Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երգիչ Գէորգ Հաճեանը Նոր Ոգիով Եւ Նոր Գործիքաւորումով Ներկայացուցած Է Ռազմահայրենասիրական Սիրուած Երգեր

Յունիս 5, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԺԵԼԱ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ

Լիբանանի Այնճար գիւղը ծնած, մեծացած եւ կրթութիւն ստացած երգիչ Գէորգ Հաճեանը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին առիթով լոյս ընծայած  է «Ղօղանջ անկախութեան» ձայնասկաւառակը: Երկու խտասալիկէ բաղկացած ալպոմին մէջ ներառուած են հանրութեան քաջ յայտնի ռազմահայրենասիրական այնպիսի երգեր, ինչպիսիք են` «Գինի լից», «Անդրանիկին», «Ելի՛ր, Գէորգ, ելի՛ր», «Սերոբ փաշային երգը» եւ այլ ստեղծագործութիւններ: Ձայներիզի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ մայիս 29-ին Մուսա լերան յուշահամալիրին մէջ:

«Արմէնփրես»-ի թղթակիցի հետ զրոյցի ընթացքին Գէորգ Հաճեանը պատմեց Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ ծաւալած գործունէութեան, իր նպատակներուն եւ սկաւառակի մասին:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Հաճեան, ինչպէ՞ս սկսաւ ձեր ստեղծագործական ուղին:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Երբ դեռ փոքր էի եւ կ՛ապրէի իմ հայրական տունը, աշխուժօրէն կը մասնակցէի գիւղին, դպրոցին, եկեղեցիին մէջ իրականացուող բազմաբնոյթ ձեռնարկներուն: Այնուհետեւ դարձայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սան: Այնտեղ ութ տարի սորվեցայ եւ դպրեվանքին մէջ դրուեցան հոգեւոր, ազգային երգերու ուսուցման եւ կայացման հիմքերը: Այդ ժամանակ հասկցայ, որ Աստուծմէ ինծի տրուած տաղանդը պէտք է աւելի մաքրեմ, փայլեցնեմ, հետեւաբար Լիբանանի Բարսեղ Կանաչեանի անուան երաժշտական քոլեճին մէջ խմբավարական դասընթացքներ եւ անհատական պարապմունքներ ստացայ:

Ընդգծեմ, որ տասը տարի ապրած եմ Քուէյթ: Այնտեղի ազգային վարժարանին մէջ  մանկապատանեկան եւ չափահասներու երգչախումբեր ղեկավարած եմ: Անոնք տարբեր մրցոյթներու մետալներու արժանացած են:

Հ.- Բաւական երկար ժամանակ է, որ ձեր ընտանիքին հետ հաստատուած էք Հայաստան: Ինչո՞ւ որոշեցիք գալ հայրենիք:

Պ.- Հայաստանի մէջ կը սկսի իմ մասնագիտական երկրորդ փուլը: Կինս` Ֆրիտան, բանասէր է: 2004-ին երկուքիս համար առիթ ստեղծուեցաւ գալ այստեղ եւ աւելի կատարելագործել մեր մասնագիտութիւնները. թէեւ 1993-ին իմ ծննդավայրին մէջ արդէն մենահամերգ ունեցած էի: Այդ ալ ինծի աւելի պատասխանատու դարձուց, եւ ես աւելի բծախնդիր եղայ ինքս իմ հանդէպ: Երբ եկայ Հայաստան, ընդունուեցայ Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց, ուր դարձեալ սորվեցայ խմբավարական բաժինը, բայց ատոր զուգահեռ նաեւ անհատական պարապմունքներու մասնակցեցայ հանրայայտ օփերային երգիչ Բարսեղ Թումանեանի քով: Հետագային «շարական» երգչախումբի մեներգիչ դարձայ, այնուհետեւ սկսայ երգել Մենակատարներու արական համոյթին մէջ (խմբավար` Դանիէլ Երաժիշտ,  գեղարուեստական ղեկավար` Մհեր Նաւոյեան): 2007 թուականին մենահամերգ ունեցայ: Ամէն տարի Երեւանի մէջ համերգներ կու տամ: Այս տարի յունիս 29-ին Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ տեղի կ՛ունենայ իմ մենահամերգը` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին:

Ընդգծեմ, որ մենահամերգներով հանդէս եկած եմ աշխարհի բոլոր հայկական համայնքներուն մէջ, ինծի նուագակցած են տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ` հնդիկ, չին, ֆրանսացի, հրեայ, ռուս եւ այլք:

Հ.- Համերգային տարբեր ծրագիրներու մէջ ի՞նչ ստեղծագործութիւններ կը ներկայացնէք:

Պ.- Կը կատարեմ Կոմիտասի գործերը, ազգային, հոգեւոր երաժշտութիւն, ազգագրական, ժողովրդական, ռազմահայրենասիրական ստեղծագործութիւններ: Ինչպէս ըսած է Կոմիտասը. «Հոգեւոր երաժշտութիւնը եւ ազգային երաժշտութիւնը նոյն ակունքներէն կը բխին: Ես երկուքն ալ կը հնչեցեմ.  անոր զինուորն եմ, այդ երգի ջատագովն եմ, ատիկա հանապազօրեայ հացի եւ ազգի յաւերժացման գաղտնիքն է, բանալին է, որ ես գտած ու տեսած եմ: Այդ երգերուն հզօրութիւնն ու ազդեցիկութիւնը կը զգամ ոչ միայն հայ, այլեւ օտարազգի երաժշտասէրին համար երգած պահուս: Կոմիտաս կատարելու ժամանակ դահլիճին մէջ ներկայ օտարազգի հանդիսատեսին 80 տոկոսը այնպէս կը զմայլի այդ երաժշտութեամբ, ինչպէս պիտի հիանար` ադամանդեայ քար տեսնելով: Կոմիտասի գործերը բազմաշերտ են, տարբեր նրբերանգներով եւ վաղուց համաշխարհային արժէք ունին:

Այդ երգերու ոգին կը զգամ նաեւ բանակին մէջ: Երբ կ՛երգեմ բանակայիններուն համար. կը ցանկամ անոնց ըսել, որ իրենց հետն եմ, անոնց մասնիկն եմ: կ՛ուզեմ ցոյց տալ, որ անոնք եւ մշակութային գործիչները նոյն հարթակի վրայ կը գտնուին, երկուքն ալ ազգային  անվտանգութիւնը կը պահպանեն, քանի որ մշակոյթը, երկիրը, հողը, հայրենիքը ամբողջութիւն են:

Հ.- Կը ներկայացնէի՞ք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու կապակցութեամբ հրապարակած ձեր նոր ձայնասկաւառակը…

Պ.- Շեշտեմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ձայնասկաւառակ հրապարակած եմ, որուն մէջ այդ ոճիրին զոհ դարձած մտաւորականներու` Սիամանթոյի, Ռուբէն Սեւակի, Դանիէլ Վարուժանի եւ այլոց  ստեղծագործութիւններու հիման վրայ գրուած երգեր զետեղուած են: Անոնց երաժշտութիւնը  մշակած է Դանիէլ Երաժիշտը:

Ինչ կը վերաբերի «Ղօղանջ անկախութեան» խտասալիկին, ապա ըսեմ, որ «ղօղանջ» բառը կը խորհրդանշէ Սարդարապատի յուշարձանի զանգերը, անկախութիւնը: Սկաւառակին մէջ ներառուած երգերը կը հնչեն այնպէս, ինչպէս` անկախութեան պատգամը: Ընդգրկուած են այն բոլոր երգերը, որոնք դարձան ոգի, որոնք կերտեցին հարիւրամեայ պետականութիւնը, որ պէտք է  անմահացնենք: Երգերը իւրայատուկ հնչեղութիւն ունին. զանոնք գործիքաւորած է Գարիկ Առաքելեանը: Մենք պատմական նշանակալի իրադարձութիւններով հարուստ ժողովուրդ ենք եւ յաճախ կարեւոր տօներ կը նշենք:

Ձայնասկաւառակը բանալով` կարելի է տեսնել Արամ Մանուկեանի, Աղբիւր Սերոբի, Բաբգէն Սիւնիի եւ 1918 թուականին պետականութեան ստեղծման գործին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած այլ անձերու նկարները: Այդպէս ցանկացած եմ իմ երախտագիտութիւնը յայտնել անոնց:

 

 

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանը Տուաւ Շրջանաւարտներու Նոր Հունձք Մը

Յաջորդը

«Հայ Մը Առնէր, Չէ՞ր Ըլլար»

RelatedPosts

Համազգայինի «Գայեանէ» Պարի Դպրոցի Եւ «Քնար» Պարախումբի 240 Անդամներ Ելոյթով Պիտի Ներկայանան Լիբանանահայութեան
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գայեանէ» Պարի Դպրոցի Եւ «Քնար» Պարախումբի 240 Անդամներ Ելոյթով Պիտի Ներկայանան Լիբանանահայութեան

Մայիս 18, 2023
Սելինա Տողան. «Այսօր Թուրքիան Կա՛մ Պիտի Յայտարարէ Իր Յանձնուիլը Քաղաքական Իսլամականութեան Եւ Փտածութեան, Կա՛մ Ալ Պիտի Դիմէ Վերանորոգման Զօրաւոր Գործընթացի Ու Վերականգնէ Իր Հաստատութիւնները»
Հարցազրոյց

Սելինա Տողան. «Այսօր Թուրքիան Կա՛մ Պիտի Յայտարարէ Իր Յանձնուիլը Քաղաքական Իսլամականութեան Եւ Փտածութեան, Կա՛մ Ալ Պիտի Դիմէ Վերանորոգման Զօրաւոր Գործընթացի Ու Վերականգնէ Իր Հաստատութիւնները»

Մայիս 13, 2023
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Մենք Չենք Կրնար Նահանջել Արցախի Հարցով, Մեզի Համար Արցախը Էական Է»
Հարցազրոյց

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Մենք Չենք Կրնար Նահանջել Արցախի Հարցով, Մեզի Համար Արցախը Էական Է»

Մայիս 9, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In