Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1968)

Մարտ 16, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ.

Խախտած Վստահութիւնը

Խուճապային տրամադրութիւններ փոխանցելու միտք չունին անկասկած այն մեկնաբանները, որոնք ճակատագրական կը նկատեն Ուաշինկթընի հանդիպումը: Երբ այս տողերը լոյս տեսնեն, որոշումները տրուած պիտի ըլլան անկասկած: Մինչ այդ, աշխարհ շունչը բռնած` կը սպասէ մտաբերելով 30-ական թուականներու մռայլ օրերը, երբ մէկ օրուան մէջ բազմահազարներ մոխիրի վրայ նստան, եւ ամբողջ աշխարհ մատնուեցաւ ահաւոր տագնապի մը, որուն ստուերը մտահոգիչ կերպով կ՛ուրուագծուի այսօր:

Ոսկիին եւ ամերիկեան տոլարին միջեւ բացուած պայքարը լուրջ համեմատութիւններու հասաւ անցեալ շաբաթ, երբ դեղին մետաղի տենդարշաւ մը ծայր տուաւ միջազգային բոլոր մեծ շուկաներուն մէջ, որոնք ճարահատ, չկարենալով գոհացում տալ յարաճուն պահանջներուն` դադրեցուցին բոլոր գործողութիւնները:

Բոլոր դիտողները համաձայն են, որ այդ տենդարշաւին պատճառը չարաշահութիւնը չէ: Մարդիկ պարզապէս ինքնապաշտպանութեան կը դիմեն, որովհետեւ վախ կայ, որ անգլիական սթերլինը անգամ մը եւս արժեզրկուի` լրջօրէն վտանգելով նաեւ դիրքը այն դրամին, որ աւելի քան քառասուն տարիէ ի վեր միահեծան կ՛իշխէ միջազգային ելեւմտական կեանքին մէջ:

Տոլարին հանդէպ վստահութիւնը խախտած է: Ու այս է միակ պատճառը ոսկիի տենդարշաւին: Խախտած է, որովհետեւ ամբոջ աշխարհ եկած է այն եզրակացութեան, որ ամերիկեան գանձատունը իր պարտաւորութիւնները յարգելու անկարելիութեան առջեւ կը գտնուի: Միացեալ Նահանգներու բացը տարուէ տարի կ՛աւելնայ եւ ատոր իբրեւ հետեւանք` իր ծախքերը հոգալու համար Ամերիկա շարունակ դրամ դուրս կը հանէ` առանց համապատասխան երաշխաւորութեան: Հաստատուած է, որ ներկայիս 37 միլիառ տոլար կայ դուրսը, մինչ, անոր փոխարէն, ամերիկեան ոսկիի պահեստը 11 միլիառը չ՛անցնիր: Այլ խօսքով, իր պարտաւորութիւնները յարգելու, այսինքն գանձումներն ու վճարումները հաւասարակշռելու համար Ուաշինկթըն պէտք է բարձրացնէ ոսկիին գինը, ինչ որ կը նշանակէ` արժեզրկէ տոլարը:

Անցեալ յունուարին Մ. Նահանգները կիսամիջոցներու դիմեցին տոլարի արիւնահոսութիւնը նուազեցնելու համար: Արտաքին ներդրումներու վրայ սեղմումներ դրուեցան, ամերիկացիներու արտասահման ճամբորդութիւնը սահմանափակելու որոշումներ տրուեցան, բայց Ճոնսըն չուզեց, չկրցաւ փակել արիւնահոսութեան գլխաւոր աղբիւրը` Վիեթնամի պատերազմը, որ ահաւոր ծախքերու կ՛ենթարկէ ամերիկեան գանձը,- տարին` 30 միլիառ:

Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ այս անգամ ալ պիտի դիմուի կիսամիջոցներու: Նախագահական ընտրութիւններէն քանի մը ամիս առաջ Ճոնսըն չի կրնար վճռական որոշումներ տալ թէ՛ անձնական եւ կուսակցական եւ թէ՛ մանաւանդ ազգային մտահոգութիւններով:

Ի՞նչ պիտի ըլլան այդ նոր կիսամիջոցները: Այսօր կը յայտնուին:

Թէ` պիտի կրնա՞ն արմատապէս լուծել խնդիրը: Ապագան կ՛որոշէ:

Բայց այժմէն իսկ տարակուսողներուն թիւը շատ մեծ է ու այդ թերահաւատութիւնը բաւական է, որպէսզի անվստահութիւնը ի վերջոյ աղէտի դուռ բանայ:

Բոլոր երկիրներու համագործակցութիւնը անհրաժեշտ է տագնապէն խուսափելու համար:

Կ՛ըսենք` բոլոր երկիրներուն ու նկատի չունինք միայն Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները:

Տ. Ո.

Խրախուսիչ Յաղթանակ

Չորեքշաբթի գիշեր, Պէյրութի երեսփոխանական առաջին ընտրաշրջանի հայ առաքելական երեք աթոռներուն համար, առ ի չգոյէ մրցակիցներու, ընտրուած հռչակուեցան ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածուները` յանձինս Մովսէս Տէր Գալուստեանի, Խաչիկ Պապիկեանի եւ Սուրէն Խանամիրեանի:

Առանց մրցակիցի ընտրութիւն շահիլը դիւրին է հարկաւ:

Մրցակից չունենալը, սակայն, նոյնքան դիւրին չէ, ու նման իրողութիւն մը միշտ չի ներկայանար ու մանաւանդ ամէնուն չի պատահիր: Դժուա՛ր է:

Ու դժուարը, հասկնալի՛ է դժուարը: Դժուարը, որքան ալ դժուար թուի ոմանց, մրցակիցներէ զերծ կարենալ մնալու պարագան է, մրցակիցները համարձակութենէ զրկելու ուժին ստեղծումը, նախընտրական օրերուն, տարիներուն, տասնամեակներուն ձեռք բերուած հմայքը:

Ու լիբանանեան առաջին ընտրաշրջանին արձանագրուած այս միակտուր յաղթանակը ըստ ամենայնի կը բացատրէ յաղթական կուսակցութեան ուժը, որ հեռուներէն կու գայ, ժողովուրդի սրտին խորերէն, ժողովուրդին կամքը մարմնացուցած ըլլալու հարուստ փորձէ մը:

Մեր պատմութենէն, իրականութենէն ու էութենէն բխած կուսակցութիւնն է Դաշնակցութիւնը, որ հաւատարմօրէն ծառայեց, կը ծառայէ մեր պատմութեան ու իրականութեան` մեր ցեղային ինքնութիւնը, երազները անխախտ պահելու, շեշտաւորելու հետեւողական նախանձախնդրութեամբ:

Այս ծառայութեան գինն է իր ժողովրդականութիւնը, եւ իր ժողովրդականութեան մէկ բնական արդիւնքն է ընտրական վերջին յաղթանակը:

Հայութեան երազներուն ու հայրենիքին կապուած հեռանկարներուն անսուտ գաղափարակիրն է Դաշնակցութիւնը, ու հայութեան լայն զանգուածներուն վերաբերումը ա՛յս պիտի ըլլար, տարբեր պիտի չըլլար, պիտի զօրացնէին զօրաւորը ու զօրանային անոր զօրութեամբ:

Լիբանանեան հայրենիքին շահերուն անշեղօրէն ծառայած ըլլալու վկայութեան հետ, Դաշնակցութեան տրուած նոր վստահութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ անոր սկզբունքներուն կենսական անհրաժեշտութիւնը:

Ազգային շահերը գերադաս համարող հայ մարդուն համար, ամէն պարագայի, նշանակալից է ու խրախուսիչ այս յաղթանակը:

Պ. Ս.

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (16 Մարտ 2018)

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?