Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Կը Ներկայացնէ Արա Արծրունիի «Կոնտոլեզիա` Իմ Սէր» Բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի

Մայիս 10, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Երբ թատերագիրը կը ստեղծագործէ, իր ներաշխարհին վրայ արտաքին աշխարհին ձգած ազդեցութիւնը կ՛արտացոլայ իր գործերուն մէջ, իսկ երբ բեմադրիչը կ՛ընտրէ տուեալ գործը, բեմադրիչին ներաշխարհը կը շաղախուի թատերագիրին ներաշխարհին հետ, կը բեմականացնէ այդ մէկը, դերասաններուն միջոցով կը փոխանցէ հանրութեան ու, վերջապէս, դերասաններուն ու հանրութեան միջեւ ստեղծուած յարաբերութիւնը կը դառնայ «թատրոն»: Ի վերջոյ, «թատրոնը կեանք է, կեանքը` թատրոն»: Եւ ուրեմն, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ, կը ներկայացնէ Արա Արծրունիի «Կոնտոլեզիա` իմ սէր» թատրերգութիւնը, մայիս 10, 11 (կալա), 12 եւ 13¬-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Այս առիթով կարճ զրոյց մը ունեցանք Յակոբ Տէր Ղուկասեանին հետ: »

Ինչո՞ւ այս թատրերգութիւնը

«Երբ այս թատերախաղը ընտրեցի, նկատի ունէի լիբանանեան քաղաքական իրավիճակը. երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենային, եւ ես նկատի առած էի բեմ բարձրանալ Մայիս 6-ի շաբաթը: Այդ կրնար ամէնէն լաւ ձեւով մեկնաբանել այս թատրերգութիւնը: Նիւթը կը խօսի ծերակուտականի մը ընտրութեան մասին, թէ ինչպէ՛ս քաղաքին ղեկավար Շէֆը կ՛ուզէ իշխանութեան գլուխ մնալ եւ ծաւալել իր ուժը, հետեւաբար կը դիմէ լծակներու ու մանկլաւիկներու, միւս կողմէն կու գայ այլ անձ մը` Հանիպալը, որ կ՛ուզէ տապալել այս վարչակարգը, սակայն ինքզինք կը գտնէ կացութեան մը մէջ, երբ ստիպուած կ՛ըլլայ ինք եւս դիմելու լծակներու, այս պարագային` դաւադրութիւն մը սարքելու: Հոս երեւան կ՛ելլէ անհատի մը իշխանութեան հասնելու համար եւ կամ իշխանութեան գլուխը մնալու համար ուժի շահագործումը: Դժբախտաբար, ընդհանրապէս, անշուշտ` բացառութիւնները յարգելով, երբ անհատը «նստի Աթոռին վրայ», անպայման «որդը մէջը կը մտնէ»: «Կոնտոլեզիա` իմ սէր»-ին մէջ նոյնիսկ Հանիպալը, որ մաքրամաքուր սիրտ ունէր ու կ՛երազէր ցնորական քաղաք մը ստեղծել, Աթոռ-ին հասնելու համար կը ստիպուի դիմել նոյն քաղաքական խաղերուն: Անոր սէրը կը դառնայ փառամոլութեան ու իշխանութեան սէր: Երկար վերիվայրումներէ ետք, սակայն, ան ատոր գինը կը վճարէ ու կը զոհուի` այդպիսով մաքրելով ինքնիր վրայ  բերած ցեխը»:

«Նոյնն է պարագան պարզ կեանքին մէջ: Շատեր, որոնք կան կ՛ուզեն ներկայ անարդար կացութիւնը փոխել, եւ անոնք կը միանան որեւէ շարժումի, որ պատրաստ է փոփոխութիւն բերելու: Երբ այդ շարժումը կարողանայ տապալել վարչակազմը, սակայն չկարենայ նոր ծրագիրներով լաւը հրամցնել ու բարելաւել` ինք կը դառնայ նոյն ճնշող վարչակարգը ու նորէն կը սկսի շարժում մը: Ասիկա կեանքին բնական ընթացքն է»:

«Ի վերջոյ, բոլոր շարժումները իրենց զոհերը ունին: Մէկը գինը պիտի վճարէ, իսկ այն շարժումը, որ յստակ ծրագիր չունի, չի կրնար բարելաւել, որեւէ բան: Յեղափոխութիւնը ոչ միայն վարչակարգը, տապալելն է, այլ ատկէ ետք ծրագիրով հանդէս գալն է»:

Ի՞նչ ընթացք ունեցաւ այս թատերախաղին բեմականացումը:

«Ուրախ եմ, որ կրնամ գտնել հայ հեղինակներ, որոնց գործերը աշխարհիս հետ առնչուած են, ու իմ գաղափարներս կրնամ անոնց միջոցով արտայայտել: Արա Արծրունիին այս թատրոնը բեմականացնելու ընթացքը հետաքրքրական էր եւ տեղի ունեցաւ հեղինակին հետ յաճախ հանդիպելով, նիւթը արծարծելով ու գաղափարներ փոխանակելով: Արա Արծրունին բնաւ առարկութիւն չունեցաւ բեմադրութեանս, սակայն բնականաբար բնագիրին մէջ որեւէ փոփոխութեան համար ուզեց անպայման տալ իր հաւանութիւնը: Կը կարծեմ, որ Արա Արծրունիին համար քիչ մը տարօրինակ պիտի ըլլայ իմ ոճովս տեսնել թատրոնը, բայց կը հաւատամ, որ կրցայ փոխանցել թէ՛ իր, թէ՛ալ իմ ուզածս»:

«Ըսեմ, որ Արա Արծրունին իր յատուկ ոճը ունի, որ քիչ մը դժուար է բեմադրել: Ինծի համար առաջին ընթերցումէն յստակ էր, որ լուրջ հոգեբանական կշիռ ունեցող բեմադրութիւն մը պիտի չընէի, այլ աւելի թեթեւ` երգիծական (burlesque, clownesque) ու պատգամները այդպէս թեթեւ ձեւով անցնէին, պրեսչեան ոճով (brechtian techniques)»:

«Նաեւ տեսարանները մտածած էի պարզ ձեւով ներկայացնել` միայն մէկ աթոռ բեմին վրայ. սակայն յետոյ  քանի մը տարր եւս աւելցուցի»:

Դերասանական կազմ

«Բաւական երկար մտածեցի դերասաններուս մասին: Կին կերպար գտնելու դժուարութիւն ունենալէ ետք հասկցայ, որ միակ կին կերպարս` Եւան, իմ նախկին դերասանուհիներէս Արփի Սողոմոնեանը պիտի ըլլար: Այս իմաստով, թատերախումբին վարչութիւնը Արփի Սողոմոնեանը սիրայօժար Քանատայէն Լիբանան հրաւիրեց: Ըսեմ, որ վարչութիւնը նաեւ պատրաստակամ էր Հայաստանէն դերասանուհի հրաւիրել հակառակ պարագային: Մնացեալ կազմն ալ հոյակապ աշխատանք կը տանի, անշուշտ այդ մէկը հանդիսատեսը ինքը պիտի ըսէ, երբ բեմ բարձրանանք. Ժանօ Պեքերէճեան Շէֆի, Զաւէն Պաաքլինի Ծերունիի, Խաչիկ Հրակ Տեմիրճեան Հանիպալ Արիստոտելի, Հրայր Գալեմքերեան Էտի հետախոյզի, Նժդեհ Մկրտիչեան Տիտիի, Էթիէն Սէօքիւնեան Ճղճիմ մարդու, Յովսէփ Գափլանեան, Մանուէլ Թոքմաքճեան եւ Կարօ Փանողլեան պահակներու դերերով, ինչպէս նաեւ Ծովիկ Թորիկեան խօսնակուհիի ձայնով եւ Կարօ Քիրիաքօ` անծանօթի բամբ ձայնով»:

Նշենք, որ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ, «Կոնտոլեզիա` իմ սէր» եւ ամիսներ առաջ բեմ բարձրացած, Սուրէն Խտըշեանին բեմադրութեամբ, «Ժողովուրդի թշնամին» մայիս 22-ին պիտի ներկայացուին Հայաստանի` Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ:

 

 

Նախորդը

Արա Արծրունին` Անհեթեթի Եւ Այլաբանութեան Ուղիներով…

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Հարցազրոյց

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Ապրիլ 18, 2025
Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները
Հարցազրոյց

Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները

Մարտ 18, 2025
Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Հարցազրոյց

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան

Յունուար 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?