Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Վարձքը Կատար ԼԵՄ-ին` Դպրոցներուն Միջեւ Մշակութային Օր Կազմակերպելուն Համար

March 24, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Կազմակերպութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, 17 մարտ 2018-ին տեղի ունեցաւ ազգային վարժարաններու մշակութային օր:

Մշակութային այս օրը տեղի ունեցաւ այնպիսի ժամանակի մը, երբ համաշխարհայնացման առաջնորդութեան տակ յառաջացած են օտարացման ու ապազգայնացման հոսանքներ, որոնք կը միտին հեռացնել հայ անհատը հայկական արժէքներէն եւ օրակարգերէն:

Համաշխարհայնացումը թիրախ կը դարձնէ հայ պատանիները եւ երիտասարդները` առեւտրական կամ այլ ծանուցումներուն միջոցով: Այսօր դժբախտութիւն է տեսնել հայ պատանին ու երիտասարդը, որ հեռու մնացած է հայկականութենէն` համաշխարհայնացման վայրագ հոսանքին պատճառով, որ կը փորձէ խեղաթիւրել արժէքները եւ տարածել այն միտքը, թէ «հայկականը հին» է, «տգիտութեան հետեւանք» է, «ժամանակավրէպ» է: Համաշխարհայնացումը այնպիսի վայրագութիւն մըն է, որ կ՛ուզէ ստեղծել համաշխարհային մարդ մը` առանց ազգային դիմագիծի:

Մշակութային օրը հայութեան միտքին մէջ կու գայ նաեւ վերադրոշմելու` Վանը, Խարբերդը, Մարաշը, Սասունը, Համշէնը, Ջաւախքը… ահա՛ մեր հայրենական հողերը, որոնք այսօր կը գտնուին օտար տիրապետութիւններու տակ: Այս հողերը յիշել` կը նշանակէ մարտահրաւէր կարդալ համաշխարհայնացման, որ կը փորձէ մարդը դարձնել անհայրենիք, եւ այդ անհայրենիք մարդը իր կարգին կը փորձէ հայ մարդուն մոռցնել, թէ ինք Դատ մը ունի լուծելիք:

Հայ երգը, մամուլը, պարը, լեզուն եւ ընդհանրապէս մշակոյթը վտանգի մէջ են, եւ եթէ չփրկենք զանոնք` արդիականացումով, անոնք պիտի ենթարկուին ոչնչացման: Մշակոյթի փրկութիւնը տեղի կ՛ունենայ` քաջալերելով հայկական երգը, մամուլը, պարն ու լեզուն, մասնակցելով մշակութային բոլոր երեկոներուն, ձեռնարկներուն, հաւաքներուն եւ հանդէսներուն: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի կազմակերպած մշակութային օրը նախանձելի օրինակ մը պէտք է դառնայ այլ երիտասարդական, մշակութային եւ կրթական կազմակերպութիւններուն` կազմակերպելու համար այլ տեսակի մշակութային ձեռնարկներ:

Ամէն անհատ, որ ինքզինք կը նկատէ հայ, իր ականջին օղ պէտք է դարձնէ Սարգիս Զէյթլեանի հետեւեալ խօսքը. «Մշակոյթը խտացեալ ազգն է, հարազատ հայելին իր բովանդակ անցեալին, ներկայի իր բովանդակ կենսունակութեան եւ ապագայի իր բոլոր նուիրական իղձերուն ու երազներուն, ինչպէս որ ազգը իրացեալ եւ  լինելութիւն իր մշակոյթն է, իբրեւ ինքնադրսեւորման ու ինքնաիրագործման յարատեւ եղելոյթ` ժամանակի եւ տարածութեան քառուղիներուն վրայ»:

Մշակոյթ զարգացնել` կը նշանակէ ազգ զարգացնել, հետեւաբար կը նշանակէ ազգը փրկել ձուլումէն:

 

 

Նախորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Աֆրինը Ինկաւ, Հետը Նաեւ` Քրտական Տեսլականը

Յաջորդը

Հարիւր Պատմական Դէպք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.