Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբավարին Խօսքը. Հինգ Առիթ` Մէկ Ցաւ

May 12, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող մայիսին Համազգայինի «ԿԱՐԿԱՉ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբը, նշելով իր հիմնադրութեան եւ գործունէութեան  20 -ամեակը, լիբանանահայ երաժշտութեան պատմութեան յանձնեց իր ձեռքբերումները:

Նոր փուլ մը սկսաւ անցնող դեկտեմբերին, երբ «Պէյրութ չանթս» փառատօնի 10-ամեակի առիթով, «ԿԱՐԿԱՉ» առաջին անգամ ըլլալով կատարեց յատկապէս իր պատուէրով ստեղծուած, հայրենի երաժշտահան Արմենուհի Կարապետեանի Սուրբ Ծննդեան նուիրուած «Խորհուրդ Սուրբ Ծննդեան» օրաթորիան:

Իսկ ահաւասիկ այսօր հինգ նուիրական ու հպարտալի առիթներու ձօնուած երգացանկով մը կրկին բեմ կը բարձրանանք:

Քաղաքամայր Երեւանի 2800-ամեակին,  Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան100-ամեակին, Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին, «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 35-ամեակին եւ արցախեան պահանջատիրութեան  35-ամեակին նուիրուած հին ու նոր երգերով այս համերգը կարկաչականները պատրաստեցին մեծ սիրով ու ոգեւորութեամբ:

Անոնք բարեբախտաբար դեռ փոքր են ու չեն գիտակցիր, որ մինչ լիբանանեան տեղական երգչախմբային կեանքը կ՛ապրին որակական եւ քանակական նոր ծաղկում, լիբանանահայ բազմաձայն երգչախմբային արուեստի նկատմամբ երբեմնի հետաքրքրութիւնը, նախանձախնդրութիւնը  եւ որակային արժեւորումի  կարողականութիւնը կ՛ապրին խոր անկում ու ճգնաժամ:

Հետզհետէ կը պակսին մեր երգչախումբերը, արհեստավարժ խմբավարները, երգչախումբերու  մէջ երգելու ցանկութիւն ունեցողները, երգչախմբային կեանքի կազմակերպումին նուիրուած յանձնառու կամաւորները, երգչախմբային որակ գնահատելու ատակ մշակուած ունկնդիրները:

Բազմաձայն երգչախմբային արուեստը Լիբանանի մէջ ստեղծողն ու տարածողը լիբանանահայերը եղած են: Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին  բազմաձայն երգչախումբը ստեղծած է Յակոբ Ուվազեանը, 1932-ին: Առաջին եւրոպական դասական ստեղծագործութիւնները Լիբանանի մէջ կատարուած են Տիգրան Քասունիին խմբավարութեամբ: Առաջին արաբական ժողովրդական երգերու մշակողն ու բազմաձայնողը Բարսեղ Կանաչեանն է, 1936-ին: Եւ դեռ ինչպէս` չյիշատակել լիբանանահայ թէ առհասարակ լիբանանեան խմբերգային արուեստի միւս ռահվիրանները` Համբարձում Պէրպէրեանը, Էմանուէլ Էլմաճեանը, Աշոտ Պատմագրեանը, որոնք յետեղեռնեան օրերուն իսկ ստեղծեցին ոչ միայն հայկական երգչախմբային արուեստ, այլեւ ամբողջ Լիբանանի մէջ եղան այդ արուեստի ցուցանիշներ: Այս բոլորը, սակայն, անցեալին կը պատկանին: Իսկ մենք կ՛ապրինք դժուարին ներկան` յաւակնելով կերտել «պայծառ ապագան»:

Այս առաքելութիւնը միայն մարտնչող  խմբավարներուն մենաշնորհն ու պատասխանատուութիւնը չէ՛, այլ պատկան մարմիններու, վարչական կառոյցներու, գիտակից բարերարներու, սրտցաւ մտաւորականներու եւ երաժշտասէր անհատներու հաւաքական քննարկումին, ջանադրութեան ու ձեռնհաս գործունէութեան արդիւնքը պէտք է ըլլայ:

Ձեր`
Պարոն Զաքար

 

Նախորդը

Եղիշէ Չարենցը Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը

Յաջորդը

Թուրք Յօդուածագրի Անդրադարձը` Հազար Ու Մի Եկեղեցիների Մայրաքաղաք Անիին Նուիրուած Ցուցահանդէսին

RelatedPosts

Սուրիահայութիւնը Իրաւասահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ` Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն
Անդրադարձ

Սուրիահայութիւնը Իրաւասահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ` Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն

January 21, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Միջազգային Իրաւունքի Մահը

January 21, 2026
Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ
Անդրադարձ

Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.