Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 11, 2018
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Իրանահայ «Թեւանիկ»-ը Կը Շարունակէ Օժանդակել Արցախի Բազմազաւակ Ընտանիքներուն

2016-էն ի վեր, Իրանի «Թեւանիկ» բարեսիրական խումբին միջոցով,  ամսական դրութեամբ,  շարունակական նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերուած է 2014-2017 տարիներուն Արցախի մէջ զոհուածներու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն:

Այժմ Արցախի մէջ, կազմակերպութիւնը կ՛իրագործէ բազմազաւակ` եօթը եւ աւելի անչափահաս փոքրիկներ ունեցող ընտանիքներուն աջակցելու ծրագիր:

«Թեւանիկ» խումբի նախաձեռնութեան  կ՛աջակցի ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղը:

Յայտնենք, որ «Թեւանիկ» բարեսիրական խումբին վերոնշեալ ծրագիրներուն ճամբով օժանդակութիւն ստացած են աւելի քան 110 ընտանիքներ:

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանը Մասնակցեցաւ Լիբանանահայ Գրող, Պատմաբան Լեւոն Վարդանի Անձնական Գրադարանի Բացման Հանդիսութեան

Մարտ 26-ին Եւրասիա միջազգային համալսարանին մէջ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը մասնակցեցաւ լիբանանահայ գրող, պատմաբան Լեւոն Վարդանի անձնական գրադարանի բացման արարողութեան: Լեւոն Վարդանի գրական ժառանգութիւնը, արխիւային նիւթերը, անտիպ ձեռագիրները գրողի ընտանիքին կողմէ նուիրուած են Եւրասիա միջազգային համալսարանի գրադարանին:

Ողջունելով ներկաները` նախարար Հրանուշ Յակոբեանը նախ եւ առաջ շնորհաւորեց համալսարանի ուսանողները, արեւմտահայ գրականութիւնը եւ պատմութիւնը ուսումնասիրողներուն պէս հարուստ ժառանգութիւնը հայրենիքի մէջ կարդալու, հետազօտելու կարելիութեան համար: «Այս պատմական իրողութիւն է: Երկար դեգերումներէ ետք Լեւոն Վարդան «վերադարձաւ» Հայաստան` իր աշխատութիւններու եւ գիրքերու տեսքով: Ծնաւ Հալէպ, ապրեցաւ, ուսանեցաւ Լիբանանի մէջ եւ ամէնէն առաջ եղաւ մանկավարժ ու ուսուցիչ, ձգեց իր մնայուն հետքը: Ան իր պատմական գիտական ուսումնասիրութիւններուն մեծ մասը նուիրեց Ցեղասպանութեան: Լեւոն Վարդանի ժառանգութեան տեղափոխումը Հայաստան` անոր ընտանիքին մեծ նուէրն է մեզ բոլորիս», նշեց սփիւռքի նախարարը:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեանը յորդորեց ուսանողները` կարդալ մեծանուն գրողին ե՛ւ պատմագիտական, ե՛ւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւնները: «Գիրքը ամէնէն թանկ արժէքն է, ան թող դառնայ ձեր ընկերը, ուղեկիցը, ապագայի ճանապարհ հարթողը: Յուսամ` այս կարեւոր գիրքերը դուք հաճոյքով կը կարդաք,, եւ յոյս ունիմ նաեւ, որ անոնք մօտ ապագային կը հրապարակուին», ընդգծեց Հրանուշ Յակոբեանը:

Եւրասիա միջազգային համալսարանի նախագահ Սուրէն Օհանեանը օրը համարեց յիշարժան համալսարանի համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան` Լեւոն Վարդանի գրական ժառանգութիւնը Պէյրութէն Երեւան տեղափոխելու հարցին մէջ ցուցաբերած օժանդակութեան համար: «Գրադարանը բաց եւ հասանելի է իւրաքանչիւրին համար, որ կը փափաքի գալ եւ ծանօթանալ լիբանանահայ գրողի ժառանգութեան: Մենք այս ձեւով կը նպատակադրենք նաեւ հանրահռչակել Լեւոն Վարդան հեղինակը, պատմաբանը, անհատը», նշեց Սուրէն Օհանեանը:

«Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլեանը ընդգծեց, որ գրողին գրական արխիւին հետ Հայաստան տեղափոխուած է նաեւ սփիւռքի գրական աշխարհի մէկ մասնիկը:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեանը:

«Լեւոն Վարդանի գրական ժառանգութիւնը» զեկուցմամբ հանդէս եկաւ ԵՄՀ յենակէտային վարժարանի փոխտնօրէն Սիրարփի Դաւթեանը:

Այնուհետեւ վարժարանի սուրիահայ աշակերտներ Սարգիս Գաթրճեանը եւ Լառա Պաթրոնեանը կարդացին հատուածներ` գրողի ստեղծագործութիւններէն:

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը Մասնակցեցաւ Թորոս Թորանեանի Ծննդեան 90-ամեակին Նուիրուած Ցերեկոյթին

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ, մարտ 27-ին Հայաստանի Գրողներու միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ արձակագիր, բանաստեղծ, հրապարակախօս Թորոս Թորանեանի ծննդեան 90-ամեակին նուիրուած ցերեկոյթ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը: Ան նշեց, որ մեծանուն գրողը կը ճանչնայ եւ անոր գործունէութենէն տեղեակ է 1980-ական թուականներէն ի վեր: «Ըլլալով սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական` Թորոս Թորանեան նոյնիսկ Խորհրդային Հայաստանի տարիներուն մեծ անուն կը վայելէր հայրենիքի մէջ: Ուրախ եմ, որ երբեմնի դրախտային Հալէպը պատկերացուցած եմ  նոյնինքն Թորոս Թորանեանի կերպարով: Ծնելով Հալէպի մէջ եկաւ Հայաստան` բժշկական կրթութիւն ստանալու, սակայն իր հետագայ կեանքն ու գործունէութիւնը ուղղեց մարդոց հոգիներուն բուժման, նուիրուեցաւ հայ համայնքին եւ Հայ դատի արդար լուծման», նշեց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը:

Նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ սուրիահայ մտաւորականը անցաւ աշխարհի միջօրէականներով, եղաւ սփիւռքի հայ համայնքներու մէջ, ինչպէս ինքը կը ձեւակերպէ, կը հրաժարի «թափառ կեանքէն», իր ամբողջ գերդաստանով վերջին տարիներուն կը հաստատուի Հայաստան` վայելելով հայրենիքի ջերմութիւնն ու սէրը:

Սփիւռքի մէջ հայանպաստ գործունէութեան, հայապահպանութեան, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը Թորոս Թորանեանին յանձնեց Հայաստանի վարչապետին յուշամետալը:

Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս պատկառելի տարիքին մէջ անգամ գրող-հրապարակախօսը իր գրիչը վար չի դներ, կը շարունակէ իր աւանդը ունենալ հայրենիք-սփիւռք կապերու սերտացման գործին մէջ:

ՀԲԸՄ Հայաստանի ներկայացուցչութեան փոխտնօրէն Յովիկ Էօրտեքեանը կարեւոր նկատեց Թորոս Թորանեանին գործունէութիւնը Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մէջ` իբրեւ երկարամեայ անդամ եւ պարգեւատրեց միութեան յուշանուէրով:

Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան «Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութեան տնօրէն Յովհաննէս Այվազեանը, յայտնի գրականագէտներ, արձակագիրներ: Կարդացուեցան հատուածներ` գրողին ստեղծագործութիւններէն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն` Թորոս Թորանեանը նշեց, որ իր ամբողջ կեանքին, գրական ստեղծագործութեան առանցքը եղած է հայրենիքը, եւ եթէ կարելիութիւն ունենար նորէն լոյս աշխարհ գալու, կը փափաքէր ծնիլ եւ ապրիլ միայն Հայաստանի մէջ:

Հայաստանի Մէջ Կ՛ուսանի 3757 Սփիւռքահայ

2017-2018 ուսումնական տարուան ընթացքին Հայաստանի ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ կ՛ուսանին 3757 սփիւռքահայեր, որոնցմէ 1847-ը` Հայաստանի պետական, 536-ը` ոչ պետական, 1012-ը` միջազգային համալսարաններու մէջ, իսկ 362-ը` քոլեճներու մէջ: Ամէնէն մեծ թիւ սփիւռքահայերը կու գան Ռուսիայէն` 1454, Վրաստանէն` 1209, Սուրիայէն` 536, Իրանէն` 139 եւ այլն:

Հայաստանի պետական համալսարաններու 1847 ուսանողներէն 607 կ՛ուսանի Երեւանի Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանին մէջ, 234-ը` Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, 203-ը` Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանին մէջ եւ այլն: Նախապատրաստական դասարանին մէջ կ՛ուսանին 82, պսակաւոր արուեստից ու գիտութեան` 1551, մագիստրոսի` 199, ասպիրանդի` 15 սփիւռքահայ ուսանող:

2017-2018 ուսումնական տարուան ընթացքին Հայաստանի համալսարաններու մէջ կ՛ուսանին 2491 օտար երկիրներէ ուսանող: Ամէնէն մեծ թիւով ուսանողներ կան Հնդկաստանէն` 1142, Իրանէն` 430, Իրաքէն` 404, Իսրայէլէն` 118 եւ այլն: Պետական համալսարաններու մէջ կ՛ուսանին` 1307, ոչ պետական համալսարաններու մէջ` 963, միջազգային համալսարաններու մէջ` 203 եւ քոլեճներու մէջ` 18 օտար ուսանող:

Ֆրանսայէն Ժամանած Բժիշկները Ստեփանակերտի Մէջ Անվճար Վիրահատութիւններ Կը Կատարեն

Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան եւ «Հայ-մետ» ֆրանսական բժշկական-մարդասիրական ընկերութեան միացեալ նախաձեռնութեամբ, Ֆրանսայէն Արցախ ժամանած են քիթ-կոկորդ-ականջաբան, միզային գործարաններու մասնագէտ եւ շարք մը այլ մասնագիտութեանց տէր բժիշկներ:

Արցախի Հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ կամաւոր բժիշկները մինչեւ ապրիլ 6  անվճար ընդունելութիւններ, խորհրդատուութիւններ, հետազօտութիւններ  եւ վիրահատութիւններ կատարեցին:

«Հայ-մետ» ֆրանսական բժշկական-մարդասիրական ընկերութեան նախագահ Յովհաննէս  Ժան Միշել յայտնեց, որ իրենք մօտաւորապէս 30  տարիէ ի վեր Արցախի ժողովուրդին օգնութիւն կը ցուցաբերեն: Ան ըսաւ, որ այս այցելութեան ընթացքին, բացի անվճար բժշկական օգնութիւն  ցուցաբերելէ, իրենց հետ բերած են նաեւ բժշկական սարքեր եւ դեղորայք:

Արցախի Մէջ Կը Նախատեսուին Յուշարձաններու Միջազգային Օրուան Նուիրուած Համալիր Ծրագիրներ

Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրուան` ապրիլ 18-ին ընդառաջ պիտի կազմակերպուի ձեռնարկներու համալիր ծրագիր` այցելութիւններ Արցախի տեսարժան վայրեր,  դասախօսութիւններ, զարգացման խաղեր:

Ըստ «Արցախփրես»-ի, Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան նախագահ Արտակ Գրիգորեանը յայտնած է, որ արդէն մշակուած է օրուան նուիրուած ծրագիրը, որ պիտի ներառէ թէ՛ մասնագիտական փակ եւ թէ՛ հանրային ձեռնարկներ:

«Ծրագիրի ծիրին մէջ դպրոցներու մէջ պիտի կազմակերպուի համապատասխան նիւթով շարադրութիւններու մրցոյթ: Պիտի ունենանք նաեւ շաբաթօրեակներ, այցելութիւններ` վտանգուած յուշարձաններու տարածքներ, որոնց նպատակն է այդ յուշարձաններուն հանդէպ հետաքրքուածութեան եւ ճանաչելիութեան բարձրացումը: Այս տարուան խորհուրդը կը կոչուի` «Ժառանգութիւն` սերունդներու համար»: Այն յուշարձանները, որոնք այսօր ունինք, ոչ թէ մեզի հասած նուէրներ են, որոնք պէտք է օգտագործենք, այլ` մշակութային ժառանգութիւն, որոնք պէտք է փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն», նշած է Ա. Գրիգորեանը եւ` կարեւոր համարած, որ յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրուան նուիրուած` պիտի կազմակերպուի նաեւ միջգերատեսչական հնագիտական յանձնախումբի նիստ, որուն պիտի հրաւիրուին համապատասխան մասնագէտներ եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ` քննարկելու 2017 թուականի ընթացքին Արցախի մէջ իրականացուած հնագիտական պեղումներուն արդիւնքները:

Ա. Գրիգորեանի խօսքով, Հադրութի շրջանի Տեաք գիւղին մէջ, որուն որոշ հատուածներ ճանչցուած են պատմական մշակութային արգելոց, պիտի կազմակերպուի զարգացման խաղ: Պատմական մշակութային յուշարձաններու այդ օրուան այցելութիւններու ցանկին մէջ աւանդաբար պիտի ընդգրկուի նաեւ Տիգրանակերտը: Ապրիլ 18 պիտի հռչակուի «Բաց դռներու օր»` Արցախի պատմական մշակութային յուշարձաններ այցելել փափաքողներուն համար:

«Պիտի փորձենք ծրագիրը ժողովրդականացնել` նպատակ ունենալով ներառել Արցախի բոլոր համայնքներու յուշարձանները: Մօտակայ օրերուն պիտի հրապարակուի ձեռնարկներուն յստակ ժամանակացոյցը», աւելցուցած է Ա. Գրիգորեանը:

Նախորդը

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ. Սպանիոյ Երկրորդ Հանրապետութիւնը, Քաթալոնիոյ Ինքնավարութիւնը Եւ Քաղաքացիական Պատերազմը

Յաջորդը

Անդրադարձ. 1918-ի Հայաստանի Անկախութեան Առաջին Օրերը – Ե.

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?