Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Անջրպետի հետախուզութեան պատմութեան սկիզբէն ի վեր աւելի քան 40 «արշաւանքներ» կատարուած են դէպի Հրատ մոլորակ: Այժմ մարդ արարածն է, որ կ՛ուզէր երթալ Կարմիր մոլորակ…
Երբէն ի վեր մարդ արարածը կը հաւատայ Հրատի բնակիչներու գոյութեան: Հաւանաբար գաղափարը միշտ մարդուն մտքին մէջ եղած է, որովհետեւ Հրատը պարզ աչքով տեսանելի մոլորակ մըն է: Շատ կանուխ ժամանակներուն յոյները եւ եգիպտացիները նշմարած են, որ Հրատը կը տեղափոխուէր երկնքին մէջ: Մոլորակին շարժումը անոնց մտածել պիտի տայ: Նշանաւոր գիտնականներ տարբեր ենթադրութիւններ առաջարկած են. Փթալեմէ 2-րդ դարուն, Կոպեռնիկոս 16-րդ դարուն, եւ վերջապէս` Քեփլեր` 17-րդ դարուն:
***
Սակայն արդեօ՞ք կարելի է ապրիլ Կարմիր մոլորակին վրայ: Գիտնականները լրջօրէն կը մտածեն այս հաւանականութեան մասին, մանաւանդ որ այժմ անոնք իրենց տրամադրութեան տակ ունին գիտական յառաջդիմած գործիքներ, որոնք անոնց կարելիութիւնը կու տան աւելի մօտէն ուսումնասիրելու մոլորակը եւ գտնելու սառոյցով ծածկուած անոր բեւեռային շրջանները: Ասիկա շատ կարեւոր կէտ մըն է, որովհետեւ սառոյցի առկայութիւնը կ՛ենթադրէ ջուրի առկայութիւն, իսկ ջուրի առկայութիւնը` կեանք եւ, հետեւաբար, Հրատի բնակիչ:
***
Ամերիկացի շատ հարուստ առեւտրական մը` Փերսիվալ Լոուէլ (1855-1916) շինել կու տայ Հրատ մոլորակը ուսումնասիրելու յատուկ աստղադիտարան մը: Ան կը հաստատէ, որ հոն կը տեսնէ ջրանցքներ: Ըստ անոր, Հրատ մոլորակը կը չորնայ, հետեւաբար մոլորակին բնակչները կ՛ուզեն փոխադրուիլ բեւեռային շրջաններու սառոյցը` ջրանցքներ փորելով: Աւելի խոր ուսումնասիրութիւններ փաստած են, որ այս ջրանցքները տեսողական պատրանքներ են: Առասպելը վերջ կը գտնէ: Սակայն այդ ժամանակի մարդոց երեւակայութեան մէջ Հրատի վրայ կ՛ապրին Հրատի բնակիչները…
***
1971-ին «Մարինըր անջրպետանաւը Հրատի քարտէսը կը կազմէ եւ կը գտնէ չորցած գետեր: Առասպելը կը դառնայ իրականութիւն: Հրատի վրայ կեանքի գոյութեան հաւանականութիւնը կը վերածնի: 1976 թուականին ամերիկացիները երկու անջրպետանաւ կը ղրկեն Հրատի վրայ կեանքի գոյութեան փաստեր հաւաքելու համար: Սակայն արդիւնքը կ՛ըլլայ ժխտական, իսկ յուսախաբութիւնը` շատ մեծ: Հակառակ անոր` ամերիկացիները ուրիշ փորձեր կը սկսին ընել 1996-էն սկսեալ: Ամէն երկու տարին անգամ մը անջրպետանաւեր կը ղրկուին դէպի Կարմիր մոլորակ: Հրատի վրայ գտնուեցաւ ջուր, սակայն տակաւին ոչ` կեանքի հետքեր:
Շքեղ Պանդոկ Մը Անջրպետին Մէջ
Տակաւին չե՞ս որոշած, թէ արձակուրդդ ո՛ւր պիտի անցընե՞ս. ծով, գիւղ, ճամբորդութիւն… Մօտ ատենէն դուն պիտի ունենաս այլ ընտրութիւն մը եւս` անջրպետը, պայմանաւ որ կարենան իւրաքանչիւր գիշերուան համար վճարել մօտաւորապէս 800 հազար տոլար:
Ամերիկեան «Օրիոն սփան» ընկերութիւնը հանրութեան ներկայացուցած է «Օրորա»-ն` անջրպետին մէջ շքեղ պանդոկի իր ծրագիրը: Փափաքողները առիթը պիտի ունենան անջրպետին մէջ անցընելու 12 օր… վճարելով 9,5 միլիոն տոլար:
Երկրէն 300 քմ բարձրութեան վրայ, անջրպետին մէջ իրենց կեցութեան ընթացքին ճամբորդները պիտի կարենան ո՛չ միայն տեսնել երկրագունդը իր ամբողջութեամբ, այլ նաեւ` շատ մօտէն նկարել իրենց քաղաքը: Անոնք պիտի կարենան առանց ճնշումի տեղափոխուելու փորձառութիւնը ապրիլ գիտական փորձեր կատարել կամ բոյսեր տնկել: Եւ վերջապէս, անոնք առիթը պիտի ունենան նաեւ «չաթով» խօսելու երկրագունդին վրայ մնացած իրենց ազգականներու եւ բարեկամներուն հետ:
Ճիշդ է, որ ճամբորդները պիտի պառկին փոքրիկ, բայց շքեղ «սուիթներու» մէջ (13,25 մեթր երկայնք եւ 4,3 մեթր լայնք), սակայն անոնք ականատես պիտի ըլլան մօտաւորապէս 16 արեւածագերու եւ արեւմուտերու, երբ «Օրորա»-ն մօտաւորապէս 90 վայրկեանէն երկրագունդին շուրջ դառնայ:
Եթէ այս արկածախնդրութիւնը կը հետաքրքրէ քեզ, կրնաս արդէն արձանագրուիլ` վճարելով 80 հազար տոլար: Առաջին ճամբորդութիւնները պիտի սկսին 2022 թուականին:
Ադամանդի Անձրե՞ւ Լուսնթագ Եւ
Երեւակ Մոլորակներուն Վրայ
Լուսնթագ եւ Երեւակ մեր արեգակնային դրութեան ամէնէն մեծ մոլորակներն են: Եթէ մենք բաղդատենք երկրագունդի տրամաչափին, Լուսնթագը երկրագունդէն 11 անգամ աւելի մեծ է, իսկ Երեւակը` մօտաւորապէս 9 անգամ:
Սակայն ասիկա անոնց միակ իւրայատկութիւնը չէ: Ըստ ամերիկացի գիտնականներուն, շատ հաւանական է, որ այդ մոլորակներու վրայ ադամանդ կ՛անձրեւէ: Այս «հրաշքը» կը յառաջանայ ծայրայեղ պայմաններու ներկայութեան պատճառով. շատ զօրաւոր փոթորիկներ, ջերմաստիճանը, ճնշումը եւ մթնոլորտին մէջ գոյութիւն ունեցող մեթան կազը:
Անշուշտ այս ադամանդները մատանիներու վրայի ադամանդներուն նման չեն տաշուած: Անոնք ունին պզտիկ խիճի մը ձեւը եւ կարկուտի հատիկի մը տրամաչափը, այսինքն` մօտաւորապէս 1 սմ:
Գիտէի՞ր, Թէ…
– Երեւակի վրայ տարեկան մօտաւորապէս 1000 թոն ադամանդ կ՛անձրեւէ:
– Երեւակը եւ Լուսնթագը գանձեր պահող միակ մոլորակները չեն: Գիտնականները կը մտածեն, որ Պոսիտոնի եւ Ուրանոսի վրայ հալած ադամանդներու ովկիանոսներ գոյութիւն ունին: Այս ենթադրութիւնները չեն ապացուցուած, սակայն անոնք երազել կու տան:
Հետաքրքրական
Ինչո՞ւ Հնդկական Ժամը
Տարօրինակ Է
Երբ մեր մօտ ժամը կէսօրէ ետքի 4:00-ն է, Նիւ Եորքի մէջ առտուն ժամը 9:00-ն է, իսկ Սիտնէի մէջ, Աւստրալիա, մարդիկ արդէն կը քնանան… որովհետեւ ժամը առտուան 1:00-ն է:
Իսկ Հնդկաստանի մէջ ժամը իրիկուան 7:30-ն է: Ըստ երկրագունդին վրայ իրենց դիրքին, բոլոր երկիրները նոյն ժամանակ նոյն ժամը չունին, սակայն ունին նոյն վայրկեանները` բացի Հնդկաստանէն եւ քանի մը ուրիշ երկիրներէ, որոնք 30 վայրկեանի տարբերութիւն մը ունին: Մինչ Նեփալ եւ Չաթհամ կղզիներու տարբերութիւնը… 45 վայրկեան է:
Երկրագունդը Կլո՞ր Է
Անջրպետէն դիտուած` երկրագունդը կլոր կ՛երեւի: Արտերկրային էակ մը եթէ առաջին անգամ ըլլալով մօտենայ մեր մոլորակին, ան զայն պիտի նմանցնէ կլոր նարինջի մը:
Սակայն եթէ անոր աչքերը արբանեակի մը ալեհաւաքներուն նման զգայուն են, ան պիտի նշմարէ, որ աւելի մօտէն տեսնուած` երկրագունդը քիչ մը տափակ է բեւեռներուն շրջանին մէջ:
Իսկ երբ ան իջնէ երկրագունդին վրայ, շատ աւելի յուսախաբ պիտի ըլլայ, երբ տեսնէ բոլոր հրաբուխները, փոսերը, ովկիանոսներ… Մեր մոլորակին մակերեսը ամբողջովին խորտուբորտ է: Ան բնաւ նարինջի մը չի նմանիր, այլ` գետնախնձորի:
Ո՞ր Մոլորակը Դէպի
Ետեւ Կը Դառնայ
Արուսեակը: Արեգակնային դրութեան միւս մոլորակներուն նման` ան արեւուն շուրջ կը դառնայ ժամացոյցի սլաքներուն հակառակ ուղղութեամբ: Այս երեւոյթը բնական է:
Սակայն երբ Արուսեակը ինքն իր շուրջ պիտի դառնայ, ան «իր գլուխը քիչ մը կը կորսնցնէ»: Հակառակ միւս մոլորակներու շարժումին` ան ինքն իր շուրջ կը դառնայ ժամացոյցի սլաքներուն ուղղութեամբ:
Գիտնականները կ՛ենթադրեն, որ ան այս ձեւով կը դառնայ, որովհետեւ շատ հաւանաբար ան զարնուած է մեծ աստղակերպի մը, որ անոր ուղղութիւնը փոխած է:
Կարելի Է Անջրպետին Մէջ
Երգահանդէս Մը Ներկայացնել
… Ամբողջովին անկարելի: Երգիչը կրնայ շատ բարձր երգել, երաժիշտները շատ բարձր նուագել, սակայն ոչ մէկ ձայն պիտի լսուի:
Ասիկա հասկնալու համար մենք պէտք է դարձեալ երկրագունդի վրայ իջնենք:
Երբ մենք կը խօսինք, կը պոռանք կամ կ՛երգենք, մեր բերնէն ելած ձայնը օդին ընդմէջէն է, որ կը ճամբորդէ հասնելու համար իրեն մտիկ ընողին ականջը:
Սակայն անջրպետին մէջ օդ չկայ: Հետեւաբար հոն լռութիւնը կ՛իշխէ:
Ժամանց


