Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Ապրիլ 1968)

Ապրիլ 3, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իրատես Ըլլանք

Ներկայիս հայութիւնը համասփիւռ ժողովուրդ է: Ո՛չ հայութիւնն է ամբողջական եւ ոչ ալ Հայաստանը: Մեր ժողովուրդին մօտաւորապէս մէկ երրորդը ցրուած է Հայաստանի հողամասէն դուրս, Խորհրդային Միութեան տարածքին, միւս երրորդը` սփռուած է աշխարհի չորս ծագերուն, իսկ Հայաստանի մէջ մէկտեղուած երկու միլիոն հայութիւնը իրական տէրը չէ իր ճակատագրին: Անոր յառաջընթացը, վերելքը, վայրէջքը, ապագան սերտօրէն շաղկապուած է խորհրդային իշխանութեան կամքին, վերաբերմունքին, քաղաքականութեան: Այնուամենայնիւ անսխալ իրողութիւն է, որ Հայաստանի Հայութիւնը տքնաջանօրէն փարած է ազգային շքեղ եւ վիթխարի իրագործումներու: Հայաստանի հայը կ՛ապրի, կը գործէ, կը կերտէ եւ կը ստեղծագործէ հայրենիքի շողշողուն ապագային ի խնդիր: Այս մասին չի կրնար երկմտանք գոյութիւն ունենալ:

Միաժամանակ սփիւռքահայութիւնը երբեք անհաղորդ եւ անտարբեր չէ Հայաստանի ճակատագիրին նկատմամբ: Հայաստանի նուաճումները, յառաջդիմութիւնը եւ ծաղկումը` բոլոր բնագաւառներու, մեր սիրտերը կ՛ոռոգէ յոյսերով եւ հպարտանքով: Անոր ձախողանքը, իր բնական վազքին եւ վերելքին դէմ կանգնած խոչընդոտները, ընկրկումները, զրկանքները եւ դժուարութիւնները մեր սիրտը կը խոցոտեն եւ մեր առօրեայ մտահոգութեան առարկայ կը դառնան: Օրէ օր Հայաստանի հայութեան եւ սփիւռքահայութեան հոգեկան կապը աւելի կ՛ամպրապնդուի: Այնքան, որ հայրենի երկրի հայութեան կեանքի վերիվայրումները անմիջօրէն եւ ուժգնօրէն արձագանգ կու տան մեր հոգիներուն:

Արդ, մեր գերագոյն պարտքն է անվեհեր եւ ճկատաբաց, առանց նախապաշարումի եւ կանխադատումի տեսնել ներկայ քաղաքական իրականութիւնը:

Մեր ճակատագրի վրայ բախտորոշ ազդեցութիւն ունի Թուրքիան: Մենք գործ ունեցանք Երիտասարդ թուրքերու հետ, անկեղծօրէն եւ հաւատարմօրէն բարեկամութիւն կռեցինք անոնց հետ եւ մենք չարաչար պարտուեցանք: Այժմ անոնց ուղղակի յաջորդը` քեմալական թուրքերն են մեր դրան առջեւ: Ասոնց միջեւ ոչ մէկ տարբերութիւն կայ, գոնէ Հայաստանի եւ հայութեան նկատմամբ: Նոյն թրքութիւնն է, նոյն ազգամոլական մտայնութեամբ տոգորուած, նոյն ատելավառ կանխակալութեամբ թրծուած են եւ քաղաքական նոյն միտումներով կը շարժին:

Ցեղային կոյր ատելութիւն չենք քարոզեր: Բայց պարտ կը համարինք ազդարարութիւն ուղղել քեմալական թուրքերու նկատմամբ: Քեմալական թրքութիւնը կը մնայ մեր ոխերիմ թշնամին: Հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ իմանանք, ճանչնանք մեր բուն թշնամին, զանազանենք չարակամը բարեկամէն: Յետին տխմարութիւն է չտարբերել բարեկամը թշնամիէն: Թշնամիին հետ բարեկամանալ, կը նշանակէ մեր սեփական գերեզմանը փորել: Կ՛ընդունինք, որ արդար պէտք է ըլլալ մինչեւ իսկ թշնամիին հանդէպ, բայց պայմանով որ ընդմիշտ եւ տեւաբար մեր աչալուրջ հսկողութեան ենթակայ ըլլայ: Քանի դեռ քեմալական թրքութիւնը պաշտպան եւ զօրավիգ կը կանգնի Ցեղասպանութեան, ան մեր բացայայտ թշնամին է:

Քեմալական թրքութիւնը քանի դեռ կը գովաբանէ Երիտասարդ թրքութեան հայակերտ շահատակութիւնները, կը նշանակէ, թէ ան գլխովին իւրացուցած է իր նախնիներու քաղաքական բոլոր յաւակնութիւնները հայութեան եւ Հայաստանի նկատմամբ: Թրքութիւնը բնաւ մաքրագործուած չէ իր հոգեբարոյական ժահրերէն, կանխամտածուած իր հայակերութենէն: Որքան կոյր ատելութիւնը, անյագ ոխակալութիւնը, այնքան ալ վեհանձնութիւնը, ներողամտութեան վսեմ զգացումը` թշնամիի հանդէպ մեզ կ՛առաջնորդէ անբուժելի աղէտի:

Արթուն մնանք. չխաբուինք թուրք մամուլի մեղրածոր հրաւէրներէն, եղբայրութեան եւ հաշտութեան սրտառուչ կոչերէն: Քեմալական թրքութիւնը այս հրապուրիչ, բայց կեղծուպատիր հնարանքը կը գործածէ` կռթնելով մեր ազգային նկարագիրին, անյիշաչարութեան եւ ներողամտութեան հանրայայտ հակումներուն: Հայութիւնը չի կրնար բարի զգացումներով գայլը ոչխարի փոխարկել եւ ոչ ալ իր կեանքը պաշտպանել յօշոտող գազանի դէմ:

Անվիճելի իրողութիւն է, որ քեմալական թրքութիւնը չի հանդուրժեր ներկայ Հայաստանի առկայութիւնը իբրեւ հարեւան, թէկուզ խորհրդային հովանիին եւ պաշտպանութեան տակ: Տիւ ու գիշեր ան թուխս է նստած եղեռնամիտ դաւերու շարքի մը վրայ. եւ ծրագիր, սադրանք ու հրէշային միջոցառումներ կ՛որոճայ, գործադրելու համար եթէ ոչ ուղղակի իր ուժերով, յատկապէս թուրքիզմի ախոյեան իր ազգակիցներու քօղածածուկ աջակցութեամբ: Արմատախիլ ընել հայութիւնը եւ վերցնել Հայաստանը աշխարհագրական քարտէսէն, ահա թէ ի՛նչ կ՛որոճայ քեմալական թրքութիւնը: Լոկ երա՞զ մըն է սա: Ո՛չ. հեռանկար է` լուրջ գործերով պաշտպանուած:

Երէկ այս էր Երիտասարդ թրքութեան քաղաքական երազը, որուն վառ հեռանկարով Ապրիլեան Մեծ եղեռնը ստեղծեց ան, եւ որ այսօր կը շարունակէ յուզել քեմալական թրքութեան մոլենախանձ ուղեղը: Օսմանեան կայսրութիւնը հետզհետէ ընթացաւ դէպի անդուլ քայքայումի, տառապակոծ ժողովուրդներու ընդվզումի հետեւանքով թրքութիւնը կորսնցուց իր յենակները եւ դուրս շպրտուեցաւ Եւրոպայէն, Ափրիկէէն եւ վերջապէս արաբական երկիրներէն: Թուրքիա գրեթէ ամէն բան զիջեցաւ, բացի իր անսանձ մեծամոլութիւնն ու խելայեղ մոլեռանդութիւնը: Խալիֆայութիւնը իր մահաքունը կ՛ապրի համիլսամութիւնը զառամեր եւ կենդանի դիակ է դարձեր: Բայց հին երազը դեռ կը մնայ: Թրքութիւնը հիմա իր աչքը յառեր է դէպի Արեւելք, դէպի թրքալեզու ցեղերը Կովկասի եւ Միջին Ասիոյ, որոնց երկարած է իր քօղածածուկ շօշափուկները: Իր երազի ճամբուն վրայ կայ թումբ մը, որ խոչընդոտ է: Ատիկա Հայաստանն է, որ պէտք է բառնալ:

Արթուն եւ իրատես ըլլանք:

Ե. ԽԱԹԱՆԱՍԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Տոքթ. Սօսի Անթիքաճեանի Գիրքը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?