ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր ներկայացուցած գաղափարները պիտի ընդունուին բոլորին կողմէ: Անոնք պիտի օգնեն, որպէսզի ձեր առաջարկները իրագործուին: Օրը յաջող է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի ունենաք յաջողութիւն` ձեր ծրագիրները իրագործելու: Ձեր շուրջինները պիտի հետեւին ձեզի, որովհետեւ օգտակար առաջարկներ են:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նոր առաջարկներ ներկայացնելու պարագային, առանձին պիտի չմնաք: Եթէ պատահի, որ մանրամասնութիւններ պահանջուին, դուք պիտի տաք ձեր բացատրութիւնը եւ պիտի լուսաբանէք ձեր շուրջինները:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Առիթ պիտի ունենաք նորութիւններ տեսնելու ձեր գացած վայրին մէջ: Ուրեմն արժեւորեցէք այն, ինչ որ կը հետաքրքրէ ձեզ: Օրը փայլուն է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լայն շունչ մը պիտի քաշէք այսօր, որովհետեւ վերջապէս դուրս պիտի ելլէք տնտեսական փափուկ հարցէ մը` հոգեկան գոհունակութեամբ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Զգուշացէք խաբեբաներէն, անոնք կրնան անմեղ դիմակով մօտենալ, սակայն` այլ նպատակներ ունենալ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եռանդուն պիտի ըլլաք աշխատանքի մէջ: Օրը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ` շնորհիւ ձեր եռանդուն եւ պատրաստակամ աշխատանքին: Շարունակեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օրը վիպային տրամադրութիւն պիտի ստեղծէ մասնաւորաբար ամուրիներու համար: Ամուսնացեալներն ալ նուազ տրամադրութիւն պիտի չունենան: Անոնք եւս պիտի վերյիշեն իրենց սիրալիր օրերը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր աշխատանքին մէջ եղէք ճշգրիտ: Ձեր տուած թելադրանքները պէտք է ըլլան ընդունելի ամէնուն կողմէ: Ինքնավստահ եղէք, բայց` ոչ մեծամիտ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Յանդուգն եղէք որոշ պարագաներու: Այսինքն եղէք անվախ, երբ գործի մը պիտի սկսիք: Պիտի յաջողիք եւ վարձատրուիք: Օրը շահաւէտ է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օրը դրական է աշխատանքի մարզին մէջ: Ձեր աշխատանքը եւ ձեր ջանքերը պիտի գնահատուին: Շարունակեցէք առանց թուլնալու: Օրերը բարի են:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շատ կ՛աշխատիք, վազքի մէջ էք, բայց` ապարդիւն: Ձեր կորովը մի՛ սպառէք այսօր, քիչ մըն ալ վաղուան պահեցէք, դեռ ընելիքներ ունիք: