Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիւր Պատմական Դէպք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

March 24, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

81.- 1 մարտ 1920: Կառավարութիւնը 50 միլիոն ռուբլի կը յատկացնէ գիւղատնտեսութեան: Առաջին անգամ ըլլալով մեքենարօրներ Հայաստան մուտք կը գործեն:

82.- մարտ 1920: Ստեղծուեցաւ երդուեալ ատենակալներու դատարանը:

83.- 1 ապրիլ 1920: Ազրպէյճանցիներ կը կազմակերպեն Շուշիի հայութեան կոտորածը: Բախումներ թուրքերու եւ հայերու միջեւ` Ղարաբաղի մէջ:

84.- ապրիլ 1920: Ստեղծուեցաւ ազգային դրամը:

85.- 18 ապրիլ 1920: Երեւանի մէջ կը բացուի Հայաստանի բժշկական համագումարը:

86.- 1 մայիս 1920: Երեւանի մէջ եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան հակակառավարական ցոյցեր:

87.- 5 մայիս 1920: Կարսի, Ալեքսանդրապոլի, Նոր Պայազիտի, Դիլիջանի եւ Իջեւանի շրջաններուն մէջ պոլշեւիկեան խլրտումները ապստամբութեան մը բնոյթը կը ստանան 1920 մայիսի սկիզբը, Ազրպէյճանը կը դառնայ խորհրդային եւ պոլշեւիկ-քեմալական համաձայնութիւնը կը բացայայտուի: Հայրենիքը կը վտանգուի: Ալեքսանդր Խատիսեան խորհրդարանին կը ներկայացնէ իր հրաժարականը: Մայիս 5-ին խորհրդարանը մէկ ամիսով կը ցրուի եւ ՀՅԴ Բիւրոն իր լրիւ կազմով, ամբողջական լիազօրութիւններով ձեռք կ՛առնէ Հայաստանի իշխանութիւնը` զսպելու համար պոլշեւիկեան եւ թուրք-թաթարական ապստամբական համակարգուած շարժումները: Զօրաշարժի կ՛ենթարկուին ոչ միայն բանակի օրինապահ միաւորները, այլեւ` դաշնակցական զինեալ ուժերը: Կը կազմուին ժողովրդական միլիսներ:

Համազասպ (Համօ) Օհանջանեանը իշխանութեան գլուխ կ՛անցնի: Օհանջանեան վարչապետի պաշտօնը կը ստանձնէ 5 մայիս 1920 թուականին եւ այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 23 նոյեմբեր 1920 թուական:

88.- 2 յունիս 1920: Զինուած ուժերուն յատուկ` կը ճշդուի «Սուրբ Վարդան Զօրավար» ու «Մեծն Տրդատ» շքանշանները, որ 26 մայիս 1919 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով հաստատուած էր «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւնների համար» շքանշան յանձնելու օրէնքը:

89.- 10 օգոստոս 1920: Փարիզի արուարձան Սեւրի մէջ Ա. Համաշխարհային պատերազմին յաղթած երկիրներու եւ սուլթանական Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու միջեւ կնքուեցաւ հաշտութեան պայմանագիր: Անով Հայաստանը Թուրքիոյ կողմէ կը ճանչցուէր իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն:

90.- 23 սեպտեմբեր 1920: Առանց պատերազմ յայտարարելու` թուրքերը յարձակումի կ՛անցնին: Կը սկսի հայ-թրքական պատերազմը: Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ յարձակած թրքական բանակի հարուածային ուժը Քեազիմ Քարապեքիրի 15-րդ զօրասիւնն (կորպուս) էր, որ ունէր 30 հազար զինուոր:

91.- 13 հոկտեմբեր 1920: Երեւան կը հասնի խորհրդային պատուիրակ Լեկրանը, որ Հայաստանի կառավարութեան կը ներկայացնէ հետեւեալ առաջարկները.

ա.- Հրաժարիլ Սեւրի դաշնագիրէն,
բ.- Արտօնել, որ Կարմիր բանակը զինուած անցնի Հայաստանի վրայէն,
գ.- Հայաստանի սահմաններու հարցը ձգել խորհրդային իշխանութիւններուն:

Հայաստանի կառավարութիւնը կը մերժէ այս պայմանները:

92.- 14 հոկտեմբեր 1920: Խորհրդային Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը որոշում ընդունեց Հայաստանը խորհրդայնացնելու մասին:

93.- 20-26 հոկտեմբեր 1920: Արիւնահեղ կռիւներ` Սուրմալուի ճակատին վրայ: Դրոյի ղեկավարութեամբ հայ բանակը կը ջախջախէ թուրքերը, որոնք այլեւս այդ ճակատին վրայ չեն երեւիր:

94.- 30 հոկտեմբեր 1920: Կարսի անկումը: Թշնամին կը գրաւէ Կարսը` գերի առնելով մօտ 3.000 զինուոր ու զինուորական եւ քաղաքացիական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Երեք օր անընդմէջ թուրքերը Կարսի մէջ զբաղած էին իրենց յատուկ վայրագութիւններով, որոնց զոհ գացին մօտ 6000 հայեր:

95.- 4 նոյեմբեր 1920: Յովհաննէս Քաջազնունի (Իգիթխանեան) Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը կը ստանձնէ, այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1920 թուական:

96.- 18 նոյեմբեր 1920: Կնքուեցաւ զինադադարի համաձայնագիր, որուն պայմանները խիստ ծանր էին Հայաստանի Հանրապետութեան համար:

97.- 23 նոյեմբեր 1920: Համօ Օհանջանեանի կառավարութիւնը կը հրաժարի: Երկու օր ետք Սիմոն Վրացեան կը կազմէ նոր դահլիճ մը, որ համախմբական էր եւ կազմուած` էսէռներու հետ: Սիմոն Վրացեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը կը ստանձնէ 23 նոյեմբեր 1920 թուականին, այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1920 թուական:

98.- 24 նոյեմբեր 1920: Ալեքսանդրապոլի մէջ կը սկսին հայ-թրքական հաշտութեան բանակցութիւններ:

99.- 29 նոյեմբեր 1920: Կարմիր բանակը եւ Պաքուի մէջ կազմաւորուած Հայաստանի ռազմայեղափոխական կոմիտէն, որուն նախագահն էր պոլշեւիկ Սարգիս Կասեանը, մտան Իջեւան, ուր յայտարարեցին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան տապալման եւ Հայաստանի խորհրդայնացման մասին:

100.- 2 դեկտեմբեր 1920: Անմիջական ու հրամայական հարց էր` ամէն գնով համաձայնիլ ռուսերուն հետ Քարապեքիրի անողոք պայմաններէն ազատելու համար, եւ ինչ որ տակաւին կարելի էր փրկել հանրապետութեան հողային տարածքէն ու անոր ժողովուրդէն: Արդարեւ, Ալեքսանդրապոլի մէջ 24 նոյեմբերին սկսած հայ-թրքական հաշտութեան բանակցութիւնները կ՛աւարտին դեկտեմբեր 2-ի լոյս 3-ի գիշերը: 2 դեկտեմբեր 1921 թուականին, քանի մը ժամի տարբերութեամբ, Դրօ եւ Հ. Տէրտէրեան Լեկրանի հետ կը ստորագրեն Հայաստանի խորհրդայնացման համաձայնագիրը, եւ Խատիսեանի պատուիրակութիւնը թուրքերուն հետ` Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը:

Այսպիսով, Հայաստան կը հռչակուի խորհրդային սոցիալիստական հանրապետութիւն: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը հրաժարի իշխանութենէն: Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրով Թուրքիոյ կ՛անցնի 1914 թուականի դրութեամբ Արեւելեան Հայաստանի մէջ մտնող աւելի քան 20.000 քառ. քմ տարածք` Կարսը, Սարիղամիշը, Կաղզուանը, Արտահանը, Օլթին, Սուրմալուի գաւառը: Փաստօրէն հայ-թրքական սահմանը կ՛անցնէր Ախուրեան եւ Արաքս գետերու հունով: Իսկ Նախիջեւանի, Շարուրի, Շահթախթի շրջանները ժամանակաւորապէս կը յանձնուէին Թուրքիոյ, մինչեւ որ այնտեղ տեղի ունենար հանրաքուէ, որուն Հայաստանը պէտք չէր մասնակցէր: Առ այդ, լքուած ու մոռցուած իր «Մեծ դաշնակիցներէն», ենթակայ` թուրքերու եւ պոլշեւիկներու համադրուած դաւերուն, Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը վերջ կը գտնէր:

(Շար. 7 եւ վերջ)

Նախորդը

Նշմար. Վարձքը Կատար ԼԵՄ-ին` Դպրոցներուն Միջեւ Մշակութային Օր Կազմակերպելուն Համար

Յաջորդը

Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւն. Դասախօսութիւն` Հայկական Բժշկական Միջազգային Ընկերակցութեան Պատմութեան Մասին

RelatedPosts

Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին

October 13, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.