ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Զգուշ եղէք բարձր ձայներէն: Անակնկալ ճնշումներ թող չազդեն ձեր վրայ: Չկարենալ յստակ արտայայտուելու պատճառով պիտի նեղանաք եւ թշնամական դիրք որդեգրէք: Օրինական հարց մը պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Կարելի է մթնոլորտը դրականացնել: Ձեր փաստաթուղթերուն մէջ մի՛ թերանաք: Ձեր միտքը պիտի հանգստանայ: Մինակ մի՛ մնաք, ընկերներու եւ բարեկամներու հետ եղէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ուրախ շրջան մը պիտի ապրիք. հետաքրքական փորձառութիւններ պիտի ունենաք: Ձեր գործերը պիտի բարգաւաճին, ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ուրիշներու հարցերուն մէջ մի՛ մտնէք, որպէսզի չազդուիք: Սակարկելու եւ բանակցելու կողմնակից էք: Ձեր յարաբերութիւնները եւ ճամբորդութիւնները պիտի աշխուժանան:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Պրկուած ու լարուած մթնոլորտը հանդարտեցուցէք եւ վերատիրացէք ձեր դիրքը: Նոր շրջան մըն է ձեզի համար. ծանօթացման նոր դուռեր պիտի բացուին ձեր դիմաց:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Մի՛ ստորագրէք պայմանագիր: Բացասական շրջան մըն է առանց բախտի եւ զօրութեան: Ձանձրոյթ ցաւ ու նեղութիւն պիտի զգաք: Ձեր աշխատանքը պիտի դանդաղի:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Աչքառու յաջողութիւն եւ ձեռքբերում մը պիտի ունենաք: Բախտը ձեզի պիտի ժպտի, եւ մեծ պիտի ըլլայ ձեր ուրախութիւնը: Պիտի հետաքրքրուիք ձեր դիրքի վերատիրացմամբ եւ շատոնց սպասուած ծրագիրի մը գործադրութեամբ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր հաշիւները կրկին պիտի սերտէք: Վիճաբանութենէ եւ արագ որոշումներէ հեռու մնացէք: Զննեցէք պայմանագիրներու մանրամասնութիւնները:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Յարմար եւ դրական ժամանակ է առեւտրական գործերու եւ քննութիւններու: Մի՛ յետաձգէք ձեր գործերը, այլ կրկնապատկեցէք ձեր ճիգերը` չթերանալու եւ չսխալելու համար:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր ժամանակը լաւ կարգաւորեցէք չթերանալու համար գործին մէջ: Ժամանակ մի՛ կորսնցնէք եւ մի՛ յետաձգէք ձեր գործը: Ձեր առողջական վիճակին հոգ տարէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր զօրաւոր հակառակորդներէն զգուշ եղէք: Անարդարութեան պիտի ենթարկուիք: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Կարողութիւն ցուցաբերեցէք օգնելու ուրիշներուն: Ձեր կեցուածքներուն պիտի զօրակցին ուրիշներ: Ժխտական մի՛ ըլլաք եւ մի՛ գանգատիք ճնշումներէն: