ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր մտածումները եւ զգացումները շատ դիւրին եւ արագ կ՛արտայայտէք, ինչ որ ոմանց խորթ կը թուի: Քիչ մը վերապահ եղէք եւ կարգ մը բաներ ձեր մէջ պահեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Թէեւ կեանքը միօրինակ կը գտնէք, սակայն, ձեր աշխատանքին մէջ միշտ նորութիւններ կ՛ուզէք մտցնել, ինչ որ կեանքը աւելի հաճելի կը դարձնէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ դժուարութիւններ ունիք, կրնաք ձեր ընտանիքի անդամներուն դիմել, որոնք սիրով պիտի օգնեն ձեզ: Վստահութիւն ունեցէք անոնց վրայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Լաւատես էք եւ միշտ դրական կը տեսնէք ամէն բան: Ձեր այս բնաւորութեամբ մեծ թիւով բարեկամներ շահած էք, որոնք կը զարմանան ձեր լաւատեսութեան:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր աշխատանքին մէջ տեղի ունեցող նորութիւններուն շատ շուտով պիտի վարժուիք: Ձեր աշխատասիրութեամբ աչքի պիտի զարնէք եւ պիտի գնահատուիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ձեր ընտանիքին եւ աշխատատեղիին մէջ դժուարութիւններ կան, մի՛ յուսահատիք: Ամէն հարց լուծում մը ունի: Աշխատեցէք լուծումներ գտնել:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր աշխատանքին մէջ յաճախ նորութիւններ կ՛ուզէք մտցնել եւ ընդհանրապէս յաջողութիւն կ՛ունենաք, որովհետեւ գործը աւելի հետաքրքրական կը դարձնէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր շուրջը անձեր կան, որոնք կ՛ուզեն իրենց դժուարութիւնները ձեզի յայտնել: Մտիկ ըրէք զանոնք եւ փորձեցէք ձեւով մը օգտակար ըլլալ` իրենց ցաւերը թեթեւցնելով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր աշխատանքը պիտի գնահատուի եւ մօտ օրէն կրնաք աստիճանի բարձրացում մը ունենալ: Այս ձեւով ալ ձեր եկամուտը զգալիօրէն յաւելում պիտի ունենայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շատ լաւ ծրագիրներ ունիք, որոնք կ՛ուզէք կիրարկել ձեր արհեստին մէջ: Յաջողութիւն պիտի գտնէք եւ պիտի վարձատրուիք ձեր տնօրէնէն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բոլորովին նոր ասպարէզ մը պիտի դիմաւորէք, զոր երկար ժամանակէ ի վեր կ՛երազէք, ինքնավստահ եղէք եւ քաջաբար սկսեցէք, որովհետեւ մեծ յաջողութիւն պիտի ունենաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Վերջապէս ձեր փափաքը պիտի իրականանայ: Այս առիթը օգտագործեցէք, որպէսզի յաջողութեան ճամբան գտնէք: