքներու զարգացումը կարեւոր առաջնահերթութիւն համարող մարդոց` Ռալֆ Եիրիկեանի, Ռոպերթ Նազարեանի, Սուրէն Սահակեանի, Վաչիկ Քոքոբելեանի եւ Ֆրետ Նազարեանի ներդրման շնորհիւ մէջ տարիներու հարցը լուծուած է: Յատկապէս սահմանապահ գիւղերու մէջ ենթակառուցուածքները կարեւոր են քանի մը տեսանկիւնէ. գիւղացին կը հոգայ իր ապրուստի հարցը, չի լքեր գիւղը եւ կը լուծուի` գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնելով անոր անվտանգութեան հարցը», կը յայտնէ Դովեղ բնակավայրի վարչական տարածքի ղեկավար Սամուէլ Գորգինեանը:

Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ «Քարերու Պոէզիա. Անի» Խորագրով Ցուցահանդէսին

Հայաստանի Քաղաքաշինութեան կոմիտէի Ալ. Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-ուսումնարանի «Տրդատ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Քարերու պոէզիա. Անի» խորագրով ցուցահանդէսին: Այս մասին հաղորդեցին Հայաստանի Քաղաքաշինութեան կոմիտէէն:

Տեղեկացնենք, որ ցուցահանդէսին ներկայացուեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ խումբ մը փորձագէտներու ջանքերուն շնորհիւ հաւաքագրուած, 2016-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ ընդգրկուած Անի քաղաքի շրջակայքի ճարտարապետական ժառանգութիւնը:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը իրականացաւ «Անատոլու քիւլթուր»-ի, Եւրասիա համագործակցութիւն հիմնադրամի եւ Նորվեկիոյ մշակութային ժառանգութեան հետազօտութիւններու ուսումնարանի (NIKU) համագործակցութեամբ:

 Հայաստանի Օդակայաններուն Մէջ Ուղեւորահոսքը 10,3 Տոկոսով Աճած Է

Հայաստանի երկու օդակայաններու ուղեւորահոսքը 2018 յունուար-յունիս ամիսներուն կազմած է 1 միլիոն 206 հազար 952 մարդ, որ 10,3 տոկոսով կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն ցուցանիշը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի քաղաքացիական թռիչքուղիներու գլխաւոր վարչութեան մամուլի ծառայութենէն:

Ընթացիկ տարուան յունիսին Հայաստանի երկու օդակայաններուն մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 251 հազար 476 մարդ` 2017-ի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 14,8 տոկոսով:

2018 յունիսին Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 234 հազար 738 մարդ` 11,1 տոկոսով գերազանցելով նախորդ տարուան յունիսի ցուցանիշը:

2018 յունուար-յունիսին, 2017-ի նոյն ամիսներուն հետ համեմատած, «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ արձանագրուած է ուղեւորահոսքի 6,8 տոկոս աճ:

«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ 2018 յունուար-յունիսին բեռնափոխադրումը կազմած է 7980 թոն ապրանք: Նախորդ տարուան նոյն ամիսներու ցուցանիշը կազմած է 10 հազար 912 թոն ապրանք:

2018 յունիսին Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 16 հազար 738 մարդ: 2017-ի նոյն ամսուան ուղեւորահոսքը կազմած է 7 հազար 744 մարդ:

«Շիրակ» օդակայանին մէջ 2018 յունուար-յունիսին ուղեւորահոսքը կազմած է 76 հազար 88 մարդ` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին կազմելով 35 հազար 173 մարդ:

«Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններուն մէջ, 2018 յունուար-յունիս ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն հետ համեմատած, 11,3 տոկոսով աճ արձանագրած են նաեւ թռիչք-վայրէջքները:

Միանգամեայ Օգտագործման Կերպընկալը Հայաստանի Մէջ Պիտի Արգիլուի

Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութիւնը պիտի նախաձեռնէ Հայաստանի մէջ միանգամեայ օգտագործման կերպընկալի արգիլման գործընթաց: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց բնապահպանութեան նախարար Էրիկ Գրիգորեանը:

«Գործընթացը պիտի սկսի մէկ համայնքէ, այնուհետեւ պիտի իրականացուի մարզի մակարդակով, եւ որոշ ժամանակահատուածի մը ընթացքին Հայաստան պիտի միանայ ա՛յն երկիրներուն, ուր միանգամեայ օգտագործման կերպընկալը արգիլուած է», նշեց նախարարը:

Ան յայտնեց, որ կերպընկալի այլընտրանք պիտի առաջարկուի: «Համայնքին մէջ, ուր ձեռնարկներ պիտի իրագործենք, կերպասէ տոպրակներ պիտի բաժնենք, կերպընկալի շիշերու վերամշակում պիտի իրականացնենք», ըսաւ ան:

Նախարար Գրիգորեանը նաեւ աւելցուց, որ այդ ծրագիրին իրականացման համար նիւթական միջոցներ կան: «Նիւթական միջոցներ ունինք միջազգային գործընկերներէ, պիւտճէէն դրամ պիտի չառնենք», ըսաւ բնապահպանութեան նախարարը:

Նշենք, որ միանգամեայ օգտագործման կերպընկալը արգիլուած է աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ:

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Սպիտակ Այգիներու Ճամբեզրին» (Հեղինակ` Համբիկ Պիլալեան)

Յաջորդը

Մեր Առաջնահերթութիւնը Լինելու Է Հայերէնի Շահերի Պաշտպանութիւնը. Դաւիթ Գիւրջինեան

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?