ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Անկախ Հայաստանի Խորհուրդին Երկրորդ Նիստը Եւ Կառավարութեան Յայտարարութիւնը (1):
Վրացեան կը շարունակէ. «Հայաստանի խորհուրդին երկրորդ նիստին` օգոստոս 3-ին (1918) վարչապետ Քաջազնունին կարդաց կառավարութեան յայտարարութիւնը.
«Բացառիկ ծանր պայմաններու մէջ գործի անցած է իմ կազմած կառավարութիւնս: Ան կոչուած է գործադիր իշխանութիւն իրականացնելու պետութեան մը մէջ, որ նոր ծնունդ առած է եւ տակաւին դուրս չէ եկած իր կազմակերպումի առաջին շրջանէն: Կառավարութիւնը ո՛չ մէկ յենարան ունի անցեալէն. ան չի յաջորդեր նախկին կառավարութեան` շարունակելու արդէն ընթացքի դրուած աշխատանքը. ան նոյնիսկ չի ժառանգեր կեդրոնական իշխանութեան կարիքներուն յարմարեցուած պատրաստի օրկաններ` գործիքներ: Ան հարկադրուած է ամէն բան սկիզբէն (զերոյէն) սկսելու. անձեւ քաոսի եւ աւերակներու կոյտէն ան պէտք է ստեղծէ կենսունակ եւ աշխատունակ մարմին մը:

Միւս կողմէ` կառավարութիւնը երկիրը կը գտնէ այնպիսի վիճակի մը մէջ, որ կը բնորոշուի մէկ բառով միայն` կատաստրոֆիկ (աղէտալի):
Չորս տարի տեւող պատերազմը (տակաւին չաւարտած Ա. Աշխարհամարտը), մեծ յեղափոխութիւնը (ռուսական), ռուսական զօրքերու մեր սահմաններէն անկանոն նահանջը, կայսրութեան (որուն մէջ էին Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանները) տարրալուծումը, պատերազմական ճակատին վրայ մեր կրած պարտութիւնները, երկրամասերու կորուստը, Անդրկովկասի բաժանումը` անջատ պետութիւններու, այս խորին ցնցումները չէին կրնար չթողուլ ահռելի հետեւանքներ,
– Տնտեսական կեանքի ու ելեւմտական դրութեան կատարեալ քայքայում,
– Ապրանքներու արդիւնաբերութեան եւ փոխանակութեան դադրեցում,
– Զինամթերքի ծայր աստիճան պակասութիւն,
– Ամենաանհրաժեշտ առարկաներու բացակայութիւն կամ սոսկալի թանկութիւն,
– Ներածումի բացարձակ ընդհատում,
– Երկաթուղային հաղորդակցութեան դադարում,
– Երթեւեկութեան այլ միջոցներու պակասութիւն,
– Ապա հարիւր հազարներով հաշուող անտուն եւ անսնունդ գաղթականութիւն,
– Սահմաններուն վրայ անապահով կացութիւն:
– Եւ իբրեւ հետեւանք այս բոլորին` անիշխանութիւն:
Ահա թէ ինչպիսի՛ ծանր պայմաններու մէջ իմ կառավարութիւնս աշխատանքի կանչուած է:
Այս բացառիկ դրութիւնը արդէն կը նախորոշէ կառավարութեան բնոյթը: Ան չի կրնար ձգտիլ բազմակողմանի ու լրիւ գործունէութեան, չի կրնար լայն ծրագիր ունենալ եւ պիտի սահմանափակուի ամենաանհրաժեշտ ու միանգամայն անյետաձգելի խնդիրներով:
Կասեցնել քայքայման ընթացքը, երկիրը անիշխանութեան վիճակէն հանել ու պետական շինարարութեան համար պայմաններ ստեղծել: Ահա թէ ինչպէս` ներկայ կառավարութիւնը կ՛ըմբռնէ իր կոչումը:
Ուստի, կառավարութիւնը պէտք է լուծէ հետեւեալ խնդիրները.
Ա. Ներքին գործերու բնագաւառին մէջ`
1.- Երկրին մէջ տարրական իրաւակարգ հաստատել, կեանքի եւ գոյքի ապահովութիւն,
2.- Բանալ հաղորդակցութեան ճանապարհները անարգել երթեւեկութեան համար,
3.- Վերականգնել թղթատարական-հեռագրական բնականոն հաղորդակցութիւն` թէ՛ երկրին մէջ եւ թէ՛ հարեւան պետութիւններուն հետ:
4.- Պարէնաւորման տագնապը կարելւոյն չափ մեղմացնելու համար եռանդուն միջոցներու դիմել,
5.- Գաղթականներուն եւ տեղահանուածներուն վիճակը տնօրինել, մասամբ (զանոնք) վերադարձնել իրենց տեղերը, մասամբ տեղաւորել նոր վայրերու մէջ,
6.- Կարելի եղածին չափ շուտ, նախապատրաստել Հայաստանի Սահմանադիր ժողովին նիստը:
Բ. Տնտեսական բնագաւառին մէջ`
Սեփական դրամական դրութեան հիմքը հաստատելու ենթահող պատրաստել: Անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկել, որպէսզի երկիրը ապահովուի դրամանիշներով, վերականգնի արդիւնաբերական կեանքը եւ ապրանքներու փոխանակութիւնը, ինչպէս նաեւ մշակուի հարկերու առողջ դրութիւն:

Գ. Արդարադատութեան բնագաւառին մէջ`
Յարմարեցնել դատարանը երկրի քաղաքացիական իրաւահասկացման եւ իրաւական սովորոյթներու պայմաններուն` միաժամանակ մասնակից դարձնելով ժողովուրդին ներկայացուցիչները քրէական դատավարութեան:
Դ. Զինուորական գործերու բնագաւառին մէջ`
Վերակազմել երկրին զինուորական ուժերը` նպատակ ունենալով ստեղծել թիւով ոչ մեծ, սակայն ոգիով ու կարգապահութեամբ ուժեղ բանակ:
Ե. Արտաքին գործերու բնագաւառին մէջ`
- Ամրացնել օսմանեան կառավարութեան հետ հաշտութիւնը եւ բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատել անոր հետ: Խստիւ կատարել այն բոլոր պարտականութիւնները, որ մենք յանձն առած ենք օսմանեան կայսրութեան հանդէպ ու հետեւիլ, որ օսմանեան կառավարութիւնը մեր վերաբերմամբ նոյնը կատարէ: Մասնաւորապէս լուծել օսմանեան զօրքերուն մեր երկրէն դուրս բերելու հարցը եւ գաղթականներուն վերադարձը,
- Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ փոխադարձ համաձայնութեան գալով` լուծել Հայաստանի եւ այլ պետութիւններու սահմաններուն հարցը` հիմք ունենալով ազգագրական սկզբունքը` իբրեւ միակը, որ կը համապատասխանէ ժողովրդավար պետութիւններու ոգիին եւ նպատակներուն,
- Համաձայնելով Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ, ընդհանուր հիմնարկութիւնները եւ գոյքը, որոնք մնացած են Անդրկովկասեան հանրապետութենէն` հաշուեյարդարի ենթարկել :
Այս է կառավարութեան ծրագիրը: Այս կարելի է անուանել պետութեան գոյութիւնը ապահովող ամենաանհրաժեշտ գրաւականներու ծրագիրը: Պարզ է, որ այն չ՛ընդգրկեր երկրի բազմազան կարիքները իրենց ամբողջութեամբ, որ` անոր սահմաններէն դուրս կը մնան շարք մը կարեւոր եւ արդէն հասունացած խնդիրներ: Բայց կառավարութիւնը հերթի մէջ չի դներ այդ խնդիրները, որովհետեւ այսօրուան պայմաններուն մէջ անոնց լուծումը անկարելի կը համարէ:
Կառավարութիւնը չ՛ուզեր սխալներու մէջ նետել երկիրը` լայն հեռանկարներով եւ անիրագործելի խոստումներով, չ՛ուզեր պարտականութիւններ վերցնել, որոնց կատարումը իր ուժերէն վեր է: Կառավարութիւնը համոզուած է, որ իր առաջադրած ծրագիրը այսօրուան հնարաւորութեան առաւելագոյնն է: Կառավարութիւնը պիտի լարէ իր ամբողջ ուժն ու կարողութիւնը` այդ առաւելագոյնին հասցնելու եւ յոյս ունի յաջողութեամբ լուծելու դրուած խնդիրներուն գոնէ մէկ մասը, եթէ իր կողմն ունենայ խորհուրդի անվերապահ վստահութիւնն ու գործօն աջակցութիւնը»:
«Քաջազնունիի յայտարարութենէն ետք, անմիջապէս խօսք առաւ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Սմբատ Խաչատրեանը, որ, ընդհանուր առմամբ, կառավարութեան ծրագիրը գտաւ ընդունելի եւ խոստացաւ իր կուսակցութեան վստահութիւնը:
«Երկրորդ ճառախօսը` սոցիալ-յեղափոխական Ա. (Արշամ) Խոնդկարեանը, կառավարութեան յայտարարութիւնը գտաւ ընդհանուր եւ անբովանդակ, անհամապատասխան անդրանիկ կառավարութեան կոչումին. «Վարչապետը ոչինչ ըսաւ կառավարական դրութեան եւ քաղաքացիական ազատութիւններուն մասին»-ըսաւ ան եւ առանձնապէս խիստ քննադատեց յայտագրին արտաքին քաղաքականութեան բաժինը` զարմանք յայտնելով, որ անոր մէջ ոչ մէկ խօսք կայ Ռուսիոյ մասին: Եւ եզրափակեց, որ կառավարական յայտագիրը սոցիալ-յեղափոխականները չի գոհացներ, ուստի անոնք որոշած են սպասել գործի:
«Ընդհակառակը, Հայ ժողովրդական կուսակցութեան կողմէ գրաւոր ճառ կարդաց Ա. (Արշալոյս) Մխիթարեանը, որ կը գտնէր կառավարական համեստ ծրագիրը միանգամայն գոհացուցիչ: Աւելի՛ն. տիրող պայմաններուն մէջ կարելի չէր (աւելին) պահանջել:
«Ծրագրէն գոհ էին մահմետականներու ներկայացուցիչն ու ռուս պատգամաւոր Ա. (Իվա՞ն) Զորինը: Վերջինս, սակայն, անհրաժեշտ կը գտնէր աւելի սերտ գործակցութիւն յառաջացնել ռուսերուն հետ:
«Սոցիալ-դեմոկրատներուն կողմէ խօսք առին երկու հոգի` մենշեւիկ Հ. (Հայկ) Ազատեանը եւ պոլշեւիկ Ա. (Արշաւիր) Մելիքեանը: Երկուքն ալ դէմ արտայայտուեցան Հայաստանի անկախութեան եւ կառավարական ծրագիրին: (Ծանօթութիւն բաժինին մէջ Վրացեան կ՛աւելցնէ. Այստեղ պէտք է յիշել, որ սոցիալ-դեմոկրատ պատգամաւորները Հայաստանի խորհուրդի անդամ նշանակուած էին տակաւին համառուսական անունը պահող, բայց փաստօրէն վրաց Սոցիալ-դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ. Հայկ Ազատեանի լիազօրագիրը ստորագրած էր Նոյ Ռամիշվիլին: Սոցիալ-յեղափոխական պատգամաւորները նշանակուած էին իրենց կուսակցութեան անդրկովկասեան կազմակերպութեան կողմէ»):
«Օգոստոս 6-ի (յաջորդ) նիստին (վարչապետ) Քաջազնունին պատասխանեց եղած քննադատութիւններուն: Ան յայտնեց, որ ինք գիտակցաբար խուսափած է լայն ու անիրագործելի խոստումներէն եւ կառավարութեան ծրագիրին մէջ դրած է միայն օրուան հրատապ կարեւորութիւն ունեցող հարցեր: Իր քաղաքականութեան հիմքը պիտի կազմեն քաղաքացիական ազատութիւններն ու ժողովրդավարական սկզբունքները: Արտաքին քաղաքականութեան պարագային, պիտի մնայ Պաթումի դաշնագրի տեսակէտին վրայ եւ պիտի չթոյլատրէ անկէ մազ մը իսկ շեղում: Ապա իբրեւ եզրափակում` վստահութեան պահանջ դրաւ:
«Այդ պահանջին ընդառաջեցին միայն ՀՅԴ-ան եւ մահմետականները. միւս պատգամաւորները դէմ եղան: Այսպիսով, դեռ գործի չսկսած` կառավարական տագնապ ծագեցաւ:
«Փափուկ կացութենէն դուրս գալու համար ընդմիջում յայտարարուեցաւ, որմէ ետք ժողովրդականներուն մէկ մասն ալ միացաւ դաշնակցականներուն բանաձեւին, եւ կառավարութիւնը ստացաւ վստահութեան քուէ: Յօգուտ կառավարութեան քուէարկեցին (18) դաշնակցականները, 4 ժողովրդականներ, (վեց) մահմետական եւ (մէկ) ռուս պատգամաւորները. ձեռնպահ մնացին 5 սոցիալ-դեմոկրատ, 3 սոցիալ-յեղափոխական, 2 ժողովրդական եւ 1 անկուսակցական` Պետրոս Զաքարեանը, որ հետագային, գրեթէ միշտ, ընթացաւ սոցիալ-դեմոկրատներուն հետ միասին:
«Այսպիսով, իր կեանքի առաջին օրէն իսկ Հայաստանի խորհուրդը վերածուեցաւ ներքին շաղախէ զուրկ, ամուր մեծամասնութիւն չունեցող, հակամարտութիւններով եւ անակնկալներով հարուստ մարմինի մը: Անոր այս հիւանդութիւնը բնածին էր, եւ մինչեւ վերջ կարելի չեղաւ դարմանել»:
30 Մարտ 2018
(Շար 7 եւ վերջ)
——————————————
(1) «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», «Առաջին Քայլեր» գլուխ, էջ 181-190: