Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (16 Մարտ 2018)

Մարտ 16, 2018
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ» ՖՈՆՏ

ԿՈՉ

Սիրելի՛ հայրենակից,

«Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին դիմած է 42 տարեկան ընտանիքի մայր մը, որ երեք ամիսներէ ի վեր լեարդի բարդ հիւանդութենէ կը տառապի:

Ան լեարդի պատուաստումի համար Ֆրանսա պիտի փոխադրուի:

Նախնական ծախսերը կը նախատեսուին 255.000 եւրօ:

Ընտանիքին եւ հարազատներուն ճիգերով հաւաքուած է որոշ գումար մը: Սակայն ծախսերը ամբողջացնելու համար անհրաժեշտ կարիքը կայ ձեր նուիրատուութիւններուն:

Այս իմաստով դարձեալ ձեզի կը դիմենք, սիրելի՛ հայրենակիցներ` լիայոյս ըլլալով, որ պիտի ընդառաջէք «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտի կոչին:

Վստահ եղէք, որ ինչպէս նախորդ կոչերուն, այս անգամ եւս ձեր նուիրատուութեամբ կեանք մը փրկած պիտի ըլլաք:

Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել ԱՖՀԻԼ-ի, «Ճինիշեան»-ի եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոններուն մէջ:

ՄԻՋԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

—————————————-

ՀՍԿՈՒՄ ԵՒ Ս. ԽԱՉԻ ՕԾՈՒՄ`
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն, թէ ուրբաթ, 16 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, պիտի կատարուի Հսկումի արարողութիւն եւ Ս. խաչի օրհնութիւն ու օծում` մասնակցութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսչութեան եւ սաներուն, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ:

Հսկումին պիտի նախագահէ եւ Ս. խաչի օծումը կատարէ

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Հրաւիրուած են մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————-

ՀՍԿՈՒՄԸ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ուրբաթ, 16 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Հսկումի արարողութեան պիտի նախագահէ եւ քարոզէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲՂՅ. ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Հսկումի արարողութեան եւ լսելու հայր սուրբին պատգամը:

Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————-

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ Ս. ԱՋԵՐՈՒ ԹԱՓՕՐ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապի տօնին եւ Անթիլիասի ուխտի օրուան առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, հովանաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, տեղի պիտի ունենան հետեւեալ արարողութիւնները.

12-17 ՄԱՐՏ

. Ամէն օր երեկոյեան հսկում` ժամը 5:00-ին:

. Շաբաթ, 17 մարտին Ս. եւ անմահ պատարագ` առաւօտեան ժամը 9:30-ին:

. Շաբաթ, 17 մարտին Հսկումի արարողութիւն` երեկոյեան ժամը 7:00-ին:

ԿԻՐԱԿԻ, 18 ՄԱՐՏ

Պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն պիտի հետեւի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով գլխաւորուած սրբազան մասունքներու թափօրը` Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ` մասնակցութեամբ միաբան հայրերու եւ քահանայից դասուն:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Յունաստանի հայոց թեմին

Արարողութեանց եւ թափօրին պիտի հանդիսապետէ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Ս. եւ անմահ պատարագին երգեցողութիւնը պիտի կատարուի կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի:

Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, մայր տաճարին մէջ, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով պիտի կատարուի ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն, որմէ ետք հաւատացեալներ աջահամբոյրով պիտի ստանան Ս. Լուսաւորիչի Աջին օրհնութիւնը` զօրացնելու համար իրենց լուսաւորչահաստատ հաւատքը:

Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մասնակից դառնալու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի տօնին, Կաթողիկոսարանի ուխտի օրուան եւ մասունքներու թափօրին:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

—————————————-

ՈՒԽՏԻ ՕՐ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ
ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ

Կիրակի, 18 մարտ 2018-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապի տօնին առիթով, բարձր հովանաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. եւ անմահ պատարագ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աջով ու սուրբերու նշխարներով հանդիսաւոր թափօր:

Իւրայատուկ այս առիթով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը խուռներամ մասնակցութիւն բերելու Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք սուրբ պատարագին եւ հանդիսաւոր թափօրին:

Այս առիթով կիրակի, 18 մարտ 2018-ին, թեմիս եկեղեցիներուն մէջ Ս. պատարագը պիտի աւարտի ժամը 10:00-ին, որպէսզի ժողովուրդը ուղղուի դէպի Անթիլիասի մայրավանքը:

Դիւրացնելու համար թեմիս հաւատացեալ ժողովուրդին դէպի Անթիլիաս երթեւեկը, վերոյիշեալ վայրերուն մէջ տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք դէպի Անթիլիաս պիտի ուղղուին առաւօտեան ժամը 10:00-ին.

1.- Ս. Յակոբ եկեղեցի
2.- Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
3.- Ս. Գէորգ եկեղեցի (Հաճըն)
4.- Ս. Յարութիւն եկեղեցի (Ռըմէյլ)
5.- Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
6.- Ս. Աստուածածին եկեղեցի
7.- Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
8.- Ս. Սարգիս եկեղեցի
9.- Լէյլաւան, Ֆանար
10.- «Էհլան» կեդրոն, Ռաուտա

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

—————————————-

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ
ԿՈՄԻՏԱՍ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ – ՊԷՅՐՈՒԹ
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

Մասնակցութեամբ հայրենի երգչուհի`
ՍԹԵՖԱՆԻ ՔՈՉԱՐԵԱՆի
Սոփրանօ
եւ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «Բ. ԿԱՆԱՉԵԱՆ» ԵՐԱԺՇՏԱՆՈՑԻ ԵՌԵԱԿին
(ջութակ` Յովիկ Քարախանեան          
թաւջութակ` Նայիրի Ղազարեան
դաշնակ` Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան)

Ուրբաթ, 16 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի Ն. Փալանճեան կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ, Զոքաք էլ Պլաթ, Պէյրութ:

—————————————-

«ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ»
ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ

Կը ներկայացնէ`

ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆի

ՔԱՂԱՔԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ
Երաժշտախառն կատակերգութիւն

Բեմադրութիւն`
ՎԱՐԴԱՆ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

6, 17, 18 մարտ 2018, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:

Տոմսերը ստանալ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի վարչութեան անդամներէն, ՀԵԸ-ի կեդրոնական գրասենեակէն, «Տեմիրճեան» կեդրոն, Նաքքաշ, հեռ. 04-523043 եւ ելոյթներուն օրը կիշէէն:

 

—————————————-

ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ

ՅԱՏՈՒԿ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
1 ՄԱՐՏ 2018

ԿՈՉ

«Կարենայիր դուն եթէ բարձրացնել քեզի հետ…
Բարեկամներ` որ մէկտեղ կ՛ուզեն, կը զգան, կը խորհին
Անկարելին, կարելին…»:

«ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄ» Վահան Թէքէեան 1878-1945

Սիրելի՛ հայորդիներ,

Գերզգայուն սրտով ու համամարդկային մտքով օժտուած` 140-ամեայ մեր քնարերգակ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի անժամանցելի այս տողերը բնաբան ընտրած ենք իրականացնելու յունիս 2017-ին, «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի 30-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին, հանրութեան կատարած մեծ խոստումը` կերպեր որոնելու եւ նոր առիթներ ստեղծելու, որպէսզի մեր ընկերութեան անդամները առաւել իրարու փարին, իրար գրկեն եւ իրար ամբողջացնեն:

Այսպէս ըրաւ հարիւր տարի առաջ մեր ազգը Սարդարապատի մէջ ու յաջողեցաւ ստեղծել առաջին հայկական անկախ հանրապետութիւնը:

Այո՛, մտերմիկ ծանօթացում, ապա համագործակցութեան ծրագիրներու մշակում եւ իրականացում` աշակերտական, միութենական, եկեղեցական, անձնական եւ խմբային մակարդակներու վրայ, որպէսզի Ազգային առաջնորդարանի` կեդրոնիս տրամադրութեան տակ դրած նախկին Աքսոր Գասարճեան վարժարանի մանկապարտէզի բաժինը վերականգնենք իբրեւ մեր աշակերտութեան դաստիարակչական կարիքները գոհացնող տիպար կեդրոն:

Բոլորիս աջակցութեամբ` 1 մարտ 2018-ը մեկնակէտ նոր ծրագիրներու:

«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆ

—————————————-

ԾԱԽՈՒ ՇՔԵՂ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Նորակառոյց, 7 յարկանի շէնք, իւրաքանչիւր յարկ մէկ յարկաբաժին, 210 քառ. մեթր, 3 ննջասենեակ, 2 հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, ընդարձակ խոհանոց, սպասուհիի սենեակ, լայն պատշգամներ, մթերանոց + ջրհոր + անձնական կառատուն:

Գեղատեսիլ դիրք:

Հասցէ Զալքա, «Պիպլոս» դրամատան անկիւնադարձէն վեր, Հարպոյեան շէնքերու կից:

Դիմել` հեռաձայն 01-324172 կամ 76-568201 թիւերուն:

—————————————-

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Ժեհթաուի, «Սէն Մարք»-էն առաջ, մայր պողոտայի վրայ: 2 ննջասենեակ, ճաշասենեակ, հիւրասենեակ + 2 բաղնիք + 3 պատշգամ: 2-րդ յարկ, գեղատեսիլ դիրք: Դիմել` հեռ. 70-170408:

—————————————-

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Անթիլիաս, Մզհեր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրին ետեւ, 160 քառ. մեթր, 3 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, 3 բաղնիք, գեղատեսիլ եւ ծովահայեաց դիրք + վերելակ + կառատուն:

Դիմել` հեռ. 03-893732:

—————————————-

 ԾԱԽՈՒ ՇԷՆՔ

Այնճարի Մէջ, 3 Յարկանի, Գին` 225000$: Դիմել` Հեռ. 03-321252:

—————————————-

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 3 ՄԱՅԻՍ 2018-ԻՆ

. ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

4 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ
ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

19 ՄԱՅԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

15 ՅՈՒՆԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ

25 ԵՒ 26 ՅՈՒՆԻՍ 2018

Նախորդը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Շաբաթավերջին Կ՛աւարտին Բ. Դասակարգի Ախոյեանութեան Մրցումները

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1968)

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (15 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 15, 2025
Յայտարարութիւններ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (13 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?