Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՅԻ ԵՒ ՔԻՐԻԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐԸ

November 15, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քիրիլ պատրիարքը եւ նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ Քիրիլ պատրիարքը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինի:

Հանդիպումին ընթացքին Քիրիլ պատրիարք իր հիացմունքը արտայայտեց Լիբանանի մէջ արձանագրուած բարգաւաճման գծով` կարեւորութեամբ շեշտելով լիբանանեան համայնքային  բազմազանութիւնը, ազգային համերաշխութիւնը եւ բոլոր կրօններուն եւ քաղաքակրթութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը:

Իր կարգին, նախագահ Սլէյման ողջունեց Քիրիլ պատրիարքը` շեշտելով, որ աշխարհին մէջ արձանագրուած զարգացումներուն, արհեստագիտութեան նուաճումներուն, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան որդեգրման շրջագիծին մէջ լիբանանեան օրինակը կը ստանայ իր կշիռն ու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ Լիբանան ժողովրդավար երկիր է եւ այստեղ կ՛իշխեն հանրութեան բոլոր շերտերը` իրենց մասնակցութիւնը բերելով քաղաքական կեանքին:

Ռայի պատրիարքը եւ նախագահ Սլէյման

Աւելի ուշ նախագահ Սլէյմանի եւ Քիրիլ պատրիարքի միացան մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Անտիոքի եւ Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքը, Անտիոքի եւ Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, Անտիոքի ասորի կաթողիկէ համայնքի Մար Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքը, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարին, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը եւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիան:

Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած այս ընդարձակ հանդիպումէն ետք, ներկաները դարձան նախագահ Սլէյմանի ճաշի հիւրերը:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ռայի պատրիարքին հետ: Քննարկուեցան Ռայի պատրիարքին Միացեալ Նահանգներ եւ Իրաք կատարած հովուապետական այցելութիւններուն արդիւնքները:

 

Նախորդը

ՏԱՐ ՖԱԹՈՒԱՅԻ ՄԷՋ «ԱՌԱՆՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՉ ՄԷԿ ՀԱՐՑ ԿԱՐԵԼԻ Է ԼՈՒԾԵԼ» ՇԵՇՏԵՑ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Յաջորդը

ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԱՌԸՆԹԵՐ ԱՏԵԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՏԱՐՈՒԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.