ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Երեւոյթ մը ձեր մտածելակերպը պիտի փոխէ: Սիրոյ պատմութիւն մը պիտի ունենաք ձեր անձնական կեանքին մէջ: Ձեզի ժամանակ պիտի տրուի երեւակայելու հանդիպում մը, զոր կ՛երազէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Պիտի պահանջէք որոշ փոփոխութիւններ մտցնել գործի մը մէջ: Ձեզի պիտի հանդիպին փոքր արգելքներ, որոնք պիտի յաջողիք յաղթահարել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Լաւ առիթներէն պիտի օգտուիք: Պահեցէք ձեր համբերութիւնը եւ ջիղերու տոկունութիւնը: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի վատանայ: Ինքնավստահ պիտի սկսիք աշխատանքի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Այս շրջանը կը խոստանայ ուրախութիւն, սէր եւ ընկերային հանդիպումներ: Բախտը պիտի ժպտի, ու դուք պիտի հանդիպիք ձեր սիրեցեալին: Ուրախ անակնկալ մը ձեզ կը սպասէ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Այս շրջանին հոգ տարէք ձեր սիրելիին հետ կապուած մանրամասնութիւններուն: Մի՛ թերանաք պարուրել զայն ձեր սիրով եւ քնքշութեամբ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Շատեր կը փորձեն օգտագործել ձեզ, զգուշ եղէք: Մի՛ հաւատաք կարգ մը ըսի ըսաւներու: Հեռու մնացէք ծակաչքութենէն, որ կը վնասէ եւ չ՛օգներ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Նիւթական գետնի վրայ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Թեթեւցուցէք ձեր զայրոյթը եւ առանց ուշանալու` որոշում տուէք եւ ձեր դիրքը ճշդեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Թերեւս շատեր չբաժնեն ձեր տեսակէտը, բայց դուք պարտաւոր էք եւ կարիք ունիք համոզելու ձեր շրջապատը: Ժխտական կեցուածք մի՛ որդեգրէք ձեր գործին մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ըսի ըսաւներէն հանգստացէք եւ հեռու կեցէք: Այս շրջանին պիտի սաստկանայ ձեր զայրոյթը: Առողջական խնդիր մը պիտի ունենաք: Ստիպուած` պիտի շալկէք որոշ հարցեր, իսկ ոմանց հանդէպ ալ լուռ պիտի մնաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր համբերութիւնը մի՛ կորսնցնէք, որպէսզի վատ քայլ մը չառնէք: Ձեր ամուսնական կեանքին վտանգ կը սպառնայ: Նիւթական հարցեր պիտի ունենաք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Փորձեցէք հանգստանալ եւ հանգստացնող անձերով շրջապատուեցէք այս օրերուն: Պէտք ունիք խնդութեան եւ հաճելի ժամանցի:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Հարցի մը մասին կը մտածէք եւ չէք համարձակիր քայլ մը առնել: Կարեւոր իրադարձութիւն մը առիթ պիտի ըլլայ քայլ մը առնելու: Ձեր ցանկութիւնները պիտի իրականանան: