Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԱՐ ՖԱԹՈՒԱՅԻ ՄԷՋ «ԱՌԱՆՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՉ ՄԷԿ ՀԱՐՑ ԿԱՐԵԼԻ Է ԼՈՒԾԵԼ» ՇԵՇՏԵՑ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

November 15, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երեսփոխան Բագրատունի եւ Նազարեան` միւֆթի Քապպանիի հետ հանդիպման ընթացքին

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Արթիւր Նազարեանի, երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը կայացաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի հետ:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ յայտնեց, որ այցելութեան նպատակն էր Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորել միւֆթի Քապպանին, ինչպէս նաեւ անոր շուտափոյթ ապաքինում մաղթել:

Յ. Բագրատունի դրուատեց միւֆթի Քապպանիի կեցուածքները` զանոնք նկատելով ազգային կեցուածքներ, որոնք անհրաժեշտ կը նկատեն լիբանանցիներուն միջեւ հաւասարութիւնը, փոխադարձ յարգանքը, զիրար չջնջելու եւ շրջանային մտահոգիչ կացութենէն զգուշանալու կարեւորութիւնը:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանի եւ լիբանանեան միասնականութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներքին կացութիւնը ամրապնդելու առումով ՀՅԴ-ի կեցուածքները կը համապատասխանեն միւֆթի Քապպանիի կեցուածքներուն:

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը համոզուած է, որ առանց լիբանանեան միասնականութեան ոչ մէկ հարց կարելի է լուծել: Լիբանանի մէջ մեծամասնութեան կամ փոքրամասնութեան վստահելով կարելի չէ հարցեր լուծել, այլ` լիբանանցիներուն միասնականութեամբ եւ անոնց միատեղ ջանքերով: Ի վերջոյ, եթէ մենք չկարենանք մեր ճիգերը մէկտեղել եւ միացեալ աշխատանք տանիլ, ապա անկարելի պիտի ըլլայ պաշտպանել Լիբանանի ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Պատասխանելով Լիբանանի վրայ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն ունենալիք հաւանական ազդեցութիւններուն մասին հարցումի մը` երեսփոխան Բագրատունի մաղթեց, որ նման որեւէ պարագայի, Լիբանան պատրաստ ըլլայ պաշտպանելու ինքզինք: «Սուրիոյ մէջ իրադարձութիւններուն սկիզբը ներքին պատճառներով արձանագրուած է եւ  սուրիացի քաղաքացիներուն կողմէ բարեկարգումի պահանջներուն իբրեւ հետեւանք: Այս ծիրին մէջ, սակայն, նախագահ Պաշշար Ասատ բազմիցս հաստատած է, որ կան սխալներ ու բացթողումներ: Բայց եւ այնպէս, Սուրիոյ զարգացումները մտահոգիչ են, իսկ անոր դէմ Արաբական լիկայի որոշումէն ետք մենք որոշ ամպեր կը նշմարենք եւ անհրաժեշտ կը նկատենք մենք զմեզ համոզելու, թէ այդ ամպերը Լիբանանի վերեւ պիտի չանձրեւեն», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Անդրադառնալով Լիբանան ապաստանած սուրիացի գաղթականներու հարցին` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան պարտականութիւնն է օժանդակել անոնց` հիմնուելով մարդկային իրաւունքներուն եւ սկզբունքներուն վրայ:

Պատասխանելով Պուրճ Համուտի զարգացումներուն մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ հարցը իր չափէն շատ աւելի մեծ ձեւով ներկայացուեցաւ` աւելցնելով, որ խորքին մէջ այդ հարցը բոլոր քաղաքապետութիւններուն կողմէ իրենց սովորական աշխատանքներուն եւ վարձքերու վերաբերող տնօրինումներուն կը վերաբերի: «Սակայն դժբախտաբար այդ հարցը քաղաքականացաւ եւ վերածուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին եւ անոր բնակչութեան դէմ ամբաստանութիւններու: Խորքին մէջ բոլորին համար ծանօթ է, որ Պուրճ Համուտը համերաշխութեան եւ գոյակցութեան օրինակելի վայր մըն է, որ կ՛ընդգրկէ բոլոր համայնքներուն, կուսակցութիւններուն եւ ազգերուն պատկանող մարդիկ, սակայն կարեւորագոյնը այն է, որ մենք գիտնանք, թէ ինչպէ՛ս կարելի պիտի ըլլայ պահպանել այդ գոյակցութիւնն ու համերաշխութիւնը», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Նոյն թղթածրարին շրջագիծին մէջ, երեսփոխան Բագրատունի աւելցուց, որ քաղաքապետարանն ու ապահովական կառոյցները կը ներկայացնեն լիբանանեան պետութիւնը, «իսկ լիբանանեան բանակն ու ներքին գործոց նախարարը այդ մասին խօսեցան, եւ ես համոզուած եմ, որ հարցը փակուած է եւ կարիք չկայ զայն քաղաքականացնելու ու չարաշահելու», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

ՄԱՄԼՈՅ 63-ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ. ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՔԵՄԱԼԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑԵՑ ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՅԻ ԵՒ ՔԻՐԻԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.