Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավար կազմին ներկայացուց խորհուրդի նոր նշանակուած քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը:
Ըստ վարչապետին, Անվտանգութեան խորհուրդը մարմին մըն է, ուր կ՛որոշուին պաշտպանական մարզի քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները:
«Այս նախադասութեան ձեւակերպումը կը բնորոշէ, կը սահմանէ, պարզ կը դարձնէ այն կարեւորութիւնը, որ ունի Անվտանգութեան խորհուրդը, որուն աշխատակազմը պէտք է ըլլայ այն ուղեղային կեդրոնը, որ ազդակներ կու տայ պաշտպանական մարզի քաղաքականութեան ուղղութիւններու մասին», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան` աւելցնելով, որ այս մարմինը կանգնած է կառավարման ամէնօրեայ խնդիրներէն մէկ կողմ ու հանդարտ, աշխատանքային պայմաններու մէջ կը կուտակէ տեղեկատուութիւն սպառնալիքներու մասին եւ կ՛առաջարկէ լուծումներ: Կառավարութեան ղեկավարը յոյս յայտնած է, որ Արմէն Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ Անվտանգութեան խորհուրդը իր գործառոյթը պիտի իրականացնէ լիարժէք եւ արդիւնաւէտ` ժամանակակից պահանջներուն ու մարտահրաւէրներուն համարժէք, պիտի առաջարկէ լուծումներ` Հայաստանի դիմագրաւած ապահովութեան մարտահրաւէրներու ուղղութեամբ:
Արմէն Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին վստահութեան համար: «Համոզուած եմ, որ ապահովութեան քաղաքականութեան մշակման գործընթացը պիտի դրուի նոր մակարդակի վրայ: Հայաստան ունի մարտահրաւէրներ, որոնք կը պահանջեն քաղաքական միտքի լուծումներ: Համոզուած եմ, որ անձնակազմը պիտի յաջողի իր դիմագրաւած խնդիրները լուծել, բարձրացնել Հայաստանի ապահովութեան մակարդակը` առաջարկելով լուծումներ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներուն եւ խնդիրներուն համար», նշեց Անվտանգութեան խորհուրդի նոր նշանակուած քարտուղարը:
Վարչապետ Փաշինեան յանձնարարեց նախապատրաստել Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ` քննարկելու պաշտպանական մարզի քաղաքականութիւնը, իրականացնելու օրակարգային տարբեր որոշումներ:
«Ապահովութեան մարզը, զինուած ուժերու բնականոն զարգացումը մեզի համար առաջնահերթութիւն է, եւ մենք պէտք է ընենք ամէն ինչ զինուած ուժերու բնականոն զարգացումը ապահովելու, առկայ մարտահրաւէրները ճշգրիտ գնահատելու եւ անոնց հակազդող արդիւնաւէտ միջոցներ ունենալու համար: Հայաստանի քաղաքացիները պէտք է վստահ ըլլան, որ կառավարութիւնը ունի գործիքներ` երկրին ապահովութիւնը լիարժէք ապահովելու համար: Մենք այս պահուն ունինք մարզի արդիւնաւէտ քաղաքականութիւնը մշակելու համար բոլոր անհրաժեշտ միջոցները», ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան: Ըստ վարչապետին, պէտք չէ վախնալ խօսիլ նաեւ թերութիւններու մասին, որովհետեւ անոնք թաքցնելու պարագային խնդիրները միայն կը խորանան:
«Կարեւոր է ախտորոշել գոյութիւն ունեցող խնդիրները եւ հասնիլ արագ ու արդիւնաւէտ լուծումներու: Այս գործին մէջ Անվտանգութեան խորհուրդի դերը չափազանց մեծ է: Կը մաղթեմ յաջողութիւն` գործառոյթներու յաջող իրականացման նպատակով», ըսաւ վարչապետը: