Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Մարտ 1968)

Մարտ 15, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅ Դաշնակցութեան
Ազգային Քաղաքականութիւնը

Պիտի անդրադառնանք Դաշնակցութեան որդեգրած ազգային քաղաքականութեան` սփիւռքի մէջ:

ՀՅ Դաշնակցութեան նշանաբանն է` ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար:

Իր առաքելութիւնն է` բոլորանուէր ծառայել ժողովուրդին եւ բաժնել  անոր մտահոգութիւնները, տուայտանքներն ու բերկրանքները:

Որպէս առաջադրանք` պահպանել աշխարհացրիւ հայութեան ազգային գոյութիւնը, եւ արթուն պահել անոր մէջ ազգային գիտակցութիւնը:

Ան խոր հաւատք ունի հայ ժողովուրդի շինարար բազուկին, ստեղծագործ ոգիին եւ մտքի թռիչքին վրայ:

Ան կը պաշտէ իր ժողովուրդը եւ պատրաստ է ամէն ինչ զոհել ու զոհաբերել յանուն անոր բարօրութեան, ապահովութեան եւ յառաջդիմութեան:

Գուրգուրանքով ու գորովով կը պահպանէ հայկական աւանդութիւններն ու կենցաղը, դիւցազներգութիւնն ու հերոսականը, մշակոյթն ու եկեղեցին, դպրոցներն ու արուեստը:

Դաշնակցութիւնը հայածին է եւ հայաշունչ` իր անցեալով ու ներկայով:

ՀՅ Դաշնակցութեան ազգային քաղաքականութիւնը խտացումն է այդ ոգիին եւ մտածումներուն: Ան իր ազգային քաղաքականութիւնը կը վարէ անխտրական ոգիով եւ համազգային ըմբռնումով:

Ո՛չ յարնուանական տարբերութիւններ կը ճանչնայ եւ ո՛չ ալ խտրութիւն կը դնէ աշխարհականի եւ հոգեւորականի միջեւ: Կը բաւէ, որ ամէն հայ ազգային գիտակցութիւն ունենայ եւ տոգորուած ըլլայ ազգային գաղափարներով:

Միայն այդ ոգիով կազմակերպուած հայկական համայնք մը կրնայ պահել իր ազգային դիմագիծը եւ դիմագրաւել այն վտանգները, որոնք կը սպառնան իրեն օտար միջավայրերու մէջ:

Այդ նպատակով ալ Դաշնակցութիւնը կը սատարէ հայապահպանման նուիրական աշխատանքներուն եւ զօրավիգ կը հանդիսանայ ազգային առողջ տեսակէտի վրայ հիմնուած բոլոր նախաձեռնութեանց:

Ան կը ջանայ, որ մեր ազգային իշխանութիւններն ու մարմինները մնան իրենց ազգային դիրքերուն վրայ եւ արդարացնեն իրենց կոչումը:

Ան կ՛աշխատի, որ մեր ազգային-կազմակերպական կեանքին մէջ կիրարկուին ժողովրդավարական սկզբունքները, եւ ժողովուրդին ձայնը ու կամքը տիրող հանդիսանան:

Հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան հետ, Դաշնակցութեան համար նոյնքան կարեւոր է անոր բարոյական եւ մշակութային դիմագծի պահպանումը, որուն գլխաւոր ազդակներն են մեր եկեղեցիները եւ մեր դպրոցները:

Եկեղեցին` որպէս ազգային հաստատութիւն, եւ դպրոցները` հայապահպանման խարիսխներ:

«ԱՐՄԵՆԻԱ»

 

Նոթեր Ու Նետեր

Մաքուր Հայերէն
Ու Ճոխ Հայերէն

Արուեստագէտներու, մասնաւորապէս մելպեմոնեաններու մեկենաս, մեծ ճարտարապետ Յակոբ պէյ Պալեան սովորութիւն ունի եղեր աւելցնելու օրականները ա՛յն հայ գործաւորներու, որոնք հայերէն խօսած ատեն չէին գործածեր թրքերէն բառեր:

Աւա՜ղ ու աւա՜ղ, որովհետեւ հիմակ բազմաթիւ հայեր, թէ ՛ Հայաստանի, թէ արտասահմանի մէջ, եթէ ոչ իրենց օրականը, բայց իրենց վար ինկած վարկը բարձրացնելու համար կը գործածեն առատօրէն օտար բառեր:

Ահա հայաստանեան օրինակ մը` վարկ բարձրացնելու.

– Մի պոէտ, իրա պոէզիայի թեմաների մէջ չպէտք է լինի մոնոտոն.՞  նա հարկ է որ ունենայ թեմաներ վարիացիա, յագեցած սովետական ռէալիզմով եւ մարքս-լենինեան իտէներով:

Ահա ֆրանսահայկական նմուշ մը` յանուն բարձրացման վարկի: Խօսողը հայ երիտասարդ մայրիկ մըն է, որ իր մանչուկին կ՛ըսէ.

– Էքո՛ւթ, Ժան-Փիեռ, չեմ ուզեր քի ատ փիս չոճուխներուն հետ խաղաս: Ժը ռէփէթ վիրա քի չխաղաս ատ սալիկոներուն հետ: Ծօ՛, թամ ինատճի պապայիդ ելած ես: Հա՛, ժու ավէք Մարի-Ֆրանս, ավէք Մարի-Լուիզ: Տի, ավէք թուա ի՞նչ լեզուով խորաթելու եմ մի խաֆաթ մտնայ, էնպէսիլ:

Եւ ահաւասիկ երրորդ նմուշ մը. այս անգամ` պոլսական.

– Մենք` Իսթանպուլի հայերս, հալիս յուլիս հայճա կը խորաթենք: Ամա, հայճային ալ աշխարհաբարճան: Գրաբարճայի դէմ ենք: Մենք հայճային սաղ, հէմ տէ տիրի լեզուն կը խորաթենք կոր: Մենք չաթալ, սուֆրա, իսկէմրի, թապախ, թէնճիրէ, փենճիրէ կ՛ըսենք: Շէշիտ մը հայերու պէս սեղան, աթոռ, պնակ, պատառաքաղ, պատուհան չենք ըսեր: Ատանկ խորաթողները զէվզէկ, զուրուպի, զըրզոբ, չըթ քըրըլտըմ, թէրէեաղի, հափիթա հայերն են: Անոնք կը պարծենան կոր քի թէմիզ հայճա կը խորաթեն տէյի: Մենք ալ լիւքիւս, սալթանատլը հայերէն կը խորաթենք կոր, վէսէլամ: Իսթանպուլի մեր հայ ղազէթաճիները ըսես նէ, անոնք մենէ տահա լիւքիւս հայճա կը գրեն կոր: Անոնց գրածներուն մէջ ալաթուրքան ալաֆրանկային դէմը անցած` չիֆթէ թէլլի կը խաղայ ու կէօպէկ կը նետէ կոր:

***

Եթէ Յակոբ պէյ Պալեան հրաշքով մը ողջննար ու մերօրեայ ջոջ հայերուն նման շրջապտոյտ մը կատարէր Հայաստանի ու արտասահմանի հայոց մէջ, վստահաբար պիտի ըսէր.

– Հայերուն հայերէնը թէեւ մաքուր չէ, բայց քանիոն ճոխացած, ո՜րքան պերճացած է օտար բառերով: Օտարները մենէ շատ բան գողցած են ու դեռ շատ բաներ  իւրացնելու հետամուտ են, բայց մերիններն ալ աւարի տուած են մոնկոլներուն, մոսկոֆներուն, ֆարսիներուն ու ֆրենկներուն բառագանձերը: Ես այսօրուան հայերը ա՛լ անկարող եմ վարձատրել: Թող Ս. Մեսրոպը վարձատրէ զանոնք:

Ի՜նչ լաւ կ՛ըլլար, եթէ Ս. Մեսրոպ հայ բազմալեզուագէտներուն օրականը աւելցնէր:

Ծեծ ուտելու օրականը` անտարակոյս:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայ-Թրքական Դադրեցուած Արձանագրութիւնները Պէտք Է Դաս Ըլլան Հայաստանի Ղեկավարներուն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?