ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Դժուար շրջան մը կ՛ապրիք: Պէտք է նկատի առնէք բոլոր պայմանները, որ սխալներ չգործէք: Օրէնքները զանց մի՛ ընէք: Մթնոլորտը ճնշող է, բայց կարեւոր ժամադրութիւն մը պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Այս օրերը ձեզի հաշտուելու առիթ կը բերեն: Մինակ մի՛ մնաք, այլ գործակցեցէք ուրիշներուն հետ` ձեր գործերու յաջողութեան համար: Կը փափաքիք հանգիստ զբօսնել: Պիտի քաջալերուիք եւ մաս պիտի կազմէք ակումբի մը կամ հաստատութեան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Դանդաղ շրջան մըն է: Պիտի նեղանաք, որովհետեւ ձեր ընկերներէն մէկը պիտի լքէ ձեզի, եւ դուք յուսախաբութիւն պիտի ապրիք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է: Մինակ մի՛ մնաք եւ մի՛ արգիլէք, որ մարդիկ ձեզ ծանօթանալու համար ձեզի մօտենան:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Նոր դռներ պիտի բացուին: Ձեր շրջապատին նկատմամբ հոգածութիւն պիտի ցուցաբերէք եւ պիտի ուրախանաք իրականացած արդիւնքներէն: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Վճռական որոշումներ տալու ընթացքին առարկայական եղէք: Տագնապալի շրջան մըն է, բայց ոչ` բացասական: Կարեւոր ծրագիր մը կամ պայմանագիր մը պիտի քննարկէք: Ճնշումներուն դիմաց մի՛ տկարանաք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Լաւ նշաններ պիտի ստանաք: Ձեր կղզիացած վիճակէն դուրս պիտի գաք եւ հանգիստ պիտի զգաք ձեր հարազատներուն եւ ընկերներուն հետ: Ձեր գործերը պիտի ծաղկին:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Յարաբերաբար պայմանները դրապէս պիտի փոխուին: Յաջողութիւն պիտի արձանագրէք: Ուրախ կ՛երեւիք եւ կարեւոր քայլեր պիտի առնէք: Բոլոր առիթներէն օգտուեցէք ամբողջացնելու համար ձեր աշխատանքները եւ` սխալները սրբագրելու:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Արժէքաւոր առիթ մը պիտի ստանաք յաջողութիւն արձանագրելու համար. մի՛ կորսնցնէք, այլ ճիգ թափեցէք զայն ստանալու: Նոր փորձառութիւն մը պիտի ունենաք: Մթնոլորտը դրական է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Իրար մի՛ անցնիք, նոյնիսկ եթէ յոգնութիւն զգաք: Մթնոլորտը ճնշող է: Ձեր բնաւորութիւնը փոփոխական է: Աւելի լաւ է, որ հարցերը լուծէք առանց ազդուելու մթնոլորտէն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Դժուար շրջան մը կ՛ապրիք: Ձեր հակառակորդը թշնամական դիրք որդեգրած է: Հեռու մնացէք վիճաբանութիւններէ: Դիւանագէտ եղէք եւ մի՛ շրջանցէք օրէնքները: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Աճապարեցէք հանդարտեցնել միտքերը եւ դասաւորել կացութիւնը: Պիտի հրաժարիք պահանջէ կամ քայլէ մը: Առանց դանդաղելու` կացութիւնը շտկեցէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Լաւագոյն վայրկեանները կ՛ապրիք: Յարմար ժամանակ է ճամբորդելու: Ամսուան ամէնէն բախտաւոր օրերէն մէկն է: Կարեւոր հանդիպում մը պիտի ունենաք: