Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ. Սպանիոյ Երկրորդ Հանրապետութիւնը, Քաթալոնիոյ Ինքնավարութիւնը Եւ Քաղաքացիական Պատերազմը

Ապրիլ 11, 2018
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ալֆանսօ ԺԳ. թագաւոր

Սպանիոյ մենատէր զօրավար Միկէլ Փրիմօ տէ Ռիվերայի անկումէն ետք, 1930-ին, Ալֆոնսօ ԺԳ. թագաւոր, որ սերտօրէն գործակցած էր անոր հետ, հեղինակազրկուեցաւ: Հանրապետական խմբակցութիւնները` պահպանողական, ընկերվարական եւ քաթալան ազգայնական, միացան եւ Սան Սեպասթիանի 17 օգոստոս 1930-ի դաշինքով յեղափոխական կոմիտէ մը կազմեցին Ազատական Հանրապետական Աջ կուսակցութեան ղեկավար Նիսեթօ Ալքալա-Սամորայի գլխաւորութեամբ: Այդ կոմիտէն հանրապետական ժամանակաւոր կառավարութիւնը եղաւ: Քաթալաններուն կողմէ դաշինքին մաս կը կազմէին, Ասսիօ Քաթալանա (Քաթալան շարժում) կուսակցութենէն` Մանուէլ Քարրասքօ ֆորմիկուէրա եւ Էսթաթ Քաթալա կուսակցութենէն` Խայմէ Այկուատէր:

Յեղափոխական կոմիտէն կապեր հաստատեց բանակային միաւորներու հետ, պետական հարուած կազմակերպելու նպատակով: Գնդապետներ ֆերմին Կալան եւ Անկէլ Կարսիա Հերնանտէս միացան յեղափոխական կոմիտէին եւ պատրաստեցին պետական հարուածի ծրագիրը, որ պիտի գործադրուէր 15 դեկտեմբեր 1930-ին:

Գնդապետ Ֆերմին Կալան բանակային ուժերը շարժման մէջ դրաւ դեկտեմբեր 12-ին, երբ տակաւին պատրաստական աշխատանքները եւ ուժերու տեղափոխումները չէին աւարտած: Պետական հարուածը ձախողեցաւ: Գնդապետներ Կալան եւ Կարսիա Հերնանտէս ձերբակալուեցան եւ գնդակահարուեցան:

Ֆրանսեսք Մասիայի հիմնած Էսթաթ Քաթալա եւ Լուիս Քոմփանիսի Քաթալան Հանրապետական կուսակցութիւնները միացան եւ 19 մարտ 1931-ին կազմուեցաւ Քաթալոնիոյ Հանրապետական Ձախ (Էսքուէրրա Ռեփուպլիքանա տէ Քաթալունիա) կուսակցութիւնը:

* * *

Սպանիոյ մէջ 12 ապրիլ 1931-ին կայացած քաղաքապետական ընտրութիւններուն հանրապետականները շատ քաղաքներու մէջ յաղթանակ արձանագրեցին: Երկու օր ետք, ապրիլ 14-ին, այն քաղաքներուն մէջ ուր հանրապետականները յաղթանակ արձանագրած էին, տօնախմբութիւններ կազմակերպեցին եւ Պարսելոնայի, Վալենսիոյ, Մատրիտի ու Էյպարի (Պասք երկրամաս) մէջ Սպանիոյ երկրորդ հանրապետութիւնը հռչակեցին:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Ալֆոնսօ ԺԳ. թագաւոր նոյն օրն իսկ, առանց գահէն հրաժարելու հեռացաւ երկրէն եւ Հռոմ հաստատուեցաւ: Քորթէսը 16 նոյեմբեր 1931-ին զայն հայրենիքի դաւաճան հռչակեց: Հետագային, 15 յունուար 1941-ին Ալֆոնսօ ԺԳ. հրաժարեցաւ գահէն յօգուտ զաւկին` Պարսելոնայի կոմս խուանի, եւ յաջորդ ամիս` փետրուար 28-ին մահացաւ: Խուանի եւ Մարիա Մերսէտէս տէ Պորպոնի որդի Խուան Քարլոս 1975-ին Սպանիոյ թագաւորը եղաւ:

* * *

Նախագահը Նիսեթօ Ալքալա-Սամոլա

Սպանիոյ երկրորդ հանրապետութեան հռչակումէն ետք ժամանակաւոր կառավարութիւն կազմուեցաւ եւ Նիսեթօ Ալքալա-Սամորա վարչապետ եղաւ: Մայիս 11-ին Մատրիտի, Սեւիլիայի եւ այլ քաղաքներու մէջ շարք մը եկեղեցիներ հրկիզուեցան ամբոխին կողմէ: Յունիսին սահմանադիր մարմին մը կազմուեցաւ եւ նոր սահմանադրութիւնը ընդունուեցաւ 9 դեկտեմբեր 1931-ին:

Յաջորդ օր Նիսեթօ Ալքալա-Սամորա նախագահ ընտրուեցաւ եւ հանրապետական-ընկերավարական կառավարութիւն մը կազմուեցաւ Մանուէլ Ասանիայի վարչապետութեամբ:

Նոր սահմանադրութեան համաձայն եկեղեցին բաժնուեցաւ պետութենէն, եւ խօսքի ազատութեան, ամուսնալուծման եւ կիներու հաւասարութեան սկզբունքներ որդեգրուեցան: Ազնուականութիւնը իրաւական ամէն իրաւունք կորսնցուց: Հանրային ծառայութիւնները, ինչպէս` դրամատուներն ու մայրուղիները ազգայնացնելու ծրագիրներ մշակուեցան: Պետութեան խորհրդանիշները փոփոխութեան ենթարկուեցան. Հիմնօ տէ Ռիեկոն հաստատուեցաւ իբրեւ Ազգային քայլերգ, եւ հորիզոնական կարմիր, դեղին եւ ծիրանագոյն դրօշակը որդեգրուեցաւ: Սպանական բոլոր շրջանները ինքնավարութիւն ձեռք ձգելու իրաւունք ստացան, եւ այնուհետեւ քաթալաններն ու պասքերը յատուկ օրէնքներ որդեգրեցին:

Եկեղեցիներու դէմ յարձակումները վերսկսան: Մալակայի մէջ 1932-ին խռովութիւններ ծագեցան: 1933-ին Սարակոսայի մէջ եկեղեցի մը եւ 1934-ին` Օվիետոյի տաճարը եւ Խիխոնի Սան Լորենցօ եկեղեցին հրոյ ճարակ եղան: Այնուհետեւ հրկիզուեցաւ Ալպասեթէի Սան Խուան եկեղեցին:

* * *

Լուիս Քոմփանիս

Հանրապետական Սպանիոյ կազմէն ներս Ֆրանսեսք Մասիայի եւ անոր մահէն (1933 դեկտեմբեր) ետք` Լուիս Քոմփանիսի ղեկավարութեան տակ Քաթալոնիոյ մէջ առողջապահական, կրթական, ընկերային եւ տնտեսական մարզերէն ներս շարք մը ծրագիրներ իրագործուեցան:

Սպանիոյ մէջ 1933 նոյեմբեր 19-ին խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ կայացան, որուն առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցան նաեւ կիները, եւ կաթոլիկական Սետա կուսակցութիւնը աջակողմեան զօրաւորագոյն խմբակցութիւնը դարձաւ քորթէսին մէջ: Աջը եւ կեդրոնը զօրաւոր դաշնակցութիւն մը կազմեցին: Նոյն օրերուն կազմուեցաւ ֆաշիստական գաղափարախօսութեամբ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը` Խոսէ Անթոնիօ Փրիմօ տէ Ռիվերայի գլխաւորութեամբ: Հանրապետական իշխանութեան դէմ արմատական հակառակութիւնները զօրացան: Երկիրը սկսաւ խրիլ դէպի քաոս եւ բռնութիւն:

Քաղաքական այս իրավիճակին մէջ, 1934 հոկտեմբեր 5-ին Ասթուրիոյ աւելի քան եօթանասուն հազար հոգի հաշուող եւ համայնավարական արեւելումով հանքագործները ըմբոստացան, քանի մը ժամուան ընթացքին ամբողջ շրջանը իրենց հակակշիռին տակ առին, քառասուն եկեղեցիներ հրկիզեցին եւ 29 կղերականներ ու տասնեակ մը այլ անձեր սուրի քաշեցին: Կառավարութիւնը անոնց դէմ ուղարկեց Օտար լեգէոնը` զօրավար Ֆրանսիսքօ Ֆրանքոյի հրամանատարութեամբ:

Ասթուրիոյ մէջ կռիւները հազիւ սկսած, նոյն օրն իսկ` հոկտեմբեր 5-ին խռովութիւններ բարձրացան Մատրիտի, Սեւիլիոյ, Քորտոպայի, Սարակոսայի եւ Պասք երկրամասին մէջ:

* * *

Քաթալոնիոյ մէջ, տեղական կառավարութեան եւ անոր ղեկավար Լուիս Քոմփանիսի գլխաւորութեամբ կեդրոնական իշխանութեան դէմ խռովութիւննները սկսան 6 հոկտեմբեր 1934-ի արեւածագին: Քաթալոնիոյ ապահովութեան նախարար Խոսէփ Տենսաս 70 հազար էսքամոթներ ունէր իր տրամադրութեան տակ, բայց անպատրաստ էր: Պարսելոնայի եւ այլ քաղաքներու մէջ, Ալիանսա Օպրերայի (աշխատաւորներու դաշնակցութիւն) ղեկավարութեան տակ աշխատաւորներ փողոց իջան եւ յեղափոխական ու անջատողական կարգախօսեր արձակեցին:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ վարչապետ Մանուէլ Ասանիա առտուն կանուխ Պարսելոնա գնաց եւ իր Հանրապետական Ձախ կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ բանակցութեան սկսաւ քաթալան պատասխանատուներու հետ: Կառավարութեան ղեկավարը խոստացաւ դաշնակցային Սպանիոյ կազմէն ներս յաւելեալ իրաւասութիւններ տալ Քաթալոնիոյ:

Վարչապետին հետ հանդիպումէն ետք Լուիս Քոմփանիս հեռաձայնեց Պարսելոնայի մէջ տեղակայուած չորրորդ զօրաբանակի հրամանատար զօրավար Տոմինկօ Պաթէթի, բանակային ուժերը շարժման մէջ դնելու եւ կեդրոնական կառավարութեան դէմ ճակատ յարդարելու համար:

Զօրավար Տոմինկօ Պաթէթ

Զօրավար Տոմինկօ Պաթէթ, ծնած` 1872-ին, Թարրակոնա, կամաւոր մասնակցած էր Քուպայի պատերազմին, իսկ Ռիֆի պատերազմի ժամանակ յատուկ տեղեկագիր պատրաստած էր, ուր բացայայտած էր սպանական բանակին կրած հսկայական կորուստներուն ծալքերը: Ան հանրապետական համոզումներ ունէր եւ որոշեց հաւատարիմ մնալ կեդրոնական կառավարութեան:

Առտուան ժամը 8:00-ին Լուիս Քոմփանիս Պարսելոնայի Սիութաթ Վելիա (հին քաղաք) թաղին մէջ գտնուող Քաթալոնիոյ կառավարութեան կեդրոնատեղիին`    Փալաու տէ լա Կեներալիթաթ տէ Քաթալունիայի պատշգամէն Սպանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան կազմէն ներս Քաթալոնիոյ պետութիւնը հռչակեց:

Ժամը 9:00-ին զօրավար Պաթէթ ստիպողական վիճակ յայտարարեց, բանակային ուժերը, Կուարտիա Սիւիլը եւ Կուարտիա տէ Ասալթոները  շարժման մէջ դրաւ եւ յարձակման անցաւ Փալաու տէ լա Կեներալիթաթի ուղղութեամբ:

Բանակային ուժերուն եւ Մոսսոս տ՛Էսքուատրայի (քաթալան ոստիկանութիւն) միջեւ բուռն բախումներ սկսան: Բանակը թնդանօթի բռնեց Փալաու տէ լա Կեներալիթաթը եւ քաղաքապետարանը: Քանի մը ժամուան կռիւներէ ետք, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Քոմփանիս անձնատուր եղաւ եւ ձերբակալուեցաւ ու բանտ նետուեցաւ:

Խռովութեան ճնշումէն ետք Քաթալոնիոյ ինքնավարութիւնը ջնջուեցաւ: 1935 յունիսին Քոմփանիս երեսուն տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, բայց 1936 փետրուարին ազատ արձակուեցաւ:

Զօրավար Պաթէթ այնուհետեւ Պուրկոս տեղափոխուեցաւ եւ քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն ետք ազգայնականներուն կողմէ մահապատիժի ենթարկուեցաւ:

* * *

Քաթալան հանրապետական միլիսներու կանանց ջոկատը 1936-ին, քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն ետք:

Սպանիոյ մէջ 16 փետրուար 1936-ին խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի ունեցան եւ ձախակողմեաններու կազմած ժողովրդային ճակատը յաղթանակ ապահովեց:

Ձախակողմեաններու յաղթանակը հրահրեց երկրին արդէն իսկ լարուած մթնոլորտը: Քաղաքական կացութիւնը գահավէժ ընթացք ստացաւ: Մղձաւանջի մթնոլորտը հետզհետէ ծանրացաւ: Վանքերու եւ եկեղեցիներու հրկիզումը, քաղաքական ահաբեկումները, թերթերու պաշարումը եւ գործադուլներն ու ցոյցերը ժողովուրդի առօրեային մաս կը կազմէին: 18 յուլիս 1936-ին սկսաւ քաղաքացիական պատերազմը` հանրապետականներուն եւ զօրավար Ֆրանսիսքօ Ֆրանքոյի գլխաւորած ազգայնականներուն միջեւ:

Պատերազմի բռնկումէն ետք, հանրապետական գօտիէն ներս, Քաթալոնիոյ մէջ ժողովրդային ուժեր, անիշխանականներ եւ հանրապետականներ, հանրապետական բանակին եւ ասալթոներուն հետ Ֆրանքոյի ազգայնական բանակին դէմ ճակատ կազմեցին, իրենց հակակշիռին տակ առնելով Քաթալոնիան եւ արեւելեան Արակոնը: Անիշխանականներ Պարսելոնայի մէջ ամէնէն զօրաւոր զինուորական ուժն էին, ուր անոնք եկեղեցիները հրդեհեցին, քանդեցին ու պղծեցին: Անոնք նաեւ գիւղական շրջաններուն մէջ հաւաքական տնտեսութիւններ հաստատեցին:

Պարսելոնայի մէջ 1937 մայիսին անիշխանական եւ համայնավար հակամարտ խմբաւորումներուն միջեւ կատաղի կռիւներ մղուեցան:

Քաթալան կառավարութեան կեդրոնատեղին Պարսելոնայի մէջ

Հանրապետական կառավարութիւնը 1937-ին Վալենսիայէն Պարսելոնա փոխադրուեցաւ:

Ազգայնական բանակը 1938 դեկտեմբերին յարձակման անցաւ Քաթալոնիոյ վրայ: Հանրապետական դիրքերը ինկան մէկը միւսին ետեւէն: Թարրակոնա գրաւուեցաւ 15 յունուար 1939-ին, Պարսելոնա` յունուար 26-ին, Կիրոնա` փետրուար 4-ին, Ֆիկուէրաս` փետրուար 8-ին:

Քաթալոնիոյ կառավարութեան ղեկավարներ, Լուիս Քոմփանիսի գլխաւորութեամբ, մեծաթիւ գաղթականութեան գլուխը անցած բռնեցին դէպի Ֆրանսա գաղթի ճամբան:

Քաղաքացիական պատերազմը աւարտեցաւ 1 ապրիլ 1939-ին, ազգայնականներու յաղթանակով:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (11 Ապրիլ 1968)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշեցիներու Ապրելակերպը Եւ Բարքերը
Անդրադարձ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշեցիներու Ապրելակերպը Եւ Բարքերը

Հոկտեմբեր 4, 2023
Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Շուշիի Պարբերական Մամուլ
Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Պարբերական Մամուլ

Սեպտեմբեր 27, 2023
Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Բագրատ Տէր Սահակեանի Եւ Մելքում Բաբաջանեանի Տպարանները
Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Բագրատ Տէր Սահակեանի Եւ Մելքում Բաբաջանեանի Տպարանները

Սեպտեմբեր 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In