Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ռուսահայ Կարէն Խաչանով դուրս մնաց մրցաշարքէն, երբ 6-4, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց սերպ Նովաք Ճոքովիչէն, Դ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին:
Ճոքովիչի նման քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ Ռաֆայէլ Նատալ, Խուան Մարթին Տել Փոթրօ, Ռոժէ Ֆետերեր, Քէյ Նիշիքորի, Ճոն Այզնըր եւ ուրիշներ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ շարունակեց մրցաշարքը, երբ իր կարգին Դ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Եւգենիա Ռոտինայի դէմ:
Անոր միացաւ նաեւ գերմանացի Անճելիք Քերպըր, որ 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց Պելինտա Պենսիչի:



