Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրքի Մը Հրատարակութեան Առիթով. «Սոֆիա» «Տարագրութիւն` Սեւ Ծովէն Դէպի Հալէպ»

Մարտ 23, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի «Սոֆիա. տարագրութիւն` Սեւ ծովէն դէպի Հալէպ» իրական պատմութիւն մը վկայակոչող գիրքին անդրադարձող «Սթոխասթիս» յունական հրատարակչատան նախաձեռնութեամբ եւ Սերգօ Աղապատեանի կողմէ հայերէնէ յունարէն թարգմանութեամբ գիրքը (150 էջ), աշխարհագրականօրէն եւ աշխարհահայեացքօրէն կը բնորոշուի իր իսկ ոդիսական տեղահանութեան հետեւեալ պատմագիտական տեղանուններով, որոնք ինքնաճանաչօրէն կը յատկանշուին գիրքի բովանդակութեան, այլեւ` յոյն (պոնտոսցի) – հայ Մարիա Տասողլիի հայացած, հետագային ալ ճակատագրի բերումով Մարի Գէորգեան պատուանունին տիրացած, ընտանիքի մը արկածախնդրօրէն տառապալից վկայագրութիւնը.  Պոնտոս, Օրտու (Սեւ ծով), Զէյթուն, Հալէպ, Լիբանան. որբանոց, աքսոր, կեանքի սեւ երեսներ, որոնք գիրքի էջերուն մէջէն կը հանդիսադրուին պատմագրական եւ ազգագրական վկայութիւններու կենդանի նկարագրութիւններով, որ յուզումնալից զգացականութեամբ հինն ու նորը, անցեալն ու ներկան իրարու կը միախառնեն: Աւելի՛ն. իրարու կը միաձուլեն` կորուստը, մղձաւանջը, բնական եւ անբնական իրականութիւններ եւ հետեւող սերնդափոխութեան ճամբով պատմական յուշի կրակը տեւաբար տաք պահելու ակնկալութեամբ:

«Սոֆիա» (իմաստութիւն). 20-րդ դարու ճշմարիտ պատմութիւն մը, որ գրականօրէն կը վերարտադրուի 21-րդ դարուն, Ցեղասպանութիւն ճաշակած երկու ժողովուրդներով` հայ եւ յոյն: Առաջինը 1915-ին, երկրորդը` 1917-ին: Առաջինը` 1,5 միլիոն զոհ, երկրորդը` 650.000:

Ընտանեկան պատմութիւն մը, որ ոմանց կողմէ կրնայ բնական, ոմանց կողմէ ալ անբնական համարուիլ, քանի բնականն ու անբնականը հոս իրարու կապողը մարդկային բազմաչարչար կորուստն է, որ բոլոր պատերազմներու պարագային անժխտելիօրէն անհաշտ կ՛ըլլայ, ի՛նչ անտեղիտալի պատմական համեմատութիւններու կշիռքին մէջ յայտնաբերուին թէ քողարկուին անոնք:

Ինչպէ՞ս ամոքել, ինչպէ՞ս բուժել արիւնաթաթախ եղեռնագործութենէ մը յառաջացող եղելութիւններ, որոնք արեան կարմիր հետքեր կ՛ակօսեն իրենց ետին:

Մայր Սոֆիան ապրեցաւ իր սեփական տառապանքը:

Սիրունը որդեգրեց այդ տառապանքը, ի՛րը դարձուց ու տեղաւորեց զայն ծանր ժայռի մը պէս իր միտքին ու հոգիին մէջ: Դժուար եղաւ այդ ժայռը տեղափոխելը: Ըսենք` անկարելի՛: Իր մօր կեանքի պատմութիւնը ծանօթացնելու ճիգը` այդ անառիկ ժայռը իր սրտէն մասամբ դուրս բերելու ազնուագոյն պրկումի մը արդիւնքն է: Մօրը ինքնութիւնը, ինքնութիւնները վերապրեցնելու յուշը ազգային պատկանելիութեան եւ ինքնակենսագրութեան չվճարուած հոգեկան մուրհակի մը պարտաւորութիւնն էր:

Հիմա կրնայ հանգիստ ըլլալ, որ չգանձուած այդ պարտքը վճարուած է` լրիւ եւ ամբողջական գիտակցութեամբ, ճանաչումով, դատողութեամբ, հոգեկան անհուն ազնուութեամբ:

***

Մարդու ապրելու եւ վերապրելու տենչը անսպառ է: Այս պարագային ալ կեանքն ու մահը, առանց ժամադրուած ըլլալու իրարու հետ, դարձեալ կը հանդիպին պատմութեան մէկ խաչմերուկին անկիւնը:

Մայր Սոֆիայի արմատներու յօժարաբարոյ որոնումը դար մը վերջ 20-րդը 21-րդի վերածեց, բայց յուշը չթօշնեցաւ, ընդհակառակը, երկու դարերը միեւնոյն շղթայի երկու իրարու միաձուլուած օղակներու վերածեց` փրկելով պատմութիւնը, այլեւ` անոր յուշը, պատգամելով Սիրունին` կեանքը շարունակելու գոյապաշտական պայքարի սկզբունքէն ծնունդ առնող հենքով մը եւ իր կեանքը ամբողջացնելու ե՛ւ հայ, ե՛ւ յոյն ժողովուրդներու միասնական արժէքներու ճանաչողութեամբ:

Ահա՛ այս փնտռտուքը հայերէն եւ յունարէն լեզուներով, միեւնոյն մարդու կողմէ, որ ե՛ւ հայ է, ե՛ւ յոյն, իր զոյգ ազգութիւններու պատկանելիութեան անառարկելի իրաւունքով զինք կը վերածէ ազգային գիտակցութեամբ օրհնուած անձի մը` տարբեր ու միաժամանակ նման իրարու, իր արեան գոյնով եւ ազգային պահանջատիրութեան իրաւակարգով ու իրաւադատութեամբ:

Պոնտոսի բնակիչները Պոնտոսի մարդիկն են` իրենց հպարտ ու անյողդողդ լեռներով, իրենց անհանդարտ ծովերու ալիքներով, իրենց յեղափոխաշունչ պայքարներու երախտամոռ նկարագրով:

Երէկ ամէն ինչ տարբեր էր: Այսօր` աւելի՛: Տարբեր ըլլալու եւ տարբեր չըլլալու հատուցման յոյսը կը փնտռենք Պոնտոսի լեռներու, Լիբանանի լեռներու, Հայաստանի լեռներու վրայ:

Յունական եւ հայկական միակերպութեան մէջ կը փնտռենք ու կը գտնենք միեւնոյն խիզախ, չսասանող ու արդար խիղճին խոստումը:

Օրհնեալ ըլլան բոլորը:

Աթէնք

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (23 Մարտ 1968)

Յաջորդը

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հարիւրամեակի Եւ Արցախեան Շարժումի Երեսունամեակի Զոյգ Առիթներով

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?