Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԱՌԸՆԹԵՐ ԱՏԵԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՏԱՐՈՒԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

November 15, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ատեանի նիստէն պահ մը

11 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարին առընթեր ատեանի հերթական նիստը, զոր կը վարէր Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

Օրակարգին վրայ ընդգրկուած էին Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած սփիւռքի նախարարութեան ձեռնարկներու արդիւնքներուն, նախարարութեան 2012-ի պիւտճէի նախագիծի, նախարարութեան պատուէրով «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամին կողմէ իրականացուող գիտական հետազօտութիւններու կատարման վերաբերեալ հարցերը, նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներուն հետ կապերու վարչութեան հաշուետուութիւնը եւ ընթացիկ այլ հարցեր:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ԱՊՀ հայ համայնքներու վարչութեան պետ Ա. Արշակեան զեկուցեց Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութիւններու արդիւնքներուն մասին: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի հայ համայնքներուն մէջ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուած են չորս տասնեակէն աւելի ծրագիրներ եւ նախաձեռնութիւններ, որոնք լայն արձագանգ գտած են հայրենակիցներու շրջագիծին մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան 2012-ի պիւտճէի նախագիծին վերաբերեալ զեկուցեց նախարարութեան աշխատակազմի ելեւմտական բաժանմունքի պետ Հ. Յովսէփեան: 2012-ի  ծրագիրներու իրականացման համար Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան յատկացուող գումարը պիտի կազմէ 496 միլիոն դրամ: Զեկուցողը ներկայացուց ընթացիկ տարուան եւ 2012-ի իւրաքանչիւր ծրագիրին յատկացուած գումարի չափը:

2011-ին սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամին կողմէ իրականացուած գիտական հետազօտութիւններու կատարման վերաբերեալ զեկուցում ներկայացուց հիմնադրամի տնօրէն Գ. Յարութիւնեան: Նախարարութեան կողմէ տրամադրուած դրամաշնորհներով իրականացած են «Արեւելեան Եւրոպայի հայ համայնքներու խնդիրները», «Ռուսիոյ հայութեան կրօնական-դաւանանքային կողմնորոշումներ», «Սփիւռքի դաւանանքային հատուածներու խնդիրները եւ կարելիութիւնները» նիւթով հետազօտութիւնները:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան 2011-ի հաշուետուութիւնը ներկայացուց վարչութեան պետ Կ. Սարգսեան: Ան ներկայացուց վարչութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները եւ նախաձեռնութիւնները` անդրադառնալով անոնց արդիւնքներուն եւ շարունակուող ծրագիրներու ընթացքին:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆ. Զաքարեան ներկայացուց նախարարութեան 2012-ի գերակայ խնդիրները եւ անոնց  լուծման ուղղուած քայլերը: Գերակայ խնդիրներն են` նպաստել հայապահպանութեան, հայկական համայնքներու ինքնակազմակերպման, միջհամայնքային եւ Հայաստան-սփիւռք կապերու զարգացման, օժանդակել հայկական ներուժի բացայայտման եւ անոր ներգրաւման Հայաստանի զարգացման հոլովոյթին մէջ, խթանել ազգահաւաքը եւ հայրենադարձութիւնը:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՅԻ ԵՒ ՔԻՐԻԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈԳԻՈՎ, ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՈՒ ՀԱՆԴԱՐՏ ՄՕՏԵՑՈՒՄՈՎ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.