Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն մասին ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ Պրիւքսելի միջազգային խորհրդաժողովէն բխած կեցուածքները կը հակադրուին լիբանանեան պետութեան տեսակէտներուն:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձին, պայմանով որ անոնք վերադառնան Սուրիոյ կայուն վայրերը:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան օր մը օրանց սուրիացի ոչ մէկ տեղահանուած վտարեց երկրէն, այլ` 2011-էն սկսեալ հիւրընկալեց զանոնք եւ անոնց տրամադրեց ընկերային, կրթական, առողջապահական, մարդկային եւ ապահովական հոգատարութիւն, միաժամանակ Լիբանան կը դիւրացնէ Սուրիոյ ապահով շրջանները վերադառնալ փափաքող տեղահանուածներուն վերադարձը` հակառակ միջազգային այն կողմերուն, որոնք կը զգուշացնեն անոնց վերադարձէն եւ կ՛արգելակեն անոնց փափաքներուն ընդառաջելը:
«Լիբանան, որ բարձր կը գնահատէ ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը «Սետր» եւ «Հռոմ 2» միջազգային խորհրդաժողովներուն ընթացքին, անակնկալի եկած է Պրիւքսելի խորհրդաժողովէն բխած հաղորդագրութեան մէջ օգտագործուած կարգ մը եզրերուն առումով», ընդգծեց նախագահ Աուն:
Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Եւրոպական Միութեան ու ՄԱԿ-ի կեցուածքները կը համընկնին լիբանանեան պետութեան կեցուածքին եւ տեսակէտներու ոչ մէկ փոփոխութիւն կրած է:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Եւրոպական Միութիւնն ու ՄԱԿ-ը Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն գոյութիւնը ժամանակաւոր կը նկատեն, իսկ տեղահանուածներուն հարցը լուծելու նպատակով անոնց պատկերացումները Լիբանանէն դուրս կը կեդրոնանան:
Եւրոպական Միութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Պրիւքսելի խորհրդաժողովէն բխած միացեալ հաղորդագրութեան մէջ նշուած այն պարբերութիւնը, որ կը վերաբերի Սուրիա վերադառնալու կամ Լիբանան մնալու իմաստով որոշում տալու սուրիացի տեղահանուածներուն իրաւունքին, Լիբանանի եւ տեղահանուածներուն չի վերաբերիր, այլ Սուրիոյ տագնապին եւ ներկայ իրավիճակին:
Եւրոպական Միութիւնն ու ՄԱԿ-ը ամբողջութեամբ յանձնառու կը մնան Լիբանանի զօրակցութեան եւ պիտի շարունակեն մեծապէս օժանդակել անոր` դիմադրելու համար անոր սպառնացող մարտահրաւէրներուն:
Իր կարգին, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ նամակներ յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիին` շեշտելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծման, բայց եւ այնպէս կը մերժէ սուրիացի տեղահանուածներուն վերադարձը պայմանաւորել այդ լուծման կամ Սուրիոյ վերաշինութեան հետ` նկատի ունենալով, որ անոնք կրնան ուշանալ:
Պասիլ ընդգծեց, որ Լիբանան մեծ զիջումներ եւ զոհողութիւններ տրամադրած է սուրիացի տեղահանուածներուն` պահանջելով, որ միջազգային մարմինները համապատասխան աքթերով վարուին անոր հետ եւ ոչ թէ Լիբանանը կաշկանդող եւ զայն դէպի անորոշութիւն առաջնորդող հաղորդագրութիւններու հրապարակումով:



