Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Ապագային Նկատմամբ Բոլորս Պարտաւոր Ենք Յոյսով Լի Ըլլալ» Կ՛ըսէ Տարօն Աճեմօղլու

May 21, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիա ծնած աշխարհահռչակ հայազգի տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլու «Ակօս»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատմած է իր եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան եւ Հայաստանի ապագային վերաբերեալ իր պատկերացումներուն մասին:

«Հայաստանի տնտեսութիւնը կաշառքի եւ փտածութեան պատճառով շատ տուժած է: Հայաստանի հասարակութեան ծիրին մէջ եւ դուրսը մեծ յոյս կայ, որ այժմ արդէն կը գտնուինք այս բոլորի յաղթահարման շրջադարձային կէտին վրայ», նշած է Աճեմօղլու:

Հայազգի տնտեսագէտը պատմած է իր ու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին` շեշտելով, որ շատ պիտի ուզեր այցելել Երեւան, սակայն կը դժուարանայ յստակ ժամկէտներ նշել` շարք մը անձնական պատճառներէ մեկնելով:

«Վարչապետը մեծ նրբանկատութիւն դրսեւորելով հեռաձայնեց ինծի եւ հարցուց, թէ արդեօք կ՛ուզե՞մ օգնել իրենց: Իբրեւ այդ երկրի քաղաքացին չեղող մէկը` չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՞ս ու ինչ չափով պիտի կարենամ օգնել, սակայն ըսի, թէ մեծ սիրով ջանքեր պիտի գործադրեմ ատոր համար», պատմած է Աճեմօղլու:

Ըստ անոր, Հայաստանին անհրաժեշտ է բարձր մրցունակութիւն ապահովող եւ առաւել աշխուժ տնտեսութեան ուղին բռնել: Աճեմօղլու ընդգծած է, որ այդպիսի փոփոխութեան ապահովումը կախեալ է նաեւ ինքնին հայաստանեան հասարակութենէն:

«Հայաստանի ապագային նկատմամբ բոլորս պարտաւոր ենք յոյսով լի ըլլալ: Սակայն պէտք է ընդունինք նաեւ, որ փտած ամբողջ համակարգ մը արմատախիլ ընելը ճիշդ պիտի չըլլայ: Ատիկա կարելի պիտի ըլլայ միայն լաւ կրթութիւն ստացած, բազմակողմանի մտածող, գաղափարապաշտ եւ փտածութեան մէջ չթաթխուած մարդոց` քաղաքականութեան մէջ մտնելուն շնորհիւ», նշած է աշխարհահռչակ տնտեսագէտը:

Յիշեցնենք, որ «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթը Տարօն Աճեմօղլուն դասած է աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ մտածողներու շարքին: Անոր «Ինչո՞ւ պետութիւնները կը ձախողին» գիրքը աշխարհի վրայ ամէնէն շատ վաճառուած տնտեսագիտական աշխատութիւններէն մէկն է:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակ. Մշակութային Միացեալ Հրաշալի Հանդիսութիւն

Յաջորդը

Փաշինեան Անվտանգութեան Խորհուրդի Ղեկավար Կազմին Ներկայացուց Խորհուրդի Նոր Նշանակուած Քարտուղարը

RelatedPosts

Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Ներկայացուց ԹՐԻՓՓ-ի  Կարելիութիւնները, Իսկ Արաղչի Կրկնեց  «Երրորդ Կողմ»-ի Մասին Մտահոգութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Ներկայացուց ԹՐԻՓՓ-ի Կարելիութիւնները, Իսկ Արաղչի Կրկնեց «Երրորդ Կողմ»-ի Մասին Մտահոգութիւնը

October 6, 2026
Պաշտօնանկութիւն Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Մէջ` Սիւնիքի Մէջ Ազրպէյճանցի  Զինուորի Ներթափանցումէն Ետք
Հայկական

Պաշտօնանկութիւն Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Մէջ` Սիւնիքի Մէջ Ազրպէյճանցի Զինուորի Ներթափանցումէն Ետք

October 6, 2026
Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.