11 յուլիսին, Պրիւքսելի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:
Այդ մասին նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան «Թուիթըր»-ի պաշտօնական էջին վրայ:
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ 11 յուլիսին Պրիւքսելի մէջ պիտի կայանայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ասիկա Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար նշանակուելէն ետք Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին միջեւ առաջին հանդիպումն է:



