Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈԳԻՈՎ, ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՈՒ ՀԱՆԴԱՐՏ ՄՕՏԵՑՈՒՄՈՎ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

November 15, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. կեդրոնական վարչութեան եւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ սրբազանին ու Քաղաքական ժողովին միջեւ:

Առաջնորդ սրբազանը եւ Քաղաքական ժողովի անդամները լայնօրէն զեկուցեցին Սուրիոյ ներքին կացութեան մասին, յատկապէս ծանրանալով հայ համայնքին վրայ: Զեկուցումներուն ընթացքին  անդրադարձ եղաւ Ազգային առաջնորդարանի եւ հայ համայնքին մէջ գործող կազմակերպութիւններու ցարդ կատարած աշխատանքներուն:

Հանդիպման աւարտին, վեհափառը նախ իր գոհունակութիւնը յայտնեց սուրիական հայրենիքին մէջ յառաջացած դժուարութիւններուն դիմաց եւ ազգային-եկեղեցական կեանքը միակամ ու արթուն  պահելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն համար: Ան նաեւ յիշեցուց, որ «ջարդերէն ետք Սուրիան մեզ ընդունող առաջին երկիրը եղաւ եւ սուրիացի ժողովուրդը իր հացն ու հայրենիքը մեզի հետ բաժնեց, եւ մենք միշտ հաւատարիմ ու երախտապարտ գտնուեցանք այդ հայրենիքին: Նոյն նուիրումով ու բարեկամական ամուր կապերով մենք պէտք է կառչինք Սուրիոյ, մեր պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն»: Վեհափառը նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց հայ ժողովուրդի ազգային ներքին միասնականութեան ամրապնդումը. ան ըսաւ, թէ ժողովուրդին բոլոր զաւակները պէտք է համախմբուին Ազգային առաջնորդարանին ու հայկական կառոյցներուն շուրջ, իրենց մօտեցումներուն ու քայլերուն մէջ միշտ ըլլան արթուն, հեռատես ու խոհեմ` հեռու մնալով զգացական ու պարագայական մօտեցումներէ կամ յայտարարութիւններէ: Վեհափառը նաեւ յիշեցուց հայ ժողովուրդի կարիքաւոր ընտանիքներուն աջակցելու անհրաժեշտութիւնը այս դժուար օրերուն:

Այս առիթով նաեւ վեհափառը եւ Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ ողջունեցին Գամիշլիի մէջ շինարարութեան ընթացքի մէջ եղող եկեղեցին իր յարակից բաժիններով. միաժամանակ անոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին շուրջ ամիս մը առաջ Դամասկոսի մէջ բացումը կատարուած Ազգային վարժարանի նոր շէնքին ու համայնքային կեդրոնին գծով:

Նախորդը

ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԱՌԸՆԹԵՐ ԱՏԵԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՏԱՐՈՒԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

Յաջորդը

ԸՍՏ «ՆԵԶԱՒԻՍԻՄԱՅԱ ԿԱԶԵԹԱ»Ի ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ Կ՛ՈՒԶԷ ՌՈՒՍԻԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԷՆ ԴՈՒՐՍ ՄՂԵԼ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.