Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայերը Թուրքիոյ Մէջ Վերջապէս Ընկալեցին Իբրեւ Հասարակութեան Մէկ Մասը, Որ Կը Սպասէ Իր Խնդիրներու Լուծման» Կ՛ըսէ Տողան

Մայիս 15, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Սելինա Տողան թրքական «Կազեթէտուվար» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով 24 յունիսին տեղի ունենալիք արտակարգ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն, յայտնած է, որ այդ որոշումը իրենց կուսակցութեան համար անակնկալ չէր, որովհետեւ երկրին մէջ տիրող իրավիճակը ինքնին թելադրած է իրադարձութիւններու այդպիսի զարգացում:

«Վերջին երկու-երեք տարուան ընթացքին եւ գլխաւորաբար երկրին մէջ արտակարգ դրութեան հաստատուելէն ետք, իշխանութիւնը առանց բացառութեան հասարակութեան բոլոր խաւերուն եւ բոլոր քաղաքական ուժերուն դէմ բռնաճնշումներ կիրարկած է: Տեսէք, մարդիկ անգործ մնացին, մարդիկ սոված մնացին, մարդոց իրարու դէմ թշնամացուցին: Տնտեսութեան ծանր վիճակն ալ, ինչպէս գիտէք, դարձեալ արտակարգ դրութեան հետ անմիջական կապ ունի: Օտարերկրացի ներդրողները լքեցին երկիրը, նոյնիսկ մեր մարդիկ լքեցին երկիրը, «ուղեղներու արտահոսք» տեղի ունեցաւ: Հետեւաբար` մենք միշտ ալ ըսած ենք, որ այսպիսի մթնոլորտ մը պիտի չկարենայ երկարաձգուիլ եւ, ի հարկէ, արտակարգ ընտրութիւններու որոշումը անակնկալ չէր, կը սպասէինք», նշած է Տողան:

Հայազգի երեսփոխանը նաեւ անդրադարձած է նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին ընդդիմութեան կազմած դաշինքին, որմէ դուրս մնաց քրտամէտ կուսակցութիւնը:

Ըստ Տողանի, քրտամէտներու դաշինքէն դուրս մնալը երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական կացութեան որոշակի թելադրանք էր, մինչդեռ իրենք կ՛ուզեն քրտամէտ գործիչները տեսնել խորհրդարանին մէջ եւ կողմ են, որպէսզի անոնց առաջադրած նախագահական թեկնածու Սելահաթթին Տեմիրթաշը ազատ արձակուի բանտէն` նախընտրական քարոզարշաւին արդար ու հաւասար պայմաններու մէջ մասնակցելու համար:

Ան վերահաստատած է, որ այս անգամ եւս առաջադրուած է իբրեւ Պոլիսէն երեսփոխանի թեկնածու եւ յոյս ունի շարունակել խորհրդարանին մէջ իր աշխատանքը:

«Մեզի բաժին հասաւ երեսփոխան դառնալ Թուրքիոյ մէջ շատ ճգնաժամային շրջանի մէջ, կ՛երեւի թէ երեսփոխան ըլլալու համար ամէնէն վատ շրջանն էր: Կը դժուարանամ հաշուել, թէ որքան կոտորածներ կատարուեցան երկրին մէջ այս ընթացքին, հարաւ-արեւելքին մէջ, Սուրի մէջ, Ճիզրէի մէջ, բախումներու ամէնէն սուր շրջանն էր, յեղաշրջման փորձի ժամանակ խորհրդարանին մէջ մեր գլխուն վերեւ ռմբակոծումէ վերապրեցանք, եւ արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ իսկապէս «արտակարգ» երեսփոխանութիւն ստիպուած եղանք ընել: Հետեւաբար` բոլորիս մօտ կայ այն զգացումը, որ մինչեւ վերջ չենք կրնար աւարտին հասցնել մեր պարտքը, այն ամէնը, ինչ որ կ՛ուզէինք ընել», նշած է ան` շեշտելով, որ իր երեսփոխանութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց երկրին մէջ` իբրեւ հանրապետութեան շրջանին խորհրդարանին մէջ առաջին հայ կին երեսփոխանի ընտրութիւն:

«Կրնամ հաստատել, որ հայերը Թուրքիոյ քաղաքական դաշտին մէջ իբրեւ բազմազգ խճանկարի մէկ «գոյն» ներկայացուելէ զատ սկսան վերջապէս ընկալուիլ իբրեւ հասարակութեան մէկ մասը, որ ունի իր խնդիրներն ու կը սպասէ անոնց լուծման: Այս ընտրութեան արդիւնքները, ինչ ալ ըլլան, կ՛ակնկալեմ, որ պիտի նպաստեն Թուրքիոյ ընդհանուր վիճակի բարելաւման», եզրափակած է Տողան:

Նախորդը

Հարիրի. «Ամերիկեան Դեսպանատունը Երուսաղէմ Փոխադրելով Շրջանին Մէջ Ապահովութիւն Պարտադրելու Ընթացքը Անելի Կը Մատնուի»

Յաջորդը

Սոչիի Մէջ Փութինի Հետ Հանդիպման Ընթացքին. «Մենք Նոր Խթան Պիտի Հաղորդենք Ռուս-Հայկական Յարաբերութիւններուն» Շեշտեց Վարչապետ Փաշինեան

RelatedPosts

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Շարունակենք Լռել
Հայկական

Թրամփ Դարձեալ Խօսած Է Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումի Մասին

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?