ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ձեր թուղթերը եւ թղթածրարները շարեցէք ու դասաւորեցէք: Նեղ կացութենէն դուրս գալու համար պէտք ունիք այլոց մասնագիտութեան: Մինակ մի՛ մնաք: Սրբագրեցէք ձեր սխալները:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Հանգիստի պէտք ունիք: Դրական շրջան է` քննարկումներ կազմակերպելու եւ տարբեր աշխատանքներ կատարելու: Ճկուն եղէք հարցերու լուծման մէջ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Համարձակ քայլ մը պիտի առնէք: Ձեր ներկայութիւնը ուշագրաւ պիտի ըլլայ եւ կարծիքը` կարեւոր: Ընտանիք-ասպարէզ առանցքին մէջ կը գտնուիք: Գիտցէք ներդաշնակել երկուքը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր հակառակորդին հետ հասկացողութեան գալու եւ կապեր ամրապնդելու յարմար ժամանակն է: Համոզելու մեծ կարողութիւն ունիք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Դժուար ու նեղ կացութեան մէջ մի՛ դնէք դուք ձեզ: Ձեզի հարկաւոր է թեթեւ ու առօրեայ աշխատանք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Դասաւորեցէք ձեր գործերը: Յամար չէ յետաձգել կամ ուշացնել ձեր գործը: Կրկնապատկեցէք ձեր աշխատանքի ժամերը: Մի՛ տկարանաք պարտականութեան եւ քննութեան առաջ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Վերատեսութեան պիտի ենթարկէք ձեր գործերը: Պիտի հանգչիք կարգ մը հարցերու լուծումով:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Զայրոյթ եւ նեղութիւն պիտի զգաք: Պիտի չկարենաք կեդրոնանալ ձեր գործին մէջ: Օրէնքը յարգեցէք: Ձեր յամառութիւնը վնասակար է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր հանգիստը հետզհետէ պիտի վերագտնէք: Շինիչ քայլ մը պիտի առնէք: Նիւթական եւ պետական թուղթերու մասին պիտի քննարկէք: Սերտեցէք մանրամասնութիւնները ու մի՛ աճապարէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր վախերը մէկ կողմ դրէք, նոյնիսկ եթէ ճնշում զգաք: Արկածախնդրութեան մի՛ ենթարկէք ձեր անունը: Մի՛ յոգնիք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր դիրքը լաւացուցէք: Առօրեայ պատասխանատուութիւններ եւ պարտականութիւններ ունիք: Ասպարէզի գետնի վրայ յուսատու շրջան մըն է այս: Արթուն եւ դասաւորուած եղէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Փոփոխական նկարագիր մը ունիք եւ` խանգարուած տրամադրութիւն: Ձեր ջիղերը զսպեցէք եւ հանդարտ մնացէք: Մի՛ ուշանաք, կանուխ աշխատանքի գացէք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է:
