Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՄԼՈՅ 63-ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ. ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՔԵՄԱԼԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑԵՑ ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

November 15, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ»-ին, երէկ` երկուշաբթի, 14 նոյեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մամլոյ 63-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Խորհրդային Հայաստանը եւ քեմալականները»: Դասախօսութիւնը ներկայացուց հայրենի լրագրող, «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեան:

Հանդիսութեան բացման խօսքը կազմակերպիչներուն անունով արտասանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ նշեց, թէ լսարանին նիւթին կարեւորութիւնը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ լուսարձակներ կը սփռէ հայոց ժամանակակից պատմութեան վերջին հարիւրամեակէն կարեւոր ժամանակահատուածի մը վրայ: Յակոբեան աւելցուց, որ հետաքրքրական է իմանալ, թէ ընդհանրապէս Խորհրդային Միութեան եւ մասնաւորաբար Խորհրդային Հայաստանի վարիչները ինչպիսի՛ մօտեցում ունէին քեմալական Թուրքիոյ հակահայ կեցուածքներուն նկատմամբ:

Թաթուլ Յակոբեան

Ապա խօսք առաւ օրուան զեկուցաբեր Թաթուլ Յակոբեան, որ նշեց, թէ ինք հարցերը քննութեան առարկայ կը դարձնէ լրագրողի աչքով դիտուած: Ան ըսաւ, որ 1920-ին պոլշեւիկները կ’ենթադրէին, որ եթէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հեռանայ իշխանութենէն, այն ատեն քեմալականները հայերուն նկատմամբ պիտի ունենային լաւ վերաբերմունք:

Յակոբեան նշեց շարք մը համաձայնագիրներ, որոնց ճամբով հայկական կողմը կը փորձէր քեմալականներէն եւ պոլշեւիկներէն նուազագոյն պայմաններու մէջ գտնել հողային հարցերուն լուծումներ: Ան աւելցուց, որ վերջին փորձը կատարուած է 1999-ին, երբ հայ եւ ամերիկացի դիւանագէտներ քննարկած են Անին վերադարձնելու կարելիութիւնը:

Դասախօսը յայտնեց, որ թուրք-յունական պատերազմին քեմալականները կը ներկայացուին իբրեւ հայ պոլշեւիկներու բարեկամները, եւ երբ պատերազմին թուրքերը կը յաղթեն, ապա հայ պոլշեւիկները կը փոխանցեն իրենց շնորհաւորութիւնները:

Թաթուլ Յակոբեան շեշտեց, որ իրողութիւնը ցաւալի է եւ տհաճ, սակայն այս է իրականութիւնը, եւ պէտք է ճանչնալ պատմութիւնը, որպէսզի չկրկնուին նոյն սխալները: Ան նշեց, որ Խորհրդային Հայաստանի մէջ քեմալականները Երեւանի մէջ ունէին իրենց դեսպանը, մինչ Գիւմրիի մէջ` հիւպատոս մը: Այս շրջագիծին մէջ, առաջնորդուելով նշուած եւ շարք մը այլ տուեալներէ, Յակոբեան հաստատեց, որ հայ պոլշեւիկներու եւ քեմալական թուրքերու միջեւ յարաբերութիւնները բնականոն ընթացք ունէին:

Յակոբեան այդ յարաբերութիւններուն ընթացքին արձանագրուած շարք մը դէպքեր լուսարձակի տակ առաւ եւ ներկայացուց այդ օրերու խնդիրներուն շուրջ մամուլին արձանագրութիւններն ու անդրադարձները: Ան ըսաւ, որ 1923-ին խումբ մը հայեր յարձակած են Երեւանի մէջ թրքական դեսպանատան վրայ եւ վար իջեցուցած են թրքական դրօշը: Թաթուլ Յակոբեան աւելցուց, որ այս միջադէպին մասին տեղեկութիւններ կարելի է գտնել Պոլսոյ «Ճակատամարտ» թերթին մէջ, ինչպէս նաեւ այդ օրերու մամուլի էջերուն մէջ:

Տակաւի՛ն, Թաթուլ Յակոբեան ըսաւ, որ հայ համայնավարները տարբեր առիթներով խմած են Ստալինի եւ Աթաթուրքի կենացը, եւ այս գծով բազմաթիւ արձանագրութիւններ պահուած են:

Իր խօսքի աւարտին Յակոբեան նշեց, որ մօտիկ ապագային լոյս պիտի տեսնէ իր գիրքը, որուն վերնագիրն է «Հայեացք Արարատից` հայերը եւ թուրքերը (1918-2011)», որ կ’անդրադառնայ լսարանի նիւթին եւ այս ծիրին մէջ առկայ բոլոր խնդիրներուն:

Դասախօսութենէն ետք Թաթուլ Յակոբեան լսեց ներկաներուն կարծիքները եւ պատասխանեց շարք մը հարցումներու` նիւթին շուրջ փոխանցելով յաւելեալ տեղեկութիւններ:

 

 

Նախորդը

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՆԻՍՏԻ ՄԸ

Յաջորդը

ՏԱՐ ՖԱԹՈՒԱՅԻ ՄԷՋ «ԱՌԱՆՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՉ ՄԷԿ ՀԱՐՑ ԿԱՐԵԼԻ Է ԼՈՒԾԵԼ» ՇԵՇՏԵՑ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.