ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Տրամադրութիւնները պիտի լաւանան: Ձեր պատասխանատուութիւնները պիտի դիւրանան: Հաշտութեան գացէք: Զարգացում մը ձեզ կը սպասէ. մի՛ վարանիք, կրկին փորձեցէք` օգտուելով անցեալի ձախողութեան դասերէն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Վիճաբանութենէ հեռու մնացէք: Անձնական կամ ընտանեկան հարցերով պիտի զբաղիք: Այս օրերուն ապահով եւ հանգիստ պիտի զգաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Առիթ պիտի ունենաք յարաբերելու ուրիշներուն հետ եւ արտայայտելու ձեր կարծիքը: Պիտի սկսիք գործադրել ձեր երազած մէկ ծրագիրը: Անցեալի էջերէն մէկը պիտի ծալէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նիւթական հարցով մը պիտի զբաղիք: Մի՛ աճապարէք ծախսելու ձեր դրամները, այլ սերտեցէք մանրամասնութիւնները: Ձեր միտքը պիտի հանգստանայ, եւ տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լաւ շրջան մըն է: Ուրախ լուրով մը կամ հարցի մը լուծումով պիտի ուրախանաք: Բախտը ձեզի պիտի ժպտի: Կանուխ սկսեցէք գործադրել ձեր ծրագիրները` առիթէն օգտուելով: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Տիրող հանդարտութիւնը օգտագործեցէք` լաւապէս տրամադրուելու եւ ներուժով լեցուելու: Նոր բան մի՛ սկսիք, որ յուսախաբ չըլլաք: Այս շրջանին քիչ է ձեր բախտը: Մի՛ յոգնիք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Պայմանագիր մը պիտի ստորագրէք: Յաջողութեամբ լեցուն շրջան մըն է: Ազատութեամբ եւ համարձակութեամբ արտայայտեցէք ձեր կարծիքը: Ընկերներով դուրս եկէք զուարճանալու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մի՛ վախնաք մրցակցութենէ: Յառաջանալու սուղ առիթ մը պիտի ունենաք: Պատրաստ եղէք եւ տուէք ձեր լաւագոյնը: Յառաջանալու եւ զարգանալու յարմար շրջան մըն է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նոր դռներ պիտի բացուին ձեր դիմաց: Կարեւորութիւն կու տաք ձեր միջավայրին եւ կ՛ուրախանաք արձանագրուած արդիւնքներով: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ: Հարցերը իրենց բնականոն ընթացքը պիտի ունենան:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Աճապարեցէք սրբագրելու կացութիւնը: Հետաքրքրուեցէք ուրիշներու կարծիքներով: Յարմարեցէք կացութեան եւ համբերող եղէք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ճակատագրական պահեր պիտի ապրիք: Զանց մի՛ առնէք օրէնքները եւ մի՛ ծաղրէք, որպէսզի դժուարութիւններու չհանդիպիք: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կարեւոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Նոր գործ մը պիտի սկսիք եւ մեծ պատասխանատուութիւն մը պիտի շալկէք: Բարելաւելու համար վիճակը` ձեր առողջութեան հոգ տարէք: