Իրան դարձած է երկրորդ երկիրը, որ համաձայնագիր կնքած է Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) հետ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման մասին: 2015 թուականին նման համաձայնագիր ստորագրած էին ԵՏՄ-ն եւ Վիեթնամը կը գրէ «Ռուսիա Սեկոտնիա»-ն` անդրադառնալով այն բանին, թէ ի՛նչ պիտի տայ այդ համաձայնագիրը ԵՏՄ-ի երկիրներուն:
Կը նշուի, որ իրանեան բազմաթիւ ապրանքներ մաքսատուրք պիտի չունենան բնաւ: Անոնց շարքին են կիտրոնները, պիստակը, ծովամթերքը, թուզը, դդումն ուձմերուկը, հիւթերը, նոյնպէս գորգերը, ներկերը: Իրանեան խնձորներու, լոլիկներու եւ վարունգներու մաքսատուրքը պիտի նուազի միայն աշնան-ձմրան շրջանին: Հետագային, ըստ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի անձնակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեանի, կողմերը պիտի պայմանաւորուին ազատ առեւտուրի գօտիի պաշտօնական համաձայնագիրին վերաբերեալ:
Արեւելագէտ եւ տնտեսագէտ Սայիտ Քաֆուրով գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին նշած է, որ, քանի որ իրանեան շուկան հետաքրքրուած է գրեթէ ամէն բանով, համաձայնագիրը բացառիկ կարելիութիւններ կը բանայ ռուսական շուկային համար: Ըստ անոր, ռուս սպառողը կրնայ հետաքրքրուած ըլլալ նախ եւ առաջ հիասքանչ միրգերով եւ բանջարեղէնով, սակայն իրանցիները պատրաստ են տրամադրելու արտադրութեան աւելի լայն տեսականի:
Ըստ մասնագէտներուն, ԵՏՄ-ի եւ Իրանի միջեւ ապրանքներու տարանցման հարցին մէջ կարեւոր դեր պիտի կատարէ Հայաստանը: Ըստ Քաֆուրովի, Իրանի տնտեսական կեանքին մէջ բաւական ամուր դիրքեր ունի հայկական սփիւռքը, ատիկա նոյնպէս կը մեծցնէ Երեւանի ներուժը:
Մասնագէտը յայտնեց, որ ԵՏՄ երկիրներու ընկերութիւններուն համար օգուտը կը գերազանցէ հաւանական ամերիկեան պատժամիջոցներէն յառաջացած վնասները:
«Կարելիութիւններու երկրորդ նման պատուհան չ՛ըլլար», պնդած է տնտեսագէտը: