ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր նկարագիրը երբեմն ձեզի չ՛արտօներ, որ յարաբերիք ձեր շրջապատին հետ: Ձեզի կը թելադրուի ըլլալ առաւել դիւանագէտ: Մի՛ մեկուսանաք, եղէք ընկերային:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Յոգնածութեան մէկ նշանը լուրջի առէք: Ուշադրութեամբ հետեւեցէք ձեր ֆիզիքական առողջութեան: Փոքր նկատուած անհանգստութեան մը առաջքը առէք անմիջապէս:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բացայայտեցէք ձեր սիրային զգացումները: Զարգացուցէք այս առնչութեամբ ձեր ունեցած յարաբերութիւնը: Պաղ վերաբերում մի՛ ունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի գտնուիք դժուար շրջանի մը մէջ, որ կը վերաբերի յարաբերական տեսակէտի մը: Յստակացուցէք ձեր կեցուածքը` առանց կասկածամտութեան:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր առաջարկները խիստ կամ անհասկնալի թող չըլլան: Ձեր դիրքը մեղմացուցէք, որպէսզի օրը անցնի հաճելի եւ օգտաշատ: Լաւատես եղէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր մեծաւորին, տնօրէնին կամ վարպետին դիմաց դուք ձեզ մի՛ նուաստացնէք: Անոնք ձեզմէ կը սպասեն աւելի յստակ կեցուածք: Պէտք է հասկնաք այս կարեւոր կէտը եւ ըստ այնմ արտայայտուիք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Քիչ մը աւելի պճնասիրութիւն եւ ինքնայարդարում աւելի օգտակար պիտի ըլլայ ձեզի, որպէսզի աւելի արժեւորուած ըլլաք ուրիշներու դիմաց:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Առանց արգելք մը ունենալու` յոռետեսութեամբ կը մօտենաք հարցերուն: Մինչդեռ պէտք է մէկ կողմ դնէք կասկածը եւ մտածէք յառաջդիմելու մասին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր միտքերը կամ գաղափարները յաճախ կը փոխէք ընկերային ձեր կեանքին մէջ: Փոփոխամիտ ըլլալը լաւ տպաւորութիւն չի ձգեր, դժգոհ կը ձգէք ձեր շրջապատը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Այսօր ձեր գործերը քիչ մը ձախող կրնան ըլլալ, բայց կացութիւնը շուտով պիտի բարելաւուի: Յուսահատելու ոչինչ կայ: Մնացէք ինքնավստահ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ճամբորդութիւն մը ձեզ դժգոհ պիտի ձգէ, պիտի չհաւնիք ձեր գացած տեղը: Փորձեցէք համակերպիլ ժամանակաւոր կերպով եւ կը փրկուիք դժգոհութենէ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ժամանակը յարմար չէ աւելորդ ծախսեր կատարելու: Վաճառատուներու դիմաց շատ մի՛ դեգերիք: Գնեցէք միայն անհրաժեշտ պիտոյքներ: Խնայասէր եղէք: