Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2018-ի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Արտերկրի Լիբանանցիներուն Մասնակցութեան Բ. Փուլը Եւս Իրագործուեցաւ

Ապրիլ 30, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ կէս գիշերին սկսաւ 2018-ի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն Բ. փուլը:

Արտերկրի լիբանանցիները շաբաթ լուսցող գիշերուընէ մինչեւ երէկ` կիրակի օր Աւստրալիոյ, Ափրիկէի, Եւրոպայի, Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ մասնակցեցան երեսփոխանական ընտրութիւններուն` համաձայն ընտրական նոր օրէնքին:

Հայաստանի մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը հասաւ 42 առ հարիւրի, Պելճիքայի մէջ` 65,62 առ հարիւրի, Շուէտի մէջ` 49,79 առ հարիւրի, Հոլանտայի մէջ 52,63 առ հարիւրի, Ռումանիոյ մէջ` 64 առ հարիւրի, Ֆրանսայի մէջ` 45 առ հարիւրի, Աւստրալիոյ մէջ, 50 առ հարիւրի, Յունաստանի մէջ` 59,77 առ հարիւրի, Գերմանիոյ մէջ` 36,27 առ հարիւրի, Բրիտանիոյ մէջ` 37,34 առ հարիւրի, իսկ Ապիճանի մէջ 63 առ հարիւրի:

Իրենց անունները նախապէս առցանց արձանագրած լիբանանցիները Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով իրենց գտնուած երկիրներուն մէջ մասնակցեցան Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Աւստրալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միլետ Ռաատ նշեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութիւնը պատմական իրադարձութիւն է` աւելցնելով, որ անիկա կարեւոր փորձառութիւն է, որուն ազդեցութիւնը մեծ պիտի ըլլայ Լիբանանի քաղաքական կեանքին վրայ:

Շաբաթ կէս գիշերին արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ուղղուեցաւ նախարարութեան կեդրոն, ուրկէ  յայտարարեց արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան Բ. փուլը` մաղթելով, որ մեծ թիւով քաղաքացիներ մասնակցին երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, թէ արտերկրի լիբանանցիներուն ընտրութիւններուն մասնակցութեան Բ. փուլը աւելի ուշագրաւ պիտի ըլլայ` նկատի ունենալով, որ 33 երկիրներու մէջ արձանագրուած են 70 հազար լիբանանցիներ, որոնք 200 քուէարկութեան կեդրոններու մէջ պիտի կատարեն իրենց ընտրութիւնը:

Անդրադառնալով արաբական երկիրներուն մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն լիբանանցիներուն մասնակցութեան համեմատութեան` Պասիլ յայտնեց, որ անիկա ընդունելի է` աւելցնելով, որ արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան Բ. փուլը կ՛աւարտի այսօր առաւօտեան` նկատի ունենալով Լոս Անճելըսի հետ ժամի տարբերութիւնը:

Պասիլ յայտնեց, որ իրենց յոյսն է, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք Լիբանանի համար նոր էջ մը բացուի:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իր կարգին յայտնեց, որ հետեւած է արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան Բ. փուլին եւ այդ մասին ստացած արտաքին ու ներքին գործոց նախարարութիւններէն տեղեկագիրներ:

Նախագահ Աուն գոհունակութիւն յայտնեց երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպուածութեան եւ հեզասահ ընթացքին առիթով` գնահատելով կարգ մը հարցերու պարագային տեղւոյն վրայ տրամադրուած լուծումները:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք Պուսթրոս պալատէն շեշտեց, որ այս փորձառութիւնը ամբողջ Լիբանանի յաջողութիւնն է` աւելցնելով, որ անիկա նոր փորձառութիւն մըն է, որով Լիբանան կը հպարտանայ:

Ներքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ քուէարկութեան հոլովոյթը ունեցած է աննշան որոշ սխալներ, որոնք անմիջապէս լուծուած են:

Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնը այցելած Եւրոպական Միութեան միջազգային դէտերու պատուիրակութեան անունով Խոսէ Անթոնիօ տը Կապրիէլ անդրադարձաւ արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան: Ան բարձր գնահատեց առաջին անգամ ըլլալով արտերկրէն իր երկրին երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցող լիբանանցի քաղաքացիներուն խանդավառութիւնը` նշելով, որ այս ձեւով լիբանանցիները ներկայացան իբրեւ ժողովրդավարութեան կարեւոր տիպար:

Տը Կապրիէլ ընդգծեց, որ քուէարկութիւնը կ՛ընթանայ կատարեալ հեզասահութեամբ` աւելցնելով, որ ընտրութիւնները լաւ կերպով կազմակերպուած են, ինչպէս նաեւ դրական գնահատեց արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ տարուած աշխատանքը` քուէարկողներուն թիւը եւ ընտրութիւններուն ընթացքին մասին  տեղեկութիւնները մնայուն կերպով թարմացնելու իմաստով:

Նշենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ, Քուէյթի, Օմանի եւ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններուն շրջագիծին մէջ օգտագործուած քուէատուփերը, որոնք կարմիր մոմով փակուած էին, փոխադրուեցան Լիբանան:

32 քուէատուփերէն 31-ը արդէն իսկ հասած են Լիբանան, իսկ մէկ քուէատուփ, որ Ժետտայի մէջ կը գտնուէր` այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին պիտի հասնի Պէյրութ:

Պէտք է աւելցնել, որ Աւստրալիոյ, Եւրոպայի, Ափրիկէի, Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող քուէատուփերը իրենց կարգին պիտի փոխադրուին Լիբանան:

Բոլոր քուէատուփերը պահ պիտի դրուին Կեդրոնական դրամատան մօտ, մինչեւ կիրակի, 6 մայիս, երբ անոնք պիտի յանձնուին քուէահամարի պատասխանատուներուն:

Նախորդը

«Պէյրութ Ա.-ի+3 Հզօր Ընտրացանկ»-ի Թեկնածուները Հաստատեցին Պէյրութի Արժանապատուութիւնը Բարձր Պահելու, Զայն Խորհրդարանին Մէջ Ճշգրիտ Կերպով Ներկայացնելու Եւ Անոր Անտեսումին Վերջ Տալու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Թրքական Բանակը Բիւրակնի Մէջ Քիւրտերուն Դէմ Լայնածաւալ Գործողութիւններու Կը Պատրաստուի

RelatedPosts

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025
Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին  Արեւելեան Սահմանները Զննեց  Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը
Լիբանանեան

Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին Արեւելեան Սահմանները Զննեց Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը

Մայիս 9, 2025
«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը  Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ  Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է»  Կ՛ըսէ Պու Սաապ
Լիբանանեան

«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է» Կ՛ըսէ Պու Սաապ

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?