ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
«Հալէպը ինծի համար կեանք է ու պատմութիւն, անմեղութեան շքեղութիւն, մանկական, պատանեկան եւ վաղ երիտասարդութեանս յիշատակներու խառն ու հաճելի բուրում եւ, մանաւանդ, անուշ շարական, պարզ գիրք եւ գեղեցիկ առասպել: Հո՛ն է մտքիս անզուգական յուշակոթողը»:
Գէորգ Պետիկեան` իբրեւ իր հոգիին պարտքը, վերի տողերը կը ձօնէ Հալէպին` Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի հիմնադրութեան (1947) 70-ամեակին առիթով:
Նոյնինքն Գէորգ Պետիկեան ինքնիրեն հարց կու տայ, թէ` «Ինչո՞ւ այս հատորը», ու կը լուսաբանէ. «Որովհետեւ խորապէս ճանչնալով Հալէպն ու իմ արմատներուս կանչը, մտքիս խաւերուն վրայ տեղ գտած դէմքերն ու դէպքերը, թաղերն ու փողոցները ու բոլոր մանրամասնութիւնները` ուզեցի համեստօրէն մէկտեղել եւ շօշափելի իրականութեան յանձնել նախկին վեց հատորներուս մէջ տեղ գտած իմացական կեանքիս յուշերն ու պատմութիւնները, այս անգամ միայն մէկ երդիքի տակ մէկտեղել` «Սա, մեր բոլորին Հալէպն է» խորագրին տակ»:
Գ. Պետիկեանի սոյն հատորը կը բաղկանայ 224 էջերէ, ուր տեղ գտած են մեծ ու փոքր` ազգային ոգիով հիւսուած անուշ ու հետաքրքրական 48 գրութիւններ, մասնաւորապէս` Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանի մասին. անոնցմէ մաս մը անցեալին մամուլով հրատարակուած է. անոնք ընդհանրապէս կը պատկանին հեղինակի կեանքին, հալէպեան յիշատակներուն ու գործունէութիւններուն:
Հատորին խմբագրութիւնը կատարողը` մեր յայտնի մտաւորականներէն ու հրապարակագիր Սարգիս Մահսէրէճեանը գրած է. «Սոյն հատորին խորագիրը շատ դիւրութեամբ կրնար ըլլալ «Ներբողական Հալէպի», որովհետեւ, ինչպէս պիտի զգայ ընթերցողը, այստեղ մէկտեղուած իւրաքանչիւր կտոր ներշնչում առած է հեղինակին` Գէորգ Պետիկեանի… հալէպցիութենէն. մէկտեղուած են` հալէպեան յուշեր, տպաւորութիւններ, ծննդավայրին հանդէպ անքակտելի սէր, Հալէպը արարող հաստատութիւններու եւ տիպարներու թողած հետքերը, ու դեռ` շա՜տ բաներ»:
Գէորգ Պետիկեան գրող է, մտաւորական, հայ լեզուի ու մտքի հանրածանօթ մշակ, վաստակաշատ դաստիարակ եւ երկարամեայ տնօրէն, գրական բեղուն վաստակ ունեցող եւ հայ մամուլի անխոնջ աշխատակից: Ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդականը` Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ, ուր եւ պաշտօնավարած է ընթացաւարտ ըլլալէ ետք:
Հաստատուելով Պէյրութ, Լիբանան, աւարտած է Պէյրութի ֆրանսական Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հայագիտական բաժինը: Զբաղած է գրականութեամբ` միաժամանակ աշխատակցելով սփիւռքահայ մամուլին: Ցարդ հրատարակած է վեց հատորներ` «Մայթերու անցորդը», «Անգոյն տերեւներ», «Գրադարանս», «Բարե՛ւ, Հալէ՛պ», «Դիմատետրս» եւ «Պապիկը կարդալ չի գիտեր»: Նաեւ հեղինակ է երկու թատրերգութիւններու` «Փոթորիկ` գաւաթ մը ջուրի մէջ» եւ «Հարսանիքէն առաջ», որոնք մեծ յաջողութեամբ բեմականացուած են: Ունի անտիպ գործեր:
2015-ի մայիսին պարգեւատրուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» շքանշանով:
Ահա քանի մը մէջբերումներ` Գ. Պետիկեանի ներաշխարհը ներկայացնող իր նոր ստեղծագործութիւններէն` իբրեւ ուղղակի վկայութիւն հեղինակին բառերով.
Նամակ` սիրելի Հալէպիս
Ապա վերջը, յաղթանակ-պարտութեան օրերու շարանով,
Ամէն անգամ, որ վախը իրիկուան լռութիւնը գողնար,
Եւ թաղերու պատմութիւնը պատմողներու խօսքերով լեցուէր,
Ահով լի զարմանք մը կը թակէր դուռս ու կը խռովէր սիրտս,
Առանց հերոսի թատերախաղին նման:
Նամակ` Հալէպ սիրելիէս
Ու փորձեցի քալել, ճամբաս շարունակել` միշտ աչքերովս փնտռելով այն, ինչ որ կեանքէս մնացած էր: Ոչինչ գտայ:
Ոտքերս յոգնեցան ու կքեցան: Նոյնիսկ ճամբաս կորսնցուցի: Մէկ խօսքով, զիս խելակորոյս դարձուցին: Զիս յիմարի տեղ դրին: Մոռցայ երջանկութիւնս, երջանիկ օրերս, ժպիտս, յուշերս, սէրս: Մէկ խօսքով, խելքս ալ կորսնցուցի:
Հիմա ես ինծի հարց կու տամ, թէ ո՛վ եմ ես, ո՞ւր կ՛երթամ, կամ` զիս ո՞ւր տարին, ո՞ւր հասցուցին: Շուրջս հարազատ չմնաց:
Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հիմնադրութեան 70-ամեակին առթիւ
Տարեդարձս է:
2017: Արդէն 70 տարեկան եմ եւ տարեդարձս է: Շատեր պիտի հարցնեն, թէ ո՛վ եմ ես: Բացատրեմ: Ես` Հալէպի Ազգ. «Քարէն Եփփէ» ճեմարանն եմ: Գիտեմ, որ կը ճանչնաք զիս:
Հպարտօրէն նաեւ կրնամ աւելցնել ու ըսել, որ իմ այս ծնունդս պատահականութեան արդիւնք չէր: Եթէ կ՛ուզէք` հայ ժողովուրդի մտաւոր ապագայով մտահոգ եւ տագնապող հայորդիներու տեսիլքէն էր: Անոր համար կառչած մնացի հայութեանս ու մշակոյթիս եւ դարձայ տեսակ մը փարոս` հայութեան եւ գիտութեան:
Ինչպէս կը տեսնէք, Գ. Պետիկեանի հոգին ու սիրտը իր հայութիւնն է, ու` իր Հալէպը: Ընթերցողը վստահաբար հաճոյքով պիտի ըմբոշխնէ սոյն նոր հատորը: