ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Պիտի պատրաստուիք պտոյտի կամ աշխատանքային ճամբորդութեան մը: Մրցակցութեան կամ ձեր դիրքը պաշտպանելու համար մի՛ կորսնցնէք առիթը: Բախտաւոր շրջան մըն է:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ճկունութեամբ եւ համբերութեամբ պիտի յաջողիք հաշտութիւն գոյացնել այս օրերուն: Նկատի առէք ձեր սիրելիներուն պարագաները, իրենց կողքին ուրախ եղէք եւ իրենց պէտքերը հոգացէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Անհասկացողութիւնները լուծեցէք առարկայական կերպով: Հեռու մնացէք դատական գործերէ: Դժուարութիւն ունիք հաղորդակցելու այլոց հետ, հետեւաբար լուռ մնացէք: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Հանդիպումները եւ հեռաձայնային կապերը օգտակար են ձեզի: Ձեր յարաբերութիւնները մշակեցէք եւ կապ հաստատեցէք աշխատանքային ձեր միջավայրին հետ: Լաւապէս դասաւորեցէք ձեր գործերը: Ձեր գործերը մի՛ յետաձգէք, այլ կրկնապատկեցէք ձեր աշխատանքային ժամերը:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Խտացուցէք ձեր աշխատանքը: Մի՛ թերանաք ձեր զաւակներուն պահանջներուն հանդէպ: Բարելաւեցէք ձեր զգացական եւ ընտանեկան վիճակը: Եթէ նախապէս պատրաստուիք, կը յաջողիք շահ ապահովել: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Մի՛ բարդացնէք կացութիւնը: Շինիչ դեր խաղացէք` տարբեր կարծիքները իրարու մօտեցնելու: Անակնկալ առողջական խնդիր մը պիտի ունենաք: Ձեր ընտանիքին եւ սիրելիներուն հետ ըլլալու ժամանակ յատկացուցէք, որովհետեւ անոնք ձեզի պէտք ունին:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Աշխատանքային աշխուժ շրջան մըն է: Պիտի շատնան ժամադրութիւնները եւ հեռաձայնային կապերը: Փորձեցէք լուծումներ գտնել` զրուցելով: Յաջողութիւնը ձեր կողքին պիտի ըլլայ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր բոլոր կարողութիւնները օգտագործեցէք, սակայն մի՛ անցնիք ձեր սահմանները: Ձեզի պէտք չեղող նիւթերու մէջ մի՛ մտնէք: Վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր նիւթական հաշիւները: Ճնշումները շատ են այս օրերուն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Լուսինը ձեր աստղին մէջ ըլլալով` պիտի վերագտնէք ձեր կամքը: Յաջողութիւններ պիտի արձանագրէք ձեր բոլոր շարժումներուն մէջ: Դրական շրջան մըն է: Նոր զարգացում մը պիտի ապրիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Յոգնութիւն պիտի զգաք եւ` առողջական վատ վիճակ: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք, բախտէ զուրկ շրջան մըն է: Մի՛ սպասէք յուսադրիչ պատասխաններ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Մինակ մի՛ մնաք, այլ միացէք ձեր խումբին: Դուք խրատի պէտք ունիք: Հանդիպում մը եւ յաջող ու բացառիկ ժամադրութիւն մը ձեզ կը սպասեն: Մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւններուն մէջ, ծրագրուած եւ կազմակերպուած աշխատանք տարէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Կարեւոր եւ փափուկ հարց պիտի քննարկէք: Զօրաւոր կերպով կը պաշտպանէք ձեր միտքերը: Տրամաբանութեամբ մտածեցէք եւ հարցերը քննեցէք ճկունութեամբ: Հանդարտ մնացէք:
