Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Ապրիլ 1968)

Ապրիլ 4, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խուռներամ Բազմութիւն Մը Երէկ Մասնակցեցաւ Պուրճ Համուտի Մեծ Միթինկին Ներկայ Եղան Եւ Խօսք Առին Մեթնի Մեր Ցանկակիցները

«Դաշնակցութիւնը Կը Հաւատայ, Որ Լիբանանի Ուժը, Լիբանանի Հմայքը Իր Բաղկացուցիչ Տարրերուն Գործակցութեան Մէջ Է»
Ըսաւ Ընկ. Բ. Փափազեան

Երէկ` չորեքշաբթի գիշեր, Պուրճ Համուտի հայութիւնը անմոռանալի պահեր ապրեցաւ: Նոր Մարաշի Ժողովրդային տունը նեղ կու գար մարդկային այն յորձանքին համար, որ եկած էր ներկայ գտնուելու ի պատիւ «Երեքներ»-ու եւ ՀՅ Դաշնակցութեան միացեալ ցանկի անդամներուն կազմակերպուած միթինկին: Ակումբ տանող բոլոր փողոցները, շուրջի տարածութիւններն ու մերձակայ բնակարաններու տանիքներն ու պատշգամները լեցուած էին անհամար բազմութեամբ մը:

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ կազմակերպուած այս միթինկին ներկայ գտնուեցան մեր ցանկին բոլոր թեկնածուները` Սելիմ Լահուտ, Մորիս Ժեմայէլ, Էմիլ Սալհապ, Միշէլ Մըր եւ Անտրէ Թապուրեան, որոնց սրահէն ներս մուտքը ընդունուեցաւ որոտընդոստ ծափահարութիւններով:

Այր ու կին, երիտասարդ ու ծեր, ընկեր թէ համակիր, ամբողջ զանգուածը Պուրճ Համուտի հայութեան` եկած էր լսելու մեր թեկնածուները, լսելու յատկապէս ՀՅ Դաշնակցութեան  խօսքը, որ յստակ ու մեկին ուղղուեցաւ բոլորին` իբրեւ հարազատ արտայայտութիւնը հայ ժողովուրդի կամքին:

Միթինկը վարեց Տիգրան Ոսկունին, որ նախ անդրադարձաւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ապա խօսեցաւ հիւսիսային Մեթնի մեր ցանկը հովանաւորող չորս կուսակցութեանց` Ազգային պլոքին, Լիբանանեան փաղանգաւորներուն, Ազգային ազատական կուսակցութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան մասին` ի վերջոյ յաջորդաբար ներկայացնելով մեր հինգ թեկնածուները, որոնք հարազատ ներկայացուցիչներն են Մեթնի ժողովուրդին` սկսած Պիսքենթէի բարձունքներէն մինչեւ Պուրճ Համուտի դաշտավայրը:

Այնուհետեւ Տ. Ոսկունի միթինկին նախագահելու համար հրաւիրեց մեծանուն ընկեր Կարօ Սասունին, որ իր հայրական խօսքով պայքարի, ազնիւ պայքարի հրաւիրեց մեր ընկերներն ու Պուրճ Համուտի ժողովուրդը` արտայայտելու իր կամքը կիրակի օր:

Յաջորդաբար խօսք տրուեցաւ մեր ցանկին անդամներէն ազգային ազատական Սելիմ Լահուտին, փաղանգաւոր Մորիս Ժեմայելին եւ ազգային պլոքէն տոքթ. Էմիլ Սալհապին:

Մեր երեք ցանկակիցները լայն գիծերու մէջ պարզեցին իրենց ընտրական ծրագիրը, ընդգծեցին չորս կուսակցութիւններու արդիւնաւէտ գործակցութիւնը եւ գովեստով խօսեցան հայ ժողովուրդի բարեմասնութեանց մասին` շեշտելով ՀՅ Դաշնակցութեան վայելած յարգանքին ու հեղինակութեան ներկայացուցած կարեւորութիւնը ընտրապայքարին մէջ:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, որ յանուն ՀՅ Դաշնակցութեան, նախ ֆրանսերէն արտայայտուեցաւ` խօսքը ուղղելով մեր թեկնածուներուն, ապա հայերէն խօսեցաւ ոգեշնչող եւ բովանդակալից ճառ մը` խանդավառութեան ալիք մը բարձրացնելով ծովածաւալ բազմութեան մէջ:

Բայց ինչ որ կ՛ուզենք անմիջապէս ընդգծել մեր ընկերոջ ճառին մէջ, այդ այն հատուածն է, ուր ան խօսեցաւ ազատութեան եւ անկախութեան ծարաւի այս երկրին` մեր սիրելի Լիբանանին բարոյական դիմագիծին մասին:

Յիշելով Մեծն Ֆախրէտտինը, յիշելով Անթիլիասի ուխտը, որ 1840-ական թուականին կնքուեցաւ այս երկրին քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներուն միջեւ` ի խնդիր Լիբանանի անկախութեան եւ ազատութեան պայքարին, տոքթ. Փափազեան շեշտեց. «ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ Լիբանանի ուժը, Լիբանանի հմայքը իր բաղկացուցիչ տարրերուն, այս երկրին բոլոր համայնքներուն` մարոնի, սիւննի, շիի, տիւրզի, հայ, ամբողջական գործակցութեան մէջ է` իբրեւ նոյնիրաւ, հաւասար քաղաքացիները այս սիրելի, օրհնեալ երկրին, որուն ազատութեան եւ անկախութեան, որուն բարոյական դիմագիծին պահպանման համար հայ ժողովուրդը պատրաստ է գերագոյն զոհողութիւններու»:

Ընկերոջ ճառը յաճախ ընդմիջուեցաւ խելայեղ ծափահարութիւններով, մանաւանդ երբ ան կը յայտարարէր, որ` «Հայ ժողովուրդին 70-80 առ հարիւրը ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան հետ է եւ անոր յաղթանակով հպարտացող»:

Վերջին խօսքը տրուեցաւ ընկ. Կարօ Սասունիին, որ իբրեւ գերագոյն պատգամ` ժողովուրդը հրաւիրեց կիրակի օր մէկ մարդու պէս կատարելու իր պարտականութիւնը, որպէսզի անգամ մը եւս յաղթանակը ժպտի մեզի, ինչպէս միշտ, բոլոր ընտրապայքարներու ընթացքին:

Հաւաքոյթը փակուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ երգուած «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» նուիրեալներու երգով:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ. Քաթալոնիա` Քաղաքականօրէն Եւ Տնտեսականօրէն Ազդեցիկ Երկրամաս

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?