ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Հոգեպէս անհանգիստ պիտի զգաք: Ձեր թերացումին պատճառով պիտի այպանեն ձեզ: Վճռական որոշումներ կայացնելէ խուսափեցէք: Առողջական հարց մը պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օգնութեան կարիք ունիք: Առիթ պիտի տրուի ձեզի հաստատ քայլերով յառաջանալու: Պիտի անդամակցիք կազմակերպութեան մը կամ հաստատութեան մը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լաւապէս պատրաստեցէք ձեր գործը: Կանուխ գացէք աշխատանքի, որպէսզի յաջողութիւն գտնէք: Ճնշող շրջան մըն է, բայց ուրախ լուր մը կը բերէ իրեն հետ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է որոշումներ տալու եւ կրկին փորձելու: Դիւրին շրջան մըն է, մի՛ ծուլանաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մթնոլորտը զգալիօրէն պիտի փոխուի: Յաջողութիւն պիտի գտնէք: Անսպասելիօրէն ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Մինակ մի մնաք, ընկեր մը կամ բարեկամ մը գտէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի գանգատիք եւ դուք ձեզի թշնամիներ պիտի շինէք: Մի՛ աղաւաղէք ձեր անունը եւ լաւ պահեցէք ձեր դիրքը: Յամառութիւն մի՛ ընէք: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կարեւոր նպատակներ իրականացուցէք: Մի՛ ուշանաք: Տագնապ եւ յոգնութիւն պիտի զգաք: Դասաւորեցէք ձեր ժամանակը չթերանալու համար: Պարտականութիւնները պիտի դիզուին: Նոր գործ մը պիտի ստանձնէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Տարբեր գործունէութիւններ ունիք: Ինքնավստահ էք: Հաշտուեցէք ուրիշներուն հետ եւ կրկին փորձեցէք: Մի՛ յանձնուիք դժուար կացութեան մը դիմաց, այլ շարունակեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դասաւորեցէք ձեր աշխատանքային եւ անձնական պարտաւորութիւնները, որպէսզի թերանալով` չմեղադրուիք: Անձնական գետնի վրայ ճնշումներ պիտի զգաք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Տրամաբանութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ օժտուած էք: Լուսարձակները ձեր վրայ պիտի կեդրոնանան համոզիչ միտքեր ունիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Ձեր ծանօթներէն մէկը կարեւոր դեր մը պիտի խաղայ: Խնդիրները մանրամասնօրէն պիտի քննէք: Նիւթական հարցերով պիտի զբաղիք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Զօրաւոր կամքով պիտի սկսիք: Պատասխան մը պիտի լսէք: Ձեր տեսակէտը պիտի աշխատիք ներկայացնել: Ձեր արտաքինին հոգ պիտի տանիք: